Կ’ՈՒԶԵՄ ԱՊՐԻԼ…

Կ’ՈՒԶԵՄ ԱՊՐԻԼ…

ՆԱԶԵԼԻ ԷՊԷԵԱՆ-ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ


 

Սկսած էր չորս ժամով:
Յետագային դարձաւ վեց: … Յետոյ տասը ժամ:
Երկու շաբաթ առաջ քսան երկու ժամ էր, իսկ երէկուան դրութեամբ արդէն դարձաւ լիակատար քսանչորս ժամեայ ընդհատում:
Համակարգիչս դրի պայուսակիս մէջ եւ շտապեցի մօտակայ սրճարան՝ նստելու տեղ գտնելու յոյսով:
Ձախ կողմս՝ երեք աղջիկ իրենց նոթպուքով իսկ աջ կողմս, չորս տղայ՝ իրենց նոթպուքով: Նստեցայ անկիւն մը՝ սպասելով, որ սուրճ գնողներու շարքը ցրուի:
Այն, ինչ որ ժամանակին երկու ժամ անցընելու վայր էր, այժմ դարձած է ուսումնական եւ աշխատանքային կեդրոն ուսանողներու եւ երիտասարդ մասնագէտներու համար, որոնք ելեկտրական ընդհատումներուն պատճառով դուրս նետուած են իրենց տուներէն, ուր կ’աշխատէին համաճարակի պայմաններու տակ:
Կէսօրուան ժամերէն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7 այստեղ նստողներէն մէկուն հարցուցի թէ ինչու այսքան ժամանակէ ի վեր հոս է, յարեց. «Եթէ չաշխատիմ, կը մեռնիմ, եւ ես կ’ուզեմ ապրիլ…»։
Կ’ՈՒԶԵՄ ԱՊՐԻԼ…
Հասարակ նախադասութիւն մը, որ շատ բան կը պարփակէ իր տողերուն տակ…
Մենք այժմ նստած ենք այստեղ, անճարակ, մեր ապագան թալանուած, կը տոկանք եւ կը դիմակայենք մէկը միւսին յաջորդող հարուածները։
Նախ մեր անկարողութիւնն էր դրամատուներու մէջ պահ դրուած մեր խնայողութիւններուն հասնելու։ Ասոր յաջորդեց տոլարի խելահեղ եւ սանձարձակ մագլցումը։ Ապա կարգը եկաւ պենզինին եւ ելեկտրականութեան։ Պենզին ստանալու համար կարգ սպասող ինքնաշարժներու “նուաստացուցիչ” երկար շղթաները գօտի կը կապեն ամբողջ թաղամասեր։ Լիբանանցիներու յանկերգը եղած է. «Գալիքը աւելի վատ է»։
Բայց… մենք կ’ուզենք ապրիլ։
Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ ապրիլ այս երկրին մէջ։
Կը նշանակէ հետեւիլ ելեկտրականութեան անկանխատեսելի ժամանումին, լիցքաւորել մեր հեռաձայնները եւ համակարգիչներու բարդերը։
Կը նշանակէ շարժիչներով ջուրի պահեստային տակառները լեցնել, որպէսզի չզրկուինք ամենակենսական կարիքէ մը՝ ջուրէն։
Կը նշանակէ աճապարել լուացքը լուալու, կարծէք կենաց մահու հարց է, որովհետեւ եթէ սխալմամբ “փախցնենք” այս առիթը, ապա պէտք է սպասենք ամբողջ օր մը, եթէ ոչ աւելի։
Կը նշանակէ նաեւ վերանայիլ մեր առաջնահերթութիւններուն, զարգացման եւ բարգաւաճման դրութենէն փոխելով պարզապէս գոյատեւման, շնչելու եւ ապրելու դրութեան։ Անգլերէն լեզուին մէջ կայ կարճ արտայայտութիւն մը՝ «Survival mode: ON»։
Լաւ ինքնաշարժ, գեղեցիկ բնակարան եւ ուրախ ամուսնութիւն ունենալու երիտասարդներու երազը այժմ վերածուած է արտերկրի մէջ աշխատանք ապահովելով այս երկիրը անմիջապէս լքելու կամ “թարմ” տոլար վաստկելու աղբիւրներու փնտռտուքի ձգտումներուն։
«Թարմ տոլար»… ահաւասիկ նոր բառեզր մը որ գոյութիւն ունի միայն Լիբանանի մէջ… Կը նշանակէ կանաչ, թուղթով եւ ոչ դրամատնային չէքերու տեսքով ամերիկեան դրամանիշ։ Իսկ դրամատնային տոլարով հաշիւները… թարմ չեն, այլ արժեզրկուած եւ անհասանելի։
Այսօր եթէ լիբանանցիին հարցնէք սովորական եւ կարծրատիպ դարձած «Ինչպէ՞ս էք» հարցումը… փոխանակ սովորաբար հնչած «լաւ ենք, փառք Աստուծոյ» կենսախինդ պատասխանին, յուսահատ եւ թախծալի նայուածքով կը յարէ. «Կը գոյատեւենք»…։
Այսօր, երիտասարդները պարտաւորուած են յանձն առնել իրենց ընտանիքի գոյատեւման ամբողջ պատասխանատուութիւնը, որովհետեւ իրենց ծնողաց եւ տարեցներու խնայողութիւնները փոշիացած են լիբանանեան անճարակ եւ անողնահար իշխանութեան ենթակայական եւ ճորտատիրական մտածելակերպի ու քաղաքականութեան պատճառով։ Առաւել՝ համաճարակի պարտադրած պայմանները աշխատանքային մարզերը սահմանափակած են առցանց (online) դրութեամբ աշխատելու կարող եւ արհեստագիտութեան «բարիքներուն» ծանօթ ուժերուն մօտ։ Ճաշարաններու եւ հաճոյքի վայրերու մէջ կեանքը կը վայելեն միայն «թարմ տոլար» վաստկողները կամ զայն արտաքին աղբիւրներէ ստացողները։
Իսկ եթէ նկատի առնէք որ նախապէս 1000 ամերիկեան տոլարի համազօր լիբանանեան դրամանիշով ամսական ստացողի ռոճիկը այսօր համազօր է 70-75 ամերիկեան տոլարի, ուրեմն կրնաք ենթադրել թէ որքանով անկում կրած է լիբանանցիին ապրուստ ապահովելու կարողութիւնը։ Արտերկրի իրենց հարազատներէն տոլար ակնկալելու տենչը եւ անով իսկ որոշ ժամանակ ապրուստ ապահովելու երազանքը կայ իւրաքանչիւր ընտանիքի մօտ։
Քաղաքացիական պատերազմի ականատեսներ նոյնիսկ անցեալի այդ օրերու իրավիճակը կը բնորոշեն որպէս «դրախտային»՝ այս մղձաւանջային օրերուն հետ բաղդատած։ Պատերազմը առնուազն հասկնալի սպառնալիք էր, իսկ վտանգի աղբիւրը՝ յստակ, եւ անկէ խուսափելու միջոցները ընդհանրապէս ազդեցիկ, սակայն այսօր՝ սպառնալիքը կու գայ կեանքի բոլոր դրոյթերէն, զրկանքը՝ ամէնուրեք եւ անճրկութեան զգացումը՝ իշխող։ Այսօր, ամբողջ ժողովուրդ մը շփոթի մատնուած է, հիասթափուած, սպառած, յուսալքուած եւ անորոշութեան մատնուած։
Այդ օրերուն, անոնք գէթ դրամ կը վաստկէին եւ կուշտ ու կուռ ստամոքսով կը քնանային, իսկ այս օրերուն… հազիւ թէ կրնան ապահովել անհրաժեշտ սնունդը, այն ալ այնքան փոքր չափաբաժիններով, զայն սպառելով մեծ խնայողութիւններով։ Մսային կերակուրները արդէն նուազած են… ելեկտրականութեան ընդհատումներու եւ ահաւոր սղութեան պատճառով։
Այս բոլորին վրայ ահաւասիկ կու գայ աւելնալու կազի շիշերու պակասը, ինչ որ սարսափի մատնած է յատկապէս տանտիկինները։ Յետայսու, պէտք է մտածել նաեւ աղքատիկ կերակուրները առանց կրակի եփելու միջոցներու մասին… ։
Իսկ ինչպէ՞ս կը դիմագրաւենք այս բազմագլխանի չարիքը։
Շատեր աղօթքով, ուրիշներ՝ բարկութեամբ կամ իրենք զիրենք անջատելով իրականութենէն եւ փորձելով ըլլայ անզգայ, մինչ լիբանանցիներու մեծամասնութիւնը, իրենց ծանօթ զուարթախոհութեամբ եւ կատակներով… եւ ճգնաժամերու մասին անվերջ meme-երով:
Արուեստագէտներ եւ մտաւորականներն ալ հաւանաբար իրենց յոյզերը կ’արտայայտեն արուեստի, գրականութեան եւ աւելի լուրջ բովանդակութեամբ գործերու եւ յօդուածներու միջոցով:
Բայց ըլլայ աղօթքի, հիւմըրի կամ արուեստի միջոցով, մենք իւրաքանչիւրս բռնած ենք մեր նախընտրած զէնքը եւ ամէն օր կը պայքարինք համընդհանուր եւ ահաւոր չարիքի մը դէմ, որ ներխուժած է մեր կեանքը, սպաննած է մեր կենսունակութիւնը, ընկճած է սերունդները եւ մեզ խրած անորոշութեան ճահիճը: Չարիք մը որուն աղբիւրը յայտնապէս քաղաքական ամբողջ համակարգն է, «քըլլոն», ինչպէս կը բացագանչեն ըմբոստները եւ այդ «քըլլոն»ին շրջանակը բաւական ընդարձակ։
Որքանո՞վ եւ ե՞րբ կարելի է յաղթել այս համայնակուլ չարիքին, կտրել չարիքին արմատները, ե՞րբ պիտի զարթնին անոնց կոյր հետեւորդները, եւ գիտակցին որ բոլորս կը գտնուինք նոյն յորձանուտին մէջ, եւ եթէ զիրար չաջակցինք, ապա իրենց նոյն այդ վերնախաւը, որոնց հովանաւորչութիւնը կը վայելեն, պիտի կլանէ եւ փոշիացնէ բոլորս անխտիր։