«ԱՅՍ ՍԷՐԸ» Ժագ Փրեվեր (1900-1977)

«ԱՅՍ ՍԷՐԸ» Ժագ Փրեվեր (1900-1977)

Անվերապահ սիրոյ ներբողումն է ֆրանսացի Ժագ Փրեվեր բանաստեղծին. թերեւս գեղեցկագոյնը սիրոյ նուիրուած իր ներշնչումներուն։ Ի զուր չէ, որ 20-րդ դարու ֆրանսական գրականութեան մէջ ան որպէս գլուխ գործոց էջ մըն է նկատուած։
Գլուխ գործոց մը սիրոյ , որ կը հետապնդէ մեզ ու նշտրակի մը հանգոյն կը խոցահարէ ներաշխարհը մեզմէ իւրաքանչիւրին։
Այն սէրը, որ պէտք չէ ըլլայ ինչպէս թօշնած ծաղիկ մը ինքնիր վրայ կարկամած. սէր, որ չըլլայ անփոյթ ու անհաւատարիմ, այլ՝ անմնացորդ։
Սիրոյ գերագոյն իմաստն է, որ Ժագ Փրեվեր կ՚երգէ ներկայ տողերուն մէջ. այն սէրը՝ համազօր արարածներու միջեւ հաղորդութեան եւ միութեան, որ կը տոկայ նոյնիսկ հո՛ն երբ կը մերժուի. նոյնիսկ երբ սիրոյ բեկումը անխուսափելի իրողութիւն մը կը դառնայ։
Այդ անվերապահ «Սէր»-ը, որ « միշտ նոր է ու երբեք չի՛ փոխուիր»։

Վ. Ք.


Այնքան տենդոտ
Այնքան դիւրագայթ
Այնքան խանդակաթ
Այնքան յուսակտուր
Այս Սէրը
Օրուայ նման գեղեցիկ
Եղանակին պէս տգեղ
Երբ տգեղ է եղանակը
Այս սէրը այնքան հարազատ
Այս սէրը այնքան չքնաղ
Այնքան երջանիկ
Այնքան կենսուրախ
Եւ այնքան դուզնաքեայ
Զերդ մանուկ մը որ մութին մէջ վախէն կը դողայ
Եւ այնքան ինքնավստահ
Ինչպէս մարդ մը անվրդով գիշերային պահերուն
Այս Սէրը որ ահ կ’ազդէր ուրիշներուն
Որ զիրենք կը խօսեցնէր
Որ գունաթափ կ’ընէր զիրենք
Այս Սէրը դարանուած
Որովհետեւ մենք զայն կը դարանէինք
Հալածուած խոցոտուած տրորուած
Սպաննուած մերժուած մոռցուած
Որովհետեւ մենք զայն հալածեցինք խոցոտեցինք
Տրորեցինք սպաննեցինք մերժեցինք մոռցանք
Այս Սէրը բոլորովին լիուլի
Տակաւին այնքան կենսունակ
Ու համակ արեգակնակէզ
Քու սէրդ է
Իմ սէրս է
Ան որ եղաւ
Ինչպէս բան մը շարունակ նոր
Որ բնաւ չփոխուեցաւ
Տունկի մը հանգոյն իրական
Թռչունի պէս դողդոջուն
Ամառուայ պէս տաք ու կենսաթրթիռ
Մենք կարող ենք երկուքս ալ
Երթալ ու վերադառնալ
Մենք կրնանք մոռնալ
Եւ հուսկ կրկին ննջել
Արթննալ տառապիլ ալեւորիլ
Կրկին քնանալ
Մահը երազել
Արթննալ ժպտիլ ու խնդալ
Եւ առոյգանալ
Մեր սէրը կը մնայ հոն
Մտրուկի մը հանգունակ անդրդուելի
Տենչանքի նման կենսունակ
Յիշողութեան պէս դաժան
Ստրջանքի պէս պանդոյր
Զերդ յիշատակ մը կաթոգին
Մարմարի նման ցուրտ
Օրուայ նման գեղեցիկ
Ինչպէս մանուկ մը կթոտ
Մեզի կը նայի ժպտելով
Ու մեզի կը խօսի ոչինչ ըսելով
Ու ես կ’ունկնդրեմ սոսկալով
Եւ կ’աղաղակեմ
կ’աղաղակեմ քեզի համար
կ’աղաղակեմ ինծի համար
կ’աղաչեմ քեզի
Քեզի համար ինծի համար
Եւ բոլոր անոնց որ զիրար կը սիրեն
Եւ սիրած են զիրար
Այո կ’աղաղակեմ իրեն
Քեզի ինծի եւ բոլոր միւսներուն համար
Որ չեմ ճանչնար
Կանգ առ հոն
Հոն ուր որ ես
Հոն ուր էիր ատենօք
Կանգ առ հոն
Մի շարժիր
Մի հեռանար
Մենք որ զիրար սիրեցինք
Քեզ մոռցանք
Դուն մեզ մի մոռնար
Երկրիս վրայ միայն քեզ ունէինք
Թոյլ մի տար որ ցրտահարինք
Միշտ աւելի հեռու
Ուր ալ ըլլայ
Ցոյց տուր որ կենդանի ես
Շատ աւելի ուշ պուրակի մը մէկ անկիւնը
Յիշողութեան անտառին մէջ
Յայտնուէ յանկարծ
Ձեռքդ մեզի երկարէ
Ու փրկէ մեզ։

Հայացուց՝ ՎԱՐԴԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Ծանօթ. Ժագ Փրեվեր իր բանաստեղծութիւնները յաճախ գրած է ազատ ոճով եւ առանց կէտադրութիւն կիրառելու։ Մենք եւս ներկայ աշխատասիրութեան մէջ այդ ոճը որդեգրեցինք։