ՈՐՊԷՍԶԻ ԿՈՉԵՑԵԱԼԸ ԸԼԼԱՅ ԻՍԿԱԿԱՆ ՀՈՎԻՒ (20 ամեակ Զմմառու Վանքի Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան Դպրեվանքի)

ՈՐՊԷՍԶԻ ԿՈՉԵՑԵԱԼԸ ԸԼԼԱՅ ԻՍԿԱԿԱՆ ՀՈՎԻՒ (20 ամեակ Զմմառու Վանքի Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան Դպրեվանքի)

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ


Հայոց պատմութեան էջերը լեցուն են մշակութային, քրիստոնէական ու հոգեմտաւոր արժէքներու պահպանութեան, ընդհանրապէս հայապահպանութեան եւ Հայ ժողովուրդի գոյերթին մէջ առաջին իսկ դարերէն մինչեւ այսօր Հայ Կղերականին կատարած յաճախ վճռորոշ դերակատարութեան մասին վկայութիւններով։ Այդ դերակատարութեան բնոյթը փոխուած է պատմութեան իւրաքանչիւր ժամանակահատուածի պայմաններուն ու պահանջներուն պարտադրանքով։ Բայց չէ փոխուած նպատակը։ Որպէս իսկական հովիւ՝ իր ամենալայն առումով Եկեղեցւոյ ճամբով ծառայել ժողովուրդին՝ ի խնդիր Ազգի՝ իբրեւ Հայ եւ Քրիստոնեայ յաւերժութեան։
Հայ հոգեւորականին վիճակուած այս պատմական առաքելութեան ջահը ճանապարհորդած է դարէ դար ու փոխանցուած է սերունդէ սերունդ շնորհիւ ազգապահպանման գործին մէջ Հայ Եկեղեցւոյ ու Հայ Կղերին վերապահուած պատասխանատուութեան կարեւորութեան Հայ ժողովուրդի գիտակցութեան։ Այս գիտակցութեամբ է որ Ազգին հոգեւոր եւ նաե՛ւ աշխարհական առաջնորդներուն առաջնահերթ մտահոգութիւններէն մէկը եղած է (պէտք է ըլլայ) կոչումներու խնդիրը, այլ խօսքով նոր հոգեւորականներու յայտնութիւնը եւ կազմաւորումը։ Այս մտահոգութիւնը աւելցած է մանաւանդ վերջին տարիներուն, եւ աւելի քան երբեք այսօր, որովհետեւ բերքի ծաւալին յարաճուն աճը զգալի դարձուցած է մշակներուն սակաւութիւնը։ Արդարեւ, տարիէ տարի բերքին ծաւալը եւ մշակներուն թիւը կ՛աճին հակադարձ համեմատութեամբ։ Մշակներու թիւին անբաւարարութիւնը պատճառ կը դառնայ որ տարուէ տարի աւելնայ թիւը այն մարդոց եւ յատկապէս երիտասարդներու, որոնք կը հետամտին ամբողջական այլասերման առաջնորդող օտարամուտ բարքերու, հեշտակեաց եւ հաճոյամոլ կեանքի, կը հեռանան իրենց արմատներէն, կը դառնան անտարբեր ազգային, քրիստոնէական, բարոյական արժէքներուն հանդէպ եւ աստիճանաբար կ’աղաւաղեն Ազգին դիմագիծը իրենց շրջապատէն ներս։ Այս պատճառով ալ, Հայ Եկեղեցին իր յատուկ ուշադրութեան եւ հոգածութեան առարկան դարձուցած է այս մշակներու պատրաստութեան լծուած հաստատութիւնները, որոնք կը կոչուին դպրեվանքեր։
Դպրեվանքերը սովորական կամ դասական հասկացողութեամբ ուսումնարաններ չեն։ Անոնք կոչուած են պատրաստելու եւ Ազգին մատուցանելու իրենց ամենալայն հասկացողութեամբ քրիստոնեայ մարդու եւ գիտակից Հայու տիպարներ։ Հոն է որ կը դարբնուին քրիստոնէական եւ ազգային արժէքներու կատարեալ գիտակցութեամբ օժտուած եւ այդ արժէքները տարածելու, Ազգին եւ Եկեղեցւոյ զաւակները այդ արժէքներով թրծելու կոչուած ապագայ քաջակորով Հովիւները, զորս կարելի չէ բաղդատել ժողովուրդին աշխարհական առաջնորդներուն հետ։
Բազմաթիւ են ու բազմատեսակ ազգ ու ժողովուրդ առաջնորդելու կոչուած անսքեմ հովիւները, ընտրեալ կամ պարտադրուած, ինքնակոչ կամ հովանաւորեալ, արժանաւոր կամ նոյնիսկ անարժան, բայց բոլոր պարագաներուն տակ անշահախնդրօրէն ամբողջ հօտին պատկանող եւ հօտին անխտիր իւրաքանչիւր անդամը յուզող խնդիրներով տագնապող։ Յամենայն դէպս, ինչպիսին ալ ըլլան անոնք չեն կրնար բաղդատուիլ հաւատացեալ ժողովուրդը հովուելու կոչուած հոգեւոր առաջնորդներուն հետ, որոնք Աստուծոյ Հօտին Հովիւը ըլլալու կոչումը ստացած են։ Ասոնք անհամեմատելի են։ Որովհետեւ, այդ կոչումը պատահական մարդու չի տրուիր։ Այդ կոչումի թեկնածուն պէտք է օժտուած ըլլայ այնպիսի ընդոծին շնորհներով եւ ապա ինքզինք օժտէ այնպիսի հոգեմտաւոր արժանիքներով, որ հօտը զինք իրաւամբ համարէ իր քաջակորով Հովիւը, անոր մէջ տեսնէ անձնուրաց, անբասիր, անշահախնդիր եւ իմաստուն առաջնորդը, եւ այս բոլորէն առաջ եւ վեր Աստուծոյ, Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի խոնարհ ծառան, որուն կրնայ ապաւինիլ։
Այդ ծառայութեան նուիրուելու առաջադրանքով դպրեվանքի նստարաններուն վրայ կամ անոր մատուռին մէջ իր ստացած մտային պաշարը ու հոգեւոր հարստութիւնը ժողովուրդի ծառայութեան մէջ դնելու, աւետարանելու, քարոզելու, բարոյախօսելու կամ յորդորելու համար, ապագայ Հովիւը դառնալու կոչուած ժառանգաւորը կարիքը ունի նաեւ տիրապետելու իր հոգեմտաւոր պաշարը հանրամատչելի դարձնելու եւ իրեն վստահուած ժողովուրդին հետ հաղորդակցելու միջոցներուն, որոնք բազմաթիւ են այսօր՝ շնորհիւ ժամանակակից արհեստագիտութեան։ Այդ միջոցները իրեն համար ժամանցային կամ զբօսանքային առարկաներ չեն, պէտք չէ՛ ըլլան։
Այս բոլորով հանդերձ, ընդհանրապէս հոգեմտաւոր ուսումնառութիւնը եւ Եկեղեցւոյ ուսուցումները բաւարար չեն արդարացնելու համար աստուածաշնորհ կոչումը, եթէ կոչեցեալը չտոգորուի եւ չառաջնորդուի իր առաքելութիւնը պսակող այն գիտակցութեամբ որ «քահանան պէտք չէ հետամուտ ըլլայ փողին» եւ որ «քահանաները չեն կրնար ըլլալ գործարարներ» ինչպէս ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Աղօթքի 58-րդ համաշխարհային օրուան առթիւ Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ գլխաւորած ինը սարկաւագներու քահանայական ձեռնադրութեան Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ: Ան ըսաւ որ քահանայութիւնը «ասպարէզ չէ, այլ ծառայութիւն» եւ որ «քահանաները պէտք է մօտիկութիւն, քնքշութիւն եւ կարեկցանք ցուցաբերեն իրենց վստահուած հօտին նկատմամբ»։ Այն ինչ որ ըսաւ Պապը կը նշանակէ նաեւ որ քահանային ստանձնած կամ անոր վստահուած պարտականութիւնները չեն կրնար ժամանցային ըլլալ, այլ կ՛ենթադրեն պատասխանատուութիւն եւ յանձնառութիւն։
Անկախ այն բոլոր հոգեմտաւոր գիտելիքներէն եւ Եկեղեցւոյ ուսուցումներէն զորս բարձրագոյն ուսումնարաններու կամ դպրեվանքերու նստարաններուն վրայ պիտի ամբարէ քահանայութեան թեկնածուն, ան «յաւիտեան քահանայ» եւ իսկական հովիւ դառնալու համար բոլոր վիճակներուն մէջ, հեռու աշխարհիկ կեանքի բարքերէն, պէտք է գործէ ժողովուրդին ծառայութեան նուիրուելու գիտակցութեամբ՝ արդարացնելու համար իր կոչումը։ Անոր օրինակը պէտք է մանաւանդ վարակիչ ըլլայ իր շրջապատէն ներս, որպէսզի զինք շրջապատող նոր սերնդականներ ուզեն օրին մէկը իրեն նմանիլ, իրեն նման դառնալ Եկեղեցւոյ ճամբով ազգին եւ ժողովուրդին ծառայութեան նուիրեալներ, զգա՛լ այս առաքելութեան նուիրուելու աստուածակոչ ձայնը, կոչումը։

11 / 05 / 2021