ՕԳՈՍՏՈՍ 4. ՍԳՈՅ, ԿՏՏԱՑՈՂ ՎԻՇՏԻ, ԵՒ ԸՆԴՎԶՈՒՄԻ ՕՐ

ՕԳՈՍՏՈՍ 4. ՍԳՈՅ, ԿՏՏԱՑՈՂ ՎԻՇՏԻ, ԵՒ ԸՆԴՎԶՈՒՄԻ ՕՐ

Օգոստոս 4-ի աղիտալի պայթումին մռայլ տարելիցը եկաւ անգամ մը եւս ցոյց տալու ահաւորութիւնը տնտեսական եւ ֆինանսական աննախադէպ անկումին եւ քաղաքական փակուղիին, զոր երկիրը ամբողջ տարի մը պահած էր եւ կը շարունակէ պահել առանց գործող կառավարութեան:
Այս ահաւոր պայթումը մարդկութեան պատմութեան մէջ ամենախոշոր ոչ միջուկային պայթումներէն մէկը նկատուեցաւ։ Անոր պատճառը չարագոյժ թիւ 12 պահեստին մէջ ամբարուած հազարաւոր թոն նիթրաթ ամոնիումն էր։ Այստեղ բռնկած հրդեհին հետեւանքով պատահած դժոխային պայթումը կենսուրախ Պէյրութը ակնթարթի մը մէջ վերածեց աւերակի: Անոր պատճառով զոհուեցան 214 հոգի, գետնին հաւասարեցան եւ ամբողջութեամբ քարուքանդ եղան թաղամասեր, անդառնալիօրէն խորացաւ երկրի տնտեսական անդունդը եւ ան կտտացող վէրք մնաց լիբանանցիներու հոգեկանին վրայ:
Պայթումին ալիքը այնքան հզօր էր, որ լսուեցաւ եւ զգացուեցաւ մինչև Միջերկրական ծովի Կիպրոս կղզին՝ որ կը գտնուի աւելի քան 200 քլմ. հեռաւորութեան վրայ:
Փաստաթուղթերով շուտով պարզուեցաւ, որ քիմիական այս վտանգաւոր նիւթերը 2014 թուականէն ի վեր, այլ դիւրավառ նիւթերու կողքին կը պահուէին այս պահեստին մէջ, եւ տարիներէ ի վեր բազմաթիւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ տեղեակ էին անոնց առկայութեան մասին, սակայն անհոգութեամբ ոչինչ ըրած էին:

ԱՂԷՏԻՆ ՏԱՐԵԼԻՑԸ… ԱՂՕԹՔՈՎ
Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինին հրաւէրով եւ հովանաւորութեամբ երեք համայնքապետներուն, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի առաջին տարելիցին առիթով, հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն տեղի ունեցաւ, Էշրաֆիէի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ կից գտնուող Ժաարայի աստիճաններուն վրայ:

Արարողութեան հանդիսապետեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեան, Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ Եպս. Ասատուրեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ, վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան: Ձեռնարկին ներկայ էին` երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, երեսփոխաններ Յակոբ Բագրատունի, Ալեքսան Մաթոսեան եւ Յակոբ Թերզեան, նախկին նախարարներ եւ երեսփոխաններ, հայ քաղաքական կուսակցութեանց, կրթական, ընկերային, մշակութային, բարեգործական ու մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` պայթումին զոհերու ընտանեկան պարագաներ:
Յետ արարողութեան, խօսք առաւ Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինի ատենապետ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, որ անդրադարձաւ պայթումէն քանի մը օր ետք կազմուած` Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինի գործունէութեան, պարզելով ցարդ անոր իրագործած աշխատանքները վնասուածներու օժանդակութեան համար: Ան ցաւով անդրադարձաւ, թէ պայթումէն տարի մը ետք տակաւին իրականութիւնը չէ բացայայտուած ու զոհերու պարագաներուն թէ վնասուածներէն շատ շատերուն վէրքերը տակաւին չեն ամոքուած, աւելցնելով թէ «այս հայրենիքը մարդկութեան անունով կը պահանջէ ճշմարտութեան բացայայտումն ու ամբողջական արդարութեան իրագործումը, ինչպէս նաեւ առանց խտրութեան բոլոր անձնաւորութիւններու անձեռնմխելիութեան վերացումը», ընդգծեց նախարարուհին եւ աւելցուց. «Մենք` Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմնին մէջ, առաջին օրէն զօրավիգ ենք մեր ժողովուրդին»: «Այս մարմինը, որ կազմուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին օրհնութեամբ ու գլխաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեանի եւ անդամակցութեամբ հայ երեք համայնքներու, կուսակցութիւններու, ընկերային ու բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներուն, հաւաքագրեց անհրաժեշտ հաստատագիրները եւ հետեւեցաւ վնասուած անհատներու ապաքինման թէ բնակարաններու վերակառուցման աշխատանքներուն»:


Արհի. Գէորգ Եպիսկ. Ասատուրեանի աղօթքը արաբերէնով
Յընթացս միացեալ պաշտամունքին կատարուեցան աղօթքներ որոնց շարքին Արհի. Գէորգ Եպիսկ. Ասատուրեան արաբերէն լեզուով արտասանեց հետեւեալ աղօթքը.
“Ով բոլոր բարեաց աղբիւր, Թագաւոր երկնի եւ երկրի, երկնային զօրքերու եւ բոլոր ստեղծագործութեան հետ միասին կը փառաբանենք, կը մեծարենք եւ կը պաշտենք քեզ, զի դուն միայն արժանի ես փառքի, պատիւի եւ պաշտամունքի:

Դուն ով Տէր բարի ստեղծեցիր երկինքն ու երկիրը, սակայն Չարը ուզեց խլել բարիքը քու ստեղծագործութենէն եւ ըստ այդ մոլորեց մարդը, որ հեռանալով քու անմիջական ներկայութենէն կորսնցուց այն առաքելութիւնը, որուն համար զինք ստեղծեցիր:
Սակայն ով մարդասէր եւ բազումողորմ Տէր, դուն մարդը չթողուցիր իր ինկած վիճակին մէջ: Առաքեցիր մարգարէներ եւ աստուածավախ մարդիկ, որպէսզի անգամ մը եւս վերադառնայ մարդը իր նախավիճակին: Ոմանք անսացին քու կանչին եւ ուրիշներ մերժեցին զայն: Ահաւասիկ մերժողները այսօր, ամէն միջոցներ ի գործ դնելով,անգամ մը եւս կը պատերազմին բարիին դէմ զայն խափանելու համար: Եւ մեր մայրաքաղաք Պէյրութի պայթումը ուրիշ բան մը չէ, եթէ ոչ չարին կործանարար ձեռքը, որ կը փորձէ աւեր, վախ ու յուսահատութիւն սերմանել ամէնուր:
Սակայն անոնք չեն գիտեր, որ դուն ամենակալ Աստուած ես՝ անապատին մէջէն ջուրի վտակներ յորդեցնող, ծովեր ճեղքող, եւ աճիւնները վերակենդանացնող Տէր: Դուն բոլոր դժուարութիւններու ընդմէջէն պահեցիր Յոբը եւ վերադարձուցիր անոր իր դիրքն ու պատիւը:
Գիտենք որ դուն մեր օգնականն ու ապաւէնն ես, հետեւաբար պիտի չվախնանք եւ պիտի չերկնչինք:
Առաջնորդէ մեզ Տէր եւ մեր աչքերէն քողը վերցուր, որպէսզի տեսնենք քու հրաշքներդ:
Տէր՝ մեր անձերը եւ այս թանկագին երկրին մէջ ապրող մեր բոլոր եղբայրները, քու խնամքին տակ կը դնենք: Մխիթարէ, բժշկէ եւ վերականգնէ զանոնք:
Մենք հաւատքով ենք, որ մեր աղաչանքը հասաւ քեզի, հետեւաբար օրհնէ
եւ փրկէ մեզ, որպէսզի պաշտենք քեզ այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս. Ամէն”:

 

ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԵՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԱՂԻՏԵԱԼ ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ


Օգոստոս 4-ին, տեղի ունեցաւ Նաւահանգիստի աղիտալի պայթումի զոհերու միասնական հոգեհանգստեան արարողութիւնը։


Նաւահանգիստի պայթումի վայրին վրայ եւ տակաւին յամեցող աւերակներուն մէջ տեղի ունեցած պատարագը կազմակերպուած էր խումբ մը մարոնիթ, հայ կաթողիկէ, մելքիթ եւ յոյն կաթողիկէ քահանաներու կողմէ, «Église pour le Liban» (Եկեղեցի Լիբանանի համար) ընդհանուր անուան տակ, որոնք վերջին մէկ տարուան ընթացքին օգնութիւններ ցուցաբերեցին զոհերու ընտանիքներուն եւ պայթիւնէն տուժածներուն: Արարողութենէն առաջ սկաուտական խումբերու պատուոյ բարեւին տակ գլխաւորութեամբ Մարոնիթ համայնքի պատրիարք, Պշարա Ռաաի կարդինալի, վայրին վրայ կառուցուած բեմ բարձրացան Լիբանանի բոլոր համայնքներու հոգեւոր ներկայացուցիչներ, մինչ զոհերուն հարազատներ իրենց սրտին սեղմած էին զոհուած սիրելիներուն պատկերները։

Հոգեհանգստեան արարողութիւնը սկսաւ Քուրանով, իսկ աղէտի ճիշդ պահուն, ուղիղ ժամը 18:07-ին, մէկ վայրկեան լռութենէ ետք արտասանուեցան զոհերուն անունները, մինչ լիբանանեան բանակի ուղղաթիռներ յատուկ թռիչքներով երկինքը գունաւորեցին լիբանանեան դրօշակի՝ կարմիր եւ կանաչ գոյներով։


Գլխաւոր պատարագիչ Ռաաի Պատրիարքի կողքին էին Լիբանանի մօտ Վատիկանի նուիրակ՝ Արքեպիսկոպոս Ժոզեֆ Սփիթերի, Հայ Կաթողիկէ եւ Առաքելական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ՝ Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ Ասատուրեան եւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեան, Ասորի կաթողիկէ Պատրիարք Իգնաթիոս Ժոզէֆ Գ. Եունան եւ աւելի քան 100 եպիսկոպոսներ եւ քահանաներ: Պատարագի արարողութեան մասնակից երգչախումբերուն մաս կազմեց նաեւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ «Արծիւեան» երգչախումբը։

Պատրիարք Ռաաի կոչ կ’ուղղէ ճշմարտութեան բացայայտման եւ արդարութեան հաստատման


Իր քարոզին մէջ Պատրիարք Ռաաի ըսաւ. «Մենք այստեղ ենք քրիստոնեաներու եւ իսլամներու միասնութեան ականատես ըլլալու համար՝ առ ի հաւատարմութիւն միայն Լիբանանին»:
«Սակայն ինչի՞ կը սպասեն իշխանութեան ղեկին կանգնած մարդիկ` տուժածներուն կարիքները հոգալու համար» հարցուց Պատրիարք Ռաաի, աւելցնելով, որ մինչեւ ի՞նչ մակարդակի անկում կը սպասեն որ երկիրը հասնի, որպէսզի իրենց սիրտը շարժի, եւ զգան ժողովուրդին ցաւը եւ աշխատին զայն մեղմացնելու։
Յիշատակի արարողութեան ժամանակ կարդինալ Ռաաի պետական պաշտօնեաները մեղադրեց հետաքննութենէն խուսափելու յանցանքով՝ շեշտադրելով, որ «Աստուծոյ հզօր ձայնը մարդկութեան դէմ այս յանցագործութեան համար հաշիւ պիտի պահանջէ իւրաքանչիւր պատասխանատու անձի խիղճէն»: Ան ցաւով յայտնեց որ մէկ տարի անց պայթիւնի վերաբերեալ հետաքննութիւնը կանգ առած է, եւ ամենաբարձր աստիճանի մեղաւորները տակաւին չեն բացայայտուած:
Ապա Մարոնիթ Պատրիարքը կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն չյուսահատիլ եւ չենթարկուիլ բռնութիւններու, վերահաստատելով ճշմարտութեան բացայայտման եւ արդարութեան հաստատման անհրաժեշտութիւնը, վերջ դնելով «խայտառակ» անձեռնմխելիութիւններուն, որոնք թոյլ կու տան բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն և սպաներուն խուսափելու հետաքննութենէն:
«Առանց ճշմարտութեան չկայ արդարութիւն: Չկայ ճշմարտութիւն առանց խիզախութեան: Չկայ խիզախութիւն՝ առանց դատին հաւատալու, իսկ ո՞ր դատը աւելի արժանի է խիզախութեան, ճշմարտութեան եւ արդարութեան, քան Պէյրութի նաւահանգիստի մէջ տեղի ունեցած պայթիւնի աղէտը»:
Մարոնիթ եկեղեցւոյ ղեկավարը յիշեցուց նաեւ Չորեքշաբթի օր Հռոմի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ լիբանանցիներուն ուղղուած զօրակցական խօսքերը: Կարդինալ Ռաաի նաեւ կոչ ուղղեց ցուցարարներուն «խուսափիլ բռնութենէն, վիրաւորական խօսքերէն, իրենց հասկնալի զայրոյթն ու դժգոհութիւնը արտայայտելու համար սեփական հաստատութիւններու եւ ունեցուածքներու, ինչպէս նաեւ բանակի ու անվտանգութեան ուժերու վրայ յարձակումներէն։
Ան կոչ ուղղեց բոլոր լիբանանցիներուն «համարձակ, յստակ եւ թափանցիկ որոշումներ կայացնելու»՝ յաջորդ խորհրդարանական ընտրութիւններուն իրենց ներկայացուցիչները ընտրելու ատեն, որպէսզի փոխուի փտած եւ կաշառակեր իշխող դասը, որ Լիբանանը հասցուցած է անդունդի յատակին»:
Պատրիարքը այնուհետեւ լիբանանցի ժողովուրդէն խնդրեց իրենց կարեկցանքը ցուցաբերել Պէյրութին՝ օգնելով քաղաքի վերակառուցման եւ «ականատես ըլլալ միասնութեան»՝ իսլամներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ:
Շնորհակալութիւն յայտնելով միջազգային ընտանիքին ցուցաբերած աջակցութեան համար, Պատրիարքը մատնանշեց, որ «Լիբանանի ներքաշուած այս տխուր իրավիճակը պայմանաւորուած է նաեւ արտաքին հակամարտութիւններով»: Հետեւաբար, ան կրկին բարձրաձայնեց Միջին Արեւելքի մէջ «Լիբանանի չէզոքութեան» իր կոչը, անգամ մը եւս կրկնելով երկիրը աղէտէն փրկելու «միասնութեան» անյապաղ անհրաժեշտութիւնը: Ըստ մարոնիթ պատրիարքի, այս միասնութիւնը պէտք է ճանչնայ լիբանանցի հասարակութեան կրօնական եւ մշակութային բազմազանութիւնը և Լիբանանի չէզոքութիւնը: «Մենք չենք ուզեր այլեւս հակամարտութիւններ եւ պատերազմներ: Եկէք միասնաբար հաստատենք ազատութեան եւ խաղաղութեան ուղին», իր խօսքը եզրափակեց կարդինալ Ռաաի:

 

ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԵՐ ԵՒ ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԱՆՋ


Մեծ աղէտի առաջին տարելիցին առթիւ տեղի ունեցող միասնական հոգեհանգստեան արարողութեան զուգահեռ եւ անկէ ոչ շատ հեռու, աղիտահար մայրաքաղաքը ականատես եղաւ նաեւ բողոքի հսկայական ցոյցերու, որոնց մասնակիցները զանազան ձեւերով իրենց վշտակցութիւնը արտայայտեցին նահատակներու հոյլին եւ ընդվզումն ու պոռթկումը՝ անպատժելիութեան դէմ։

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն զոհուած 10 հրշէջներու ընտանիքներու նստացոյց, հրշէջներու ծառայութեան քարուքանդ եղած կեդրոնատեղիին առջեւ

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն զոհուած 10 հրշէջներու ընտանիքներու նստացոյց, հրշէջներու ծառայութեան քարուքանդ եղած կեդրոնատեղիին առջեւ

Ապահովական հակախռովարար ուժեր բուռն բախումներ ունեցան Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատասխանատուներու հաշուետուութիւնը պահանջող եւ Լիբանանի մէջ կեանքի պայմաններու խիստ վատթարացման պատճառով զայրացած ցուցարարներուն հետ։ Բուռն բախումներ արձանագրուեցան յատկապէս Խորհրդարանի կից փողոցներուն վրայ, ուր ոստիկաններ արցունքաբեր կազերով, մահակներով եւ ջրցան մեքանաներով հակադարձեցին քարկոծող ցուցարարներուն, որոնք կը փորձէին բարձրանալ դարպասներուն վրայ եւ ներխուժել Խորհրդարանի շէնք։ Ըստ Կարմիր Խաչի, 50 հոգի վիրաւորուած էին այս բախումներու ընթացքին։

Իսկ պաշտօնական արարողավայրէն քանի մը հարիւր մեթր հեռաւորութեան վրայ, հազարաւոր ցուցարարներ, լիբանանեան դրօշակներով եւ զոհուածներու լուսանկարները բարձրացուցած, հաւաքուած էին նաւահանգիստի մօտ՝ իրենց վշտակցութիւնը եւ զօրակցութիւնը արտայայտելու զոհուածներու հարազատներուն:

Ն.Է.Ն.