ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՆՈՒԻՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆԾԱՅԱՐԱՆՆԵՐՈՒ Ա. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՆՈՒԻՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆԾԱՅԱՐԱՆՆԵՐՈՒ Ա. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

Ապագայ քահանաներու կազմաւորումը ներկայ ժամանակներու պահանջներուն պատշաճեցնելու նպատակով եւ հիմնուելով կղերից Տիեզերական ժողովի կողմէ 2016-ին հրապարակուած «քահանայական կազմաւորման հիմնագիծին» վրայ (Ratio fundamentalis institutionis sacerdotalis), Հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան նորընծայարաններու Ա. Համագումարը տեղի ունեցաւ Երեւան 1-5 Օգոստոս 2021-ին, որպէս բնաբան ունենալով Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետի 2014-ին կղերից Տիեզերական ժողովին ուղղած պատգամը՝ «պահպանել եւ խնամել կոչումները․․․ անոնք անտաշ անդամներ են» տիտղոսը։
Ժողովը սկիզբ առաւ Կիրակի, 1 Օգոստոս 2021-ին Երեւանի Ս․Գրիգոր Նարեկացի եկեղեցւոյ մէջ։ Ս․ Զոհը մատոյց թեմի առաջնորդ՝ Ռաֆայէլ Արք․ Մինասեան, մասնակցութեամբ Զմմառու Պատրիարքական կղերի միաբանութեան մեծաւոր եւ Պէյրութի թեմի փոխանորդ՝ Գաբրիէլ թ․ծ․վ․ Մուրատեանի։
Ապագայ քահանաներու կազմաւորման Ա. ժողովի աշխատանքներուն ընթացքին կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ նոր ոգիով եւ 21-րդ դարու կեանքի դրութիւններու վրայ հիմնուելով վերարժեւորելու եւ վերակազմակերպելու քահանայական կազմաւորման աշխատանքը՝ հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան նորընծայարաններէն ներս։
Օգոստոս 4ին, Զմմառի, Հռոմի եւ Հայաստանի երէց ժառանգաւորները իրենց տեսուչներուն հետ միասին մասնակցեցան համայնքային երիտասարդական օրերուն, որ կազմակերպուած էր Թորոս գիւղի Աղաճանեան ճամբարէն ներս։ Իսկ Օգոստոս 5-ին գլխաւորութեամբ Զմմառու Պատրիարքական կղերի միաբանութեան փոխանորդ՝ Հ. Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանին եւ Հռոմի Քահանայապետական Հայ Վարժարանի մեծաւոր հօր, ժառանգաւորները ուղղուեցան դէպի Եռաբլուր իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու հայրենիքի զոհերուն, ապա այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողը, իրենց այցելութիւնը փակելով աղօթքով բոլոր նահատակներուն ու անոնց բարեխօսութիւնը խնդրելով իրենց ապագային կազմաւորման համար։

Հայաստանի Սրբոց Հրեշտակապետաց

Հոգեւոր Միացեալ Ճեմարան