ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԻՆ ԿՈՉԸ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ՝ ՕԺԱՆԴԱԿԵԼՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻՆ «ՈՉ ԹԷ ԽՕՍՔԵՐՈՎ, ԱՅԼ ՇՕՇԱՓԵԼԻ ԳՈՐԾԵՐՈՎ»

ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԻՆ ԿՈՉԸ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ՝ ՕԺԱՆԴԱԿԵԼՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻՆ «ՈՉ ԹԷ ԽՕՍՔԵՐՈՎ, ԱՅԼ ՇՕՇԱՓԵԼԻ ԳՈՐԾԵՐՈՎ»

Չորեքշաբթի, 4 Օգոստոս 2021ին, Վատիկանի Պօղոս Զ. անուան դահլիճին մէջ գլխաւորած Չորեքշաբթի օրուան հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յիշեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին տարեդարձը, յիշելով նաեւ այդ պայթումին զոհերը ապա կոչ ուղղեց միջազգային հասարակութեան մինակ չի թողելու Լիբանանը, հուսկ Լիբանանցիները խրախուսեց որպէսզի դարձեալ ըլլան խաղաղութեան եւ եղբայրութեան պատգամ։

► Շատեր կորսնցուցին ապրելու պատրանքը
«Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումէն մէկ տարի ետք, որ պատճառեց մահ ու կործանում, միտքս կ’երթայ այդ սիրելի երկրին, մասնաւորապէս զոհերուն, անոնց ընտանիքներուն, բազմաթիւ վիրաւորներուն ու անոնց որոնք կորսնցուցին տուն ու աշխատանք։ Եւ շատեր կորսնցուցին նաեւ ապրելու պատրանքը։
Անցեալ մէկ Յուլիսին Լիբանանի համար աղօթքի եւ խորհրդածութեան Օրուան առթիւ, Քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներուն հետ միասին, ընկալեցինք յոգնած ու հիասթափ Լիբանանի ժողովուրդին ձգտումներն ու սպասումները, ու Աստուծմէ հայցեցինք յոյսին լոյսը` յաղթահարելու համար ծանր տագնապը։

► Կոչ միջազգային հասարակութեան
Այսօր կոչ կ’ուղղեմ միջազգային հասարակութեան, խնդրելով որ շօշափելի արարքներով օգնէ Լիբանանին` իրագործելու համար «յարութեան» ուղեւորութիւնը։ Ոչ միայն խօսքերով. Շօշափելի արարքներով։ Այս ուղղութեամբ կը մաղթեմ որ ընթացքի մէջ եղող համաժողովը, որ խթանուած է Ֆրանսայի եւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ, արդիւնաւէտ ըլլայ։
Սիրելի լիբանանցիներ` ձեր մօտ գալու ու ձեզ այցելելու փափաքս մեծ է եւ չեմ յոգնիր ձեզի համար աղօթելէ, որպէսզի Լիբանանը դարձեալ ըլլայ եղբայրութեան պատգամ, եւ համայն Միջին Արեւելքին համար խաղաղութեան պատգամ մը»։

► Սուրբ Աթոռը Լիբանանի օժանդակութեան միջազգային համաժողովին.- Օգնենք որ ան աւելիով անդնդասոյզ չըլլայ
Վատիկանի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու ենթաքարտուղար Գերապայծառ Միրոսլավ Վաչովսքի լսատեսողական պատգամով մը իր մասնակցութիւնը բերաւ Չորեքշաբթի Ֆրանսայի եւ ՄԱԿ-ի կողմէ կազմակերպուած Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն մէկ տարի ետք Լիբանանի օժանդակութիւններ յատկացնելու եւ օգնութիւններ տրամադրելու նուիրուած հանդիպումին, ընդգծելով հարկաւորութիւնը Լիբանանցիներուն տալու հնարաւորութիւն` դառնալու իրենց ապագային դերակատարները։

► Թոյլ չտալ որ երկիրը անդնդասոյզ ըլլայ
Իր ներկայացուցած զեկոյցին մէջ գերապայծառ Վաչովսքի կրկնեց Ֆրանչիսկոս Պապին անցեալ մէկ Յուլիսին Լիբանանի համար աղօթքի եւ խորհրդածութեան օրուան առթիւ ուղղած կոչը․ «թոյլ չտալ որ երկիրը անդնդասոյզ ըլլայ, այլ զարկ տայ վերականգնումի ուղեւորութեան»։
«Սուրբ Աթոռին առաջնային մաղթանքն է, որ այս հաւաքը տնտեսական օժանդակութիւն մատուցելով Երկրին, խթանէ նաեւ պայմանները, որպէսզի Լիբանանը աւելիով անդնդասոյզ չըլլայ այլ սկսի վերականգնումի ու վերելքի նոր ճանապարհ մը՝ որ նպաստաւոր ըլլայ բոլորին համար» ըսաւ ի մէջ այլոց Վատիկանի դիւանագէտը։

► 350 միլիոն տոլար
Վերոնշեալ հաւաքին նպատակն է Լիբանանին համար հաւաքել 350 միլիոն տոլար դիմագրաւելու համար Երկրին ու ժողովուրդին անմիջական կարիքները։
Վատիկանի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու ենթաքարտուղարը շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնին, ինչպէս նաեւ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէսին ձեռնարկը կազմակերպելուն համար ու շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ միջազգային հասարակութեան որ «արագ, անմիջական ու վեհանձնութեամբ գործի լծուեցաւ օգնութեան հասնելու համար Պէյրութի բնակչութեան», այս ծիրէն ներս մատնանշելով նաեւ Սուրբ Աթոռի եւ Կաթողիկէ հաստատութիւններուն մատուցած մարդասիրական ծառայութիւնները։

► Լիբանանի համակեցութեան կոչումը
«Լիբանանը մեծ երկիր մըն է` որ կը վկայէ դարերու հոլովոյթին ամրապնդուած համակեցութեան եզակի փորձառութիւն մը եւ այս պատճառով ալ կարելի չէ զայն մինակ թողուլ ճակատագրի տարուբերումներու ու սեփական շահեր փնտռող ցանցերուն մէջ» նշեց գերապայծառ Վաչովսքի իր ելոյթին մէջ, աւելցնելով «Լիբանանը երկիր ըլլալէ աւելին է, ան տիեզերական պատգամ է խաղաղութեան եւ եղբայրութեան որ կը բարձրանայ Միջին Արեւելքէն» ինչպէս վերջերս յիշած էր Ֆրանչիսկոս Պապը եւ անորմէ առաջ նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ։
«Անհրաժեշտ ու հիմնական է առ այդ որ Լիբանանը շարունակէ ապրիլ իր այս յատուկ կոչումը եւ որպէսզի այս մէկը իրականացուի կարիքը կայ բոլորի յանձնառումին ու հարկաւոր է, ինչպէս նշեց միշտ եւ վերջերս Ֆրանչիսկոս Պապը որ «անոնք որոնք իշխանութեան տէր են, իրենք զիրենք դնեն ի սպաս խաղաղութեան իսկական ծառայութեան եւ ոչ թէ սեփական շահերուն։ Բաւ է քիչերուն շահերը շատերու մաշկին վրայ» շեշտած էր Սրբազան Պապը»։

► Օգնել լիբանանին շօշափելի արարքներով
«Օգնենք Լիբանանին որպէսզի այս ծանր տագնապին համար գտնէ ելքի ճամբայ» եղաւ հուսկ Վատիկանի դիւանագէտին կոչը։ Օգնենք անոր ժողովուրդին չի կորսնցնելու յոյսը եւ լիբանանցիներուն տանք հնարաւորութիւն դառնալու դերակատարներ իրենց հայրենիքին աւելի լաւ ապագայի մը համար, առանց անհարկի միջամտութիւններու։ Օժանդակենք Լիբանանին վերսկսելու համար Յարութեան ուղեւորութիւն մը` շօշափելի արարքներով» կոչ ուղղեց Գերապայծառ Վաչովսքի անգամ մը եւս մէջբերելով Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը։

ՌՈՊԷՐ ԱԹԹԱՐԵԱՆ
Վատիկան