ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ՝ ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ԵՒ ԳԵՐԵՐՋԱՆԻԿ ՏԷՐ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ

ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ՝ ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ԵՒ ԳԵՐԵՐՋԱՆԻԿ ՏԷՐ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ

֍ Ծնած է Հալէպ 15 Նոյեմբեր 1934-ին, վեցերորդը 12 զաւակներու տէր ընտանիքի մը: Ծնողքը ապաստանած էին Հալէպ, Թուրքիոյ Մարտին քաղաքի ջարդերէն ետք: Ընտանիքը վերջնականապէս կը հաստատուի Լիբանան 1938-ին:
֍ Իր նախնական ուսումը ստացած է Ֆըռն-Շըպպաքի Ֆրէրներու Նոթրը-Տամ դպրոցին մէջ:
֍ Կը մտնէ Զմմառու Պատրիարքական կղերի միաբանութեան փոքր ընծայարանը, Զմմառ ապա Ճիւնի, ու կը յաճախէ Մարիսթ Ֆրէրներու վարժարանը:
֍ Պաքալորիան առնելէ ետք՝ կ’ուղարկուի Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ վարժարանը, Հռոմ, ուր վեց տարի կը յաճախէ Յիսուսեան Հայրերու Քահանայապետական Գրիգորեան (կրէկորիանա) համալսարանը, ստանալով սքոլասթիք փիլիսոփայութեան պաքալորիան եւ աստուածաբանութեան լիսանսի վկայականը:
֍ Ուսումը աւարտելէն յետոյ կը վերադառնայ Լիբանան, ուր կը ձեռնադրուի Զմմառու միաբան կուսակրօն վարդապետ 28 Մարտ 1959-ին, ձեռամբ Վսեմաշուք Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքի, որ նախագահն էր Ժողովուրդներու Աւետարանացման Համաժողովին:
֍ 1960 թուականին եղած է Զմմառու փոքր ընծայարանի փոխ-տեսուչ եւ փոխժողովրդապետ Ճիւնիի մէջ, ուր մէկ տարի պաշտօնավարելէ ետք, կ’անուանուի տնօրէն Պուրճ Համուտի Մեսրոպեան Հայ Կաթողիկէ վարժարանին, զոր կը վարէ 9 տարի՝ 1962 թուականէն 1971 թուականը:
֍ 1969-ին՝ կ’ընտրուի Ընդհանուր Մատակարար Զմմառու Պատրիարքական կղերի միաբանութեան:
֍ 1976 թուականին կը նշանակուի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմին ծառայելու, իսկ 3 Յունուար 1977-ին՝ Պօղոս Զ. Սրբազան Պապը զինք կը նշանակէ տիտղոսաւոր Եպիսկոպոս Ամիտայի (Տիարպեքիր) Հայոց եւ Առաքելական Եկզարք ֆրանսաբնակ Հայ Կաթողիկէ հաւատացեալներուն:
֍ Եպիսկոպոս կ’օծուի 13 Փետրուար 1977-ին, Պուրճ Համուտի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ:
֍ 20 Յունիս 1986-ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Պապը Ֆրանսայի հայ կաթողիկէներուն համար կը ստեղծէ Փարիզի Ս. Խաչ Թեմը, եւ զինք կը նշանակէ առաջին եպիսկոպոսը այդ Թեմին:
֍ 15 Հոկտեմբեր 1988-ին կը նշանակուի Առաքելական այցելու Արեւմտեան Եւրոպայի Հայոց, որոնք զուրկ են տեղական Առաջնորդէ:
֍ 1997-ին կ’աւարտէ «Քրիստոնէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ» արեւմտահայերէն թարգմանութեան հրատարակութիւնը, որուն թարգմանութիւնն ու տպագրութիւնը վարած էր:
֍ 1997-էն 2014 վարած է Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանի ընդհանուր մատակարարի պաշտօնը:
֍ 2005-ին եւ 2009-ին, ան կը կազմակերպէ Հռոմի եւ Լիբանանի մէջ, այժմ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Վարդապետ՝ սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին նուիրուած երկու գիտաժողով, որոնց զեկուցումներուն հրատարակութիւններն ալ կը հոգայ:
֍ 7 Ապրիլ 2013-ին, երբ կը հաստատուի իր յաջորդը՝ Արհի. Հայր Յովհաննէս Եպիսկոպոս Թէյրուզեան, որպէս Թեմին Առաջնորդ, ան կը դառնայ վաստակաւոր եպիսկոպոս Ֆրանսայի Թեմին, որուն ծառայած էր որպէս Առաջնորդ 36 տարիներ շարունակ:
֍ 25 Յունիս 2015-ին Երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Պատրիարքի վախճանումէն ետք, եւ ըստ Արեւելեան Եկեղեցիներու կանոնագրին ան, որպէս մնայուն Սիւնհոդոսի կարգերէց եպիսկոպոս կը դառնայ Պատրիարքական Կառավարիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ:
֍ 25 Յուլիս 2015-ին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսական Հայրերը զինք կ’ընտրեն 20-րդ Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց եւ ան կ’առնէ Գրիգոր Պետրոս Ի. անունը:
֍ Նորընտիր Պատրիարքի գահակալութեան արարողութիւնը տեղի կ’ունենայ նոյն տարուան Օգոստոս 9-ին Զմմառու Տիրամօր վանքի շրջափակին մէջ։
֍ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս – Պատրիարքը իր հոգին աւանդեց առ Հայր 25 Մայիս, 2021-ին։