ԱՐԱՄ ԳԱՐԱՏԱՂԼԵԱՆ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄՆԻ ԱՆԴԱՄ

ԱՐԱՄ ԳԱՐԱՏԱՂԼԵԱՆ՝  ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄՆԻ ԱՆԴԱՄ

Հինգշաբթի, 29 Յուլիս 2021-ին, առաւօտեան ժամը 11:30-ին, Լիբանանի Կաթողիկէ վարժարաններու կեդրոնատեղիին մէջ, տեղի ունեցաւ Լիբանանի Կաթողիկէ դպրոցներու քարտուղարութեան նոր գործադիր մարմնի անդամներու ընտրութիւնը: 

Նշենք որ գործադիր մարմինը կը բաղկանայ ութ անդամներէ. չորսը՝ նշանակովի համախմբումին կողմէ այն դպրոցներուն, որոնք ամենաշատ աշակերտներ ունին, իսկ միւս չորսը՝ ընտրովի: Ընտրուած չորս անդամներէն մէկը Հայ Կաթողիկէ պատրիարքութեան ներկայացուցիչ եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ- Հարպոյեան Բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Պրն. Արամ Գարատաղլեանն է: Առաջին անգամն է որ այս գործադիր մարմնի անդամ կը նշանակուի հայ ներկայացուցիչ մը։ 

Նշենք նաեւ, որ Արամ Գարատաղլեան անդամ է միեւնոյն քարտուղարութեան ուսումնական յանձնախումբին եւ վերջերս նշանակուած է նաեւ Կաթողիկէ անգլիական թեքումով դպրոցներու ընդհանուր համակարգող: 

Յայտնենք, որ Լիբանանի Կաթողիկէ դպրոցներու ընդհանուր քարտուղարութիւնը կը համախմբէ Լիբանանի բոլոր Կաթողիկէ համայնքներու 320 վարժարանները, որոնց աշակերտութեան թիւը կը հասնի 180.000-ի: 

 «ՄԱՍԻՍ» ջերմօրէն կը շնորհաւորէ իր երբեմնի աշխատակիցներէն Պր. Արամ Գարատաղլեանը եւ անոր կը մաղթէ արդիւնաշատ գործունէութիւն։