ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏԸ՝ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ԱՊՐՈՒՍՏԻ ԴԺՈԽԱՅԻՆ ԴՈՒՌԸ

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏԸ՝ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ԱՊՐՈՒՍՏԻ ԴԺՈԽԱՅԻՆ ԴՈՒՌԸ

ԶԱՒԷՆ Տ. ՏԻԳՐԱՆԵԱՆ


Ճիշդ է, որ լիբանանեան վերջին տագնապը սկիզբ առաւ 17 Հոկտեմբեր 2019-ին, եւ այդ թուականէն սկսեալ իրարու յաջորդեցին քաղաքացիները ընկճող ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական փորձանքները, յատկապէս դրամատուներու մէջ դրուած դրամագլուխներու եւ խնայողութիւններու «սառեցու- մ»ը, կամ «լճացումը»։ Տակաւին յայտնի չեն այն պայմանները, որոնք պատրուակ կրնան դառնալ տոլարի սակին մագլցումին՝ իր հետեւանքներով։
Ճիշդ է, որ այս փորձանքները անտանելի դարձուցին լիբանանցիին առօրեայ կեանքը, մասնաւորաբար ապրուստի գծով, դժուարին վիճակներու մատնեցին զայն, սակայն լուրջ վերլուծումները ցոյց կու տան թէ այս բոլորը կարելի էր աւելի հեշտ միջոցներով դիմագրաւել եւ փորձել լուծում գտնել մինչեւ նաւահանգիստի պայթումը՝ 4 Օգոստոս 2020-ին։ Սեւ թուական մը, որուն առաջին ամեակին ամբողջացումը պիտի նշենք մի քանի օրեր ետք։ Արդարեւ, այս թուականին Լիբանանի դիմաց բացուեցաւ «դժոխքի դուռը»։

Գլխաւոր զոհերու շարքին էր նաեւ հայ գաղութը, որ շրջանին մէջ կարեւոր ներկայութիւն ունի բնակչութեան եւ աշխատանքի գծով եւ կրեց վնասներու մեծ բաժին մը։ Արդարեւ, 4 Օգոստոսին ինկան 208 նահատակ, աւելի քան 5 հազար ծանր վիրաւոր, հազարաւոր բնակարաններ, վաճառատուներ, արհեստավայրեր, ամբողջովին կամ մասնակիօրէն վնասուեցան, մինչեւ ամբողջութեամբ անբնակելի կամ անգործածելի աստիճան։
Սակայն, մէկ տարի առաջ նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքները միայն մարդկային եւ շինարարական կորուստներ չեղան. պայթումին հետեւանքով հրաժարեցաւ վարչապետ Հասան Տիապի գլխաւորած կառավարական կազմը եւ իրար յաջորդեցին պետական հիմնարկներու գործունէութեան սառեցումները եւ ձախողութիւնները։ Տնտեսական գետնի վրայ, տոլարի մագլցումը աներեւակայելի մրցանիշներ արձանագրեց, քանի մը օրեր առաջ հասնելով մինչեւ 24 հազարի սեմը։ Անկախ Լիբանանի անցնող մօտ 80 ամեայ պատմութեան մէջ, աննախընթաց կերպով գրեթէ անգտանելի սկսան դառնալ ապրուստի կենսական նիւթերը, սկսելով՝ երեխաներու կաթէն, դեղորայքէն, հասնելով ելեկտրականութեան, պենզինի, բոլոր վառելանիւթերու եւ սննդանիւթերու։ Ոչ միայն առեւտրական կամ ճարտարարուեստի հաստատութիւններ փակուեցան կամ փակուելու վտանգի առջեւ են, այլ՝ հիւանդանոցներ, դեղարաններ, վառելանիւթի կայաններ եւ ընկերային ծառայութիւններու հաստատութիւններ այժմ գործելու անկարելիութեան առջեւ կը գտնուին։ Անցնող 80 տարիներու ընթացքին, առաջին անգամ ըլլալով այսքան մեծ թիւով բժիշկներ, հիւանդապահներ, համալսարանականներ եւ բոլոր արհեստավարժութեան քատրեր կ’արտագաղթեն։

Նկատելի է որ բոլոր ժխտական երեւոյթները շատ արագ ընթացք առին նաւահանգիստի պայթումէն ետք, հետեւաբար աշխարհի չորրորդ ծանր պայթումը նկատուած այս աղէտը մեկնակէտը եղաւ որպէսզի երկիրը իսկական անդունդի մէջ մխրճուի, մանաւանդ որ քաղաքացիին վստահութեան կորուստը եւ քաղաքական վերնախաւին ու պատասխանատուներու նկատմամբ արտաքին աշխարհին վերապահութիւնը գագաթնակէտին հասան։
Սպասելի էր, որ վիճակը այս աստիճան վատթարանայ, որովհետեւ Պէյրութի նաւահանգիստը այն հաստատութիւնն էր որ երկրին կ’ապահովէր կենսական նիւթերը, դուրս կը բերէր լիբանանցիներուն անձնական արտադրութիւնները, կ’ապահովէր մանաւանդ ցորենի մատակարարումը, ինչպէս նաեւ բոլոր արտաքին աշխարհին ուղարկած օժանդակութիւնները։ Այս բոլորին հետ կ’իրագործուէին տոլարի ներածում։ Երբ նաւահանգիստի մէջ աշխատանքներու մեծ մասը անդամալուծուեցաւ եւ կամ վերջնականօրէն դադրեցաւ, տրամաբանական է, որ դադրի նաեւ ամէն տեսակի նիւթերու ներածումը, որուն կը յաջորդէ տոլար ստանալու տագնապ եւ հետեւաբար ներքին տնտեսական տագնապ։
Միջազգային Դրամատան հրապարակած տեղեկութիւններուն համաձայն, նաւահանգիստի քանդումին տնտեսական վնասները կը հասնին 8 միլիառ տոլարի եւ մէկ տարի առաջ յայտարարուեցաւ թէ մօտ 750 միլիոն տոլարի անմիջական օգնութեան գումարի պահանջք կայ, որպէսզի երկիրը նուազագոյնը գործելու առիթը ունենայ։ Սակայն, հրաժարած կառավարութիւնը աշխատանք չտարաւ առաջարկուած գումարը ձեռք բերելու համար եւ կացութիւնը աւելի վատթարացաւ։ Կալուածներու քանդումներու վնասները, նաւահանգիստէն ներս եւ շրջակայքի տուժած գօտիին մէջ կը հասնին 4,5 միլիառ տոլարի, իսկ պայթումին պատճառով տնտեսական մարզերու կանգ առած աշխատանքներու հետեւանքով՝ վնասները կ’արժեւորուէին 3,5 միլիառ տոլար։ Այս թիւերը կը հիմնուին նիւթական վնասներուն վրայ եւ զանց առնուած է մշակութային, հոգեւոր, բարոյական հարստութիւններու կորուստը, նկատի առնելով որ շրջանը հռչակաւոր էր կրօնական, պատմական, ազգային, մշակութային, թանգարաններով, գրադարաններով եւ այլ կեդրոններով։
Միջազգային Դրամատան նախատեսութիւններուն համաձայն, սկզբնական 750 միլիոնի առաքումին պէտք է յաջորդեն 2021-ին 1,5 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն փոխադրական, մշակութային եւ բնակութեան մարզերուն։
Տնտեսական գետնի վրայ, գլխաւոր երեք տեսակի վնասներ արձանագրուեցան՝
ա. Գործող հաստատութիւնները վնասեցին իրենց դրամագլուխները,
բ. Առեւտրական փոխանակումները եւ աշխատանքները դադրեցան,
գ. Պետութիւնը զրկուեցաւ այս շրջանէն տուրքի եկամուտներէն, որ հիմնական նշանակութիւն ունէր։
Առաւել՝ նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքները զգացուեցան ոչ միայն անմիջական շրջակայքի մէջ, այլ՝ ամբողջ երկրին մէջ, արգելակելով տնտեսական աշխուժութիւնը, որովհետեւ Պէյրութի նաւահանգիստը երկրի գլխաւոր նաւահանգիստն է եւ անոր գործունէութիւնը ու ծառայութիւնները ամբողջ երկրին կ’օգտէր։ Այժմ, 300 հազար բնակիչ տեղահան եղած են եւ տարի մը ետք տակաւին չկրցան վերահաստատուիլ վերջնականապէս, շինութիւններու անբաւարարութեան պատճառով։
Կը խօսուէր թէ պայթումէն առաջ, Լիբանանի բնակչութեան 45%-ը աղքատութեան մատնուած է, ներկայիս համեմատութիւնը բարձրացած է 80%-ի, պայթումին ստեղծած տնտեսութեան վնասներուն հետեւանքով։


Նաւահանգիստի պայթումին մէկ տարի անցաւ։ Անոր պատճառած խորունկ վէրքը տակաւին չէ սպիացած։ Զոհերուն հարազատները որեւէ հատուցում չստացան։ Արդարութիւնը չէ գործադրուած, անմեղ նահատակներուն հոգիները տակաւին քաղաքական վէճերու գլխաւոր նիւթն են, իսկ տնտեսական գետնի վրայ աւերը ահաւոր է. իսկական վերաշինութեան եւ վնասները շրջանցելու աշխատանքներ գոյութիւն չունին։ Անցնող օրերուն, հետաքրքրական նախադասութիւն մը կարդացի. «Նաւահանգիստը երկրորդ անգամ չպայթեցնենք»։ Այս խօսքը ուղղուած է համայն լիբանանցիներուն։ Այո՛, եթէ կ’ուզենք անկեղծօրէն հանգստացնել զոհերուն հոգիները եւ անոնց հարազատներուն խիղճը, թող պատժուին յանցաւորները. թող հրապարակուի իրականութիւնը եւ իրականանայ արդարութիւնը։ Քանդուած նաւահանգիստը, փուլ եկած ցորենի շտեմարանի մնացած պատերը, կիսափուլ բնակարանները, գործատեղիները եւ ճամբաները «դժոխքի» բաց դռներն են հիմա։ Նոր առիթ կը ներկայանայ գործօն կառավարութիւն կազմելու։ Արդեօք ժամը հասա՞ւ ձախողութեան հետեւանքներէն դաս առնելու։ Պատասխանատուները գոնէ անգամի մը համար պիտի որոշե՞ն տառապող ժողովուրդին դժուարութիւնները հարթել եւ նոր ճանապարհ որդեգրել ազգային շահերը առաջնահերթութիւն նկատելով։ Առաջին քայլը թող սկսի նաւահանգիստի եւ շրջանի վերաշինութեամբ ու պայթումի յանցաւորներու բացայայտումով, որպէսզի փակենք «դժոխքի դուռ»ը։