ՎԱՐԴԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Բզնունեաց ծովակի հարաւ արեւելեան ջուրերուն մէջ կը տարածուի գեղատեսիլ կղզին Աղթամարի։
Դարերը հոն թողած են չքնաղ էջեր յիշատակութեան արժանի.
‒ Տխրանուշ սիրավէպը գեղեցիկն Թամարի, արքայադուստրը հայոց Արտաշէս թագաւորին.
‒ Ռշտունիներու նախարարական տոհմին ամրոցը, որ 7-րդ դարուն ռազմակեդրոնը հանդիսացաւ Թէոդորոս Ռշտունի հայ իշխանին, արաբական տիրակալներուն հետ իր վարած դիւանագիտական բանակցութիւններուն համար՝ ի նպաստ Հայաստանի ներքին ինքնուրոյնութեան.
‒ Ի վերջոյ, 10-րդ դարուն, Գագիկ Արծրունի թագաւորին ձեռնարկած մեծղի շինութիւնները, որոնք պիտի կերպարանափոխեն կղզին շէն ու կենսունակ քաղաքի մը, շնորհիւ յատկապէս թագաւորին ընտրած այդ ժամանակի փորձառու ճարտարապետներուն, որոնցմէ ամէնէն տաղանդաւորն էր Մանուէլ. «Այր լի իմաստութեամբ եւ զօրաւոր ի գործս իւր» (Թովմաս Արծրունի, Պատմութիւն Տանն Արծրունեաց, էջ 297, Ս. Պետերսբուրգ, 1887)։
Արդէն Մանուէլի մտայղացումն ու ստեղծագործութիւնը պիտի ըլլայ Ս. Խաչ գեղակերտ տաճարը, որ Գագիկ կառուցանել կու տայ 915-921-ի ատենները, անկասկած ընդառաջելով հայ եկեղեցականներու խնդրանքին։
Ծաղկածութեան տարիներ խուսափական…
Վաղուց չկայ Արծրունի թագաւորը Գագիկ։ Ու հետզհետէ եկեղեցական ու գահակալական երկպառակումներ պիտի պարտակեն հորիզոնը Աղթամարի ծովակին։
Հայոց պատմութեան էջերը կ’աւանդեն, թէ 1113-ին հայ կաթողիկոսութեան գահաթոռին կը բազմի Գրիգոր Գ. Պահլաւունի յորջորջուած, որ Գրիգոր Վակայասէր կաթողիկոսին քրոջ որդին էր ու երէց եղբայրը՝ Ներսէս Շնորհալիի։
Սամուէլ Անեցի պատմագիրը (ԺԲ դար) կը ստորագծէ, թէ Գրիգոր Գ. էր «Տղայ հասակաւ՝ ԺԵ ամաց», այսինքն՝ 15 տարեկան (Սամուէլ Անեցի, Հաւաքմունք ի գրոց պատմագրաց, կամ՝ Ժամանակագրութիւն, հրտ. Արշակ Տէր Միքելեան, էջ 124, Վաղարշապատ, 1893)։
Կաթողիկոսին դեռատի տարիքը պատճառ կը դառնայ աննախընթաց ու խոր փեռեկումի, որու պարագլուխը պիտի ըլլայ Դաւիթ Արծրունի արքեպիսկոպոսը Աղթամարի։
Վերոյիշեալ հոգեւորականը՝ միշտ անկախ կաթողիկոսութեան հետամուտ, ազգակցութիւն ունէր Վասպուրականի թագաւորութեան (908 թուական) հիմնադիր՝ Արծրունիներու նախարարական տոհմին հետ։
Գրիգոր Գ. Պահլաւունի կաթողիկոսին շրջանակէն կը տրուի հատու պատասխան, մերժելով մատղաշ տարիքի հարցը՝ իբրեւ անհամատեղելի հանգամանք կաթողիկոսական պաշտօնին ։
Նոյն շրջանակէն կ’առարկուի, նաեւ, թէ անցեալին եղած է նախադէպ մը, երբ Գրիգոր Լուսաւորիչ իր զաւակներէն Վրթանէսի երիցագոյն որդին Գրիգորիսը՝ տակաւին մանկատի՝ Աղուաններու կաթողիկոս կը ձեռնադրէ։
Այս հարցին նկատմամբ, Փաւստոս Բիւզանդ (Դ-Ե դար) կը պատմէ. «Իբրեւ եկաց սա (այսինքն՝Վրթանէսի որդին) յիւրում պաշտամանն, մինչդեռ մանուկն եւս էր…» (Փաւստոս Բիւզանդ, Հայոց Պատմութիւն, Դպրութիւն երրորդ, Գլ. Զ, էջ 24, Երեւանի Համալսարանի Հրատարակչութիւն, 1987, Երեւան)։
Իսկ Մովսէս Խորենացի բացայայտ կերպով «զմանուկն Գրիգորիս» կ’անուանէ. « … Նրանց եպիսկոպոս է տալիս մանուկ Գրիգորիսին՝ Վրթանէսի աւագ որդուն»։ Ու Հայոց Պատմահայրը կը շեշտէ. «Թէպէտ նրա անչափահասութեան պատճառով՝ այս բանը կանոնի դէմ էր համարւում…» (Մովսէս Խորենացի, Հայոց Պատմութիւն, Գիրք երրորդ, Գլուխ Գ. թրգմ. Ստ. Մալխասեանց, «Հայաստան» հրատարակչութիւն, էջ 241, Երեւան,1968)։
Մատթէոս Ուռհայեցի ժամանակագիրն ալ (ԺԲ դար) պիտի անդրադառնայ Պահլաւունի Կաթողիկոսին ձեռնադրութեան. «…Եւ հրամանաւ Հոգւոյն ձեռնադրեցին զԳրիգորէս եպիսկոպոս ի վերայ ամենայն տանն Հայոց. եւ ի նմին աւուր տան զձեռնադրութիւն կաթողիկոսութեանն ի վերայ աթոռոյ սրբոյն Գրիգորի։ Եւ նստաւ ի հայրապետական աթոռն մինչ էր ի տղայութեան հասակին. վասն զի չեւ եւս լեալ էր սկիզբն մօրուացն» ( Մատթէոս Ուռհայեցի, Պատմութիւն, Ի Տպարանի Առաքելական Աթոռոյ Ս. Յակովբեանց Յերուսաղէմ, 1869, էջ 412 )։
Գիտակ ու բանիմաց պատմաբան Վրէժ Վարդանեան, երկու տասնամեակ առաջ իր ուսումնասիրութիւններուն մէջ ուշագրաւ նշմար մըն է թողած. «Պատեհ առիթից օգտուեց Աղթամարի Արքեպիսկոպոս Դաւիթը, որը պատրուակելով Գրիգոր Գ.-ի դեռահաս տարիքը, նոյն թուին իր կողմնակից հինգ եպիսկոպոսների կողմից, Վան քաղաքից ոչ հեռու գտնուող Ձորովանքում ձեռնադրուեց կաթողիկոս։ Դաւիթը յաւակնում էր բազմել Հայոց ընդհանրական Աթոռին» (Վրէժ Վարդանեան, Աղթամարի կաթողիկոսութեան հիմնադրման շուրջ, Պատմա-բանասիրական հանդէս, 6 Օգոստոս 2010, թիւ 2, էջ 72)։
Ձորովանքը իբրեւ ձեռնադրութեան վայր խորհրդական նշանակութիւն մը կ’ընդգրկէր, որովհետեւ «Այդ վանքում էին Գրիգոր Լուսաւորչի պատարագի սեղանը, գաւազանը, մաշկեղէն գօտին, Հռիփսիմէ կոյսի հողաթափը եւ դաստառակը (շղարշը), նաեւ արիւնոտ պարեգօտը» (Անդ, էջ 73)։
Հայ երկու պատմագիրներ կը վկայեն, թէ վերոյիշեալ սրբութիւնները «Ի ժամանակս հալածանացն» պահուած մնացին «Ի կղզին Աղթամարայ» (Վարդան վարդապետ պատմիչ, Հաւաքումն պատմութեան, Վենետիկ, 1862, էջ 116, ինչպէս նաեւ՝Թովմաս Արծրունի եւ Անանուն, Պատմութիւն Տանն Արծրունեաց, Ս. Պետերսբուրգ, 1887, էջ73)։
Եւ այսպէս, ուրեմն, սկիզբ կ’առնէ Աղթամարի կաթողիկոսութիւնը որպէս ինքնուրոյն Աթոռ ու կը տեւէ մինչեւ 1895։ Հոլովոյթ մը երկար դարերու, որոնց ընթացքին պատկառելի կաթողիկոսներ իրենց հոգեղէն դրոշմը այդ Աթոռին պիտի կտակեն։
Գրիգորիս Ա. Աղթամարցի այդ գերազանց դէմքերէն է, որ կը ցայտէ ԺԶ դարու կէսին։ Շնորհապարգեւ հոգեւորական, 1512-ին պիտի դառնայ 16-րդ կաթողիկոսը Աղթամարի Աթոռին (Հ. Ն. Ակինեան, Գաւազանագիրք կաթողիկոսաց Աղթամարայ, 1920, Վիեննա)։
Պիտի ստանձնէ այդ պաշտօնը պատմական փոթորկայոյզ դարու մը մէջ, երբ իր գահակալութեան 32 տարիներէն՝ քսանութ տարի Հայաստան պիտի ապրի օտար ու վայրագ տիրակալներու մահախորշակ խուժումներէն մտրակուած. «ԺԶ դարու այն ժամանակաշրջանում՝ երբ Հայաստանը արիւնահեղ ընդհարումների թատերաբեմ էր դարձել, ահա՛ այդ դարուն, մեր ժողովուրդը ստեղծեց նոյնպէս խոշոր կրթական ու մշակութային արժէքներ, եւ այդ մշակութային արժէքներից ամենակարեւորը մեզ համար Գրիգորիս Աղթամարցի երեւոյթն է», կը շեշտէ հայրենի բազմարդիւն միջնադարագէտը՝ Հենրիկ Բախչինեան ու կը յարէ. « Զարմանալի մի մարդ, որ եղել է կաթողիկոս, ընդ որում քսան տարեկան՝ գուցէ քսանը չլրացած հասակում, եւ ստեղծագործել է, մանկավարժութեամբ զբաղուել, մանրանկարչութեամբ, կրթութեամբ եւ բանաստեղծութեամբ»։
Ի տես հայրենիքի դժնեայ իրադարձութիւններուն, սակայն, կաթողիկոս-բանաստեղծի հոգին միշտ պիտի կսկծայ կարեվէր.
«Ծաղկունքն ասեն՝ Հերի՛ք արա»,
այսինքն՝
«Ծաղիկները կ’ըսեն՝ կը բաւէ»։
Քերթուած, որ պիտի գրէ 1523-ին, Աստուածատուր Մեծոփեցիի խնդրանքին վրայ՝ երբ ապաստանած էր Մեծոփի վանքին մէջ, ու պիտի փակէ սոյն տրտմաթաթաւ եւ նոյնքան իրապաշտ շեշտաւորումով.
« Հագարացիք օրինօք թիւր,
Զազգս խանձեն որպէս ըզհուր».
այսինքն՝
« Հագարացիները անօրէն
Կրակի պէս ազգս կը խանձեն» (Զուլալ Գազանճեան, Հատընտիր Հայ Հին Բանաստեղծութեան, Հատոր Բ. էջ 367 եւ 373, Վենետիկ-Ս. Ղազար,1998)։
«Հագարացիները մահմետական ցեղերն էին եւ իրենց թիւր կրօնքով կ’ուզէին կործանել, այրել, աւերել այն երկիրը, որ առաջինը ընդունած էր քրիստոնէական կրօնքը», կ’ընդգծէ Հենրիկ Բախչինեան։
Ճիշտ այս ցեղերն էին, որոնք անդադար կը հարստահարէին հայ ժողովուրդը, առանց անտեսելու հարկային տուրքերն ու բռնագաղթը, որու հետեւանք կաթողիկոսը՝ ի՛նք եւս պիտի ապրի աստանդականութեան բոլոր դառնութիւնները, օթեւան գտնելով Մեծոփի, Արճեշի, Ուռնկարի ու Վարագի վանքերուն մէջ։
Այդուհանդերձ, ամէնուրեք պիտի զբաղի «կրթութեամբ, մանրանկարչութեամբ» ու պիտի ծաղկազարդէ ձեռագիրներ։ Մասնագէտներ եւ յատկապէս Հ. Ներսէս Ակինեան կը հաստատեն, թէ Յակոբ Ջուղայեցի ու Յովսէփ վարդապետ Աղթամարցի եղած են այդ երկու անձերը, որոնց շնորհիւ մանրանկարչական արուեստը ուսած է (Հ. Ն. Ակինեան, Գրիգորիս Ա. Կաթողիկոս Աղթամարի, Վիեննա, 1958, էջ ԼԲ-ԼԶ եւ ԽԷ)։
Ու Հենրիկ Բախչինեան կը մատնանշէ. «Այսօր, տակաւին պահպանուած են Աղեքսանդր Մակեդոնացիի կեանքին առնչուող նկարազարդուած օրինակներ, որ կը պատկանին Աղթամարցիի գրիչին»։ Ինչ որ հետագային հայրենի այլ բանասէր Լուսինէ Թումանեանի նորագոյն աշխատասիրութիւնները պիտի հաստատագրեն. այսինքն՝ «Պատմութիւն Աղեքսանդրի երկը բովանդակող երկու գրչագիր. մէկը՝ 1526 թուականին Խառաբաստավանքին մէջ – Վենետիկ, Մխիթարեան Ձեռագրատուն, Յարութիւն Քիւրտեան հաւաքածոյ, ձեռ. թիւ 280։ Միւսը՝ 1536-ին Վարագայ վանքին մէջ – Երուսաղէմ, Ս. Յակոբեանց վանքի Մատենադարան, ձեռ. թիւ 473» ( Լուսինէ Թումանեան, Վանայ լճի կղզիների վանքերի գրչութեան կենտրոները, էջ 129/130 Երեւանի Մաշտոցի Անուան Մատենադարան, 2019)։
Խառաբաստավանքը ծանօթ է, նաեւ, Արծուաբերի Ս. Աստուածածին անունով ու կը գտնուի Արճեշի հիւսիս արեւելեան կողմը (Քրիստոնեայ Հայաստան Հանրագիտարան, «Հայկական Հանրագիտարան հրատարակչութիւն ՊՈԱԿ», Երեւան, 2002, էջ 154)։
Գրիգոր Րաբունի Արճիշեցին, որ այդ ժամանակուայ երեւելի անձնաւորութիւն մըն էր ու վանահայրը Արճեշի վանքին, մեծապէս սատարած է ու նեցուկ կանգնած երիտասարդ Գրիգորիսի կաթողիկոսական քայլերուն, ջամբելով միաժամանակ «Բարձր կրթութիւն՝ հեռետորական արուեստի, բանաստեղծական արուեստի եւ փիլիսոփայութեան ասպարէզում» (Հենրիկ Բախչինեան)։
Վերոյիշեալ վանահօր առընթեր կար այլ զօրավիգ մը՝ Մարգարէ Արճիշեցի վարդապետը, որ դարձած է բանաստեղծ կաթողիկոսին գրչակիցը ու երկար տարիներ ընկերացած անոր՝ նժդեհութեան գորշ ճամբաներուն վրայ։
Վարար էր կարօտն ու հայրենաբաղձութիւնը երիտասարդ կաթողիկոսին, որ չէր կրնար կրկին Աղթամար դառնալ այլացեղ հորդաներու շահատակութիւններուն պատճառով։
Սակայն, ո՜րքան կը տենչար… Մորմոք, որ պիտի յայտնէ Արճեշի վանահօր ձօնագրած տաղին մէջ.
«Որպէս զջուր գնամ ես,
Ի տեղ դադար չառնեմ ես,
Ղարիպ կենօք շրջիմ ես,
Կեանքս է հարամ, թէ գիտես»։
«Հարամ» ու տարագնաց կեանքի դաժանութիւնը պիտի պարզէ, նաեւ, Յովսէփ Աղթամարցի նկարիչին ուղղած նամակ-բանաստեղծութեան մէջ.
«Երգեմ ձայնիւըս նըւաղէ,
Մոլորական եմ իմ տանէ,
Գրիգորիսէ սա գրեալ է,
Մի թափառնիկ ում աղքատէ»։
«Թափառնիկ»-ի զգացողութիւնը իր մէջ պիտի ջրդեղէ մեծ կաթողիկոսի մը տիպարը, բացայայտելով նոյնաժամանակ խորիմաց բանաստեղծի մը բոլոր շնորհները։
Մարդկային երազանքներն ու պատրանքները, գարնան ու բնութեան գեղեցկութիւնները, սիրտի ջերմութիւնն ու կեանքի ծարաւը Գրիգորիս Աղթամարցիի քով կը թաւալին «Սիրոյ» խորհուրդին շուրջ։
Արդարեւ, անբասիր ու վսեմ «Սիրոյ» քերթողը պիտի հանդիսանայ Աղթամարցի, որ իր ընդվզումներն ու տենչանքները, ներքին յոյզերն ու կիրքերը պիտի շարահիւսէ վերացական հանդերձաւորումով։
Իր տաղերուն մէջ «Սէր»-ը զգայական չէ՛, այլ՝ կը զգենու տեսլական բնոյթ, որ կը պատկերագրէ այլաբանական երանգաւորումներով։
Զինք հրապուրած են Հին Կտակարանի այն գլուխներն ու հատուածները, որոնք կարելիութիւնը կ’ընձեռեն իր ապրումներուն ներշնչարանը դառնալու, առանց սահմանափակելու, սակայն, հորիզոնը իր բանաստեղծի երեւակայութեան ու մտայղացումներուն։
Հետեւաբար, իր երիտասարդական տենդոտ մղումներն ու կաթողիկոսական պաշտօնին հակադրութիւնը արգելք չեն հանդիսացած, որ ցոլքեր քաղէ աստուածաշնչական «Երգ Երգոց»-ի էջերէն, ներբողելու համար «Սէր»-ը։ Ո՛չ տարփայինն ու երկրաւորը, այլ՝աննիւթեղէնը, վայելչագեղն ու ազնուականը, պարուրելով զայն այլաբանութեամբ։ Եւ այնպիսի այլաբանութեամբ, որ հնարաւորութիւնը կ’ընծայէ իր հոգեկան աշխարհը ընկալելու ե՛ւ իր ուղղակի իմաստով, ե՛ւ ալ՝ անոր ետին սքօղուած իմաստով.
«Յորժամ ի քէն լինիմ հեռի,
Սիրտս իմ սիրով քո տոչորի,
Զերդ զեղջերուն, որ փափաքի,
Յաղբերըս ջուրց միշտ յօժարի…»։
Եզական է Աղթամարցիի կիրառած այլաբանութիւնը, որու մասին հայրենի ուսումնասէրներ անհամեմատելի մեկնողական էջեր են գրած ու կը շարունակեն մինչեւ այսօր։
Այլ է մինչդեռ մասնագէտ Մայիս Աւդալբէկեանի (1918-1983) հայեցակէտը, որու համար այդ այլաբանութիւնը «նկատւում է մի յատկութիւն, որ հետագայում պէտք է դառնայ Աղթամարցի բանաստեղծի հեղինակային դիմանկարի բնորոշ առանձնայատկութիւնը՝ արտաքին պարզութեան մէջ ասելիքի անյստակութիւնը» (Մայիս Աւդալբէկեան, Գրիգորիս Աղթամարցի, տաղեր, էջ 8, «Հայ Քնարերգութիւն» մատենաշար,1984 )։
Հայրենի գրագիտուհին սոյն «անյստակութիւնը» կը բնութագրէ իբրեւ «պատկերների խորքում թաքնուած վերացական ենթիմաստ» (Անդ, էջ 10).
«Թէ տեսանեմ ըզքեզ կրկին՝
Լուսաւորի միտքս իմ մըթին,
Եւ տամ համբոյր շրթանց քոյին,
Նա վերանամ ես ի Յադին։
«Այդ վերացականութիւնը ամենից աւելի երեւան է եկել «Դու ես յԱդինայ դրախտէն», « Արեգակնափայլ գեղով լի լուսին», « Դու դրախտ Եդեմայ», «Դու ես արեգակ, լուսին ի լրման», «Աստուածանկար պատկեր յօրինեալ» եւ այլ տաղերում, որոնք միշտ չէ, որ առ կինն ունեցած զգացման արտայայտութիւններ են, այլ երբեմն՝ բանաստեղծական հնարանք, որ կիրառում է նա այս կամ այն մտերմի նկատմամբ» (Անդ, էջ 10-11)։
Գեղեցկութիւններու ընդգրկուն խորհուրդ մըն է, իրօք, Գրիգորիս Աղթամարցիի բանաստեղծութիւնը, որ կարելի չէ ափ մը երկինքի մէջ պարագրել։
«Իր տաղերի բազմահարուստ ձեւերով եւ կեանքի նուրբ զգացողութեամբ Աղթամարցին նորի արտայայտիչն է եղել միջնադարեան հայ գրականութեան մէջ», կը շեշտէ Մ. Աւդալբէկեան. «Սակայն, Աղթամարցու ուժն ու հմայքը նրա ընդհանրացման կարողութիւնն է, նեղ անձնականը համընդհանուր դարձնելու վարպետութիւնը… Նրա սիրոյ եւ մտածումի ելեւէջների մէջ ետ է մղւում բանաստեղծի «ես»-ը՝ ասպարէզ տալով համամարդկայինին» (Անդ, էջ 15)։
Մ. Աւդալբէկեանի գեղեցկագոյն նարօտն է այս, ուր անկասկած Հենրիկ Բախչինեանի հետեւեալ անդրադարձը կը հանգուցուի իր բովանդակ իմաստին մէջ. «Նա օրհնուած բանաստեղծ էր, խոշոր ու շէնշող… հարկ է թօթափել փոշիները մեր հայ հին գրականութեան ու ծանօթացնել այս բանաստեղծը»։
«Զարմանալի մի մարդ», որ տառապեցաւ իր ժողովուրդին Ցաւով, բայց եւ այնպէս գիտցաւ գարուն, կեանք ու սէր երգել։
«Սէր»-ը, այն ականակիտ ընկալումով ու հոգեղինացած ապրումով, որ չի՛ տարբաղադրուիր, երբեք, դարերու ու ժամանակի մակընթացութեան մէջ։