ՄԱՀԱԶԴ

ՄԱՀԱԶԴ

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսական Հայրերը
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը,
Լիբանանի Կաթողիկէ Պատրիարքներու
եւ Եպիսկոպոսներու համաժողովը (APECL), Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը
եւ Ղապրոյեան ընտանիքը

կը գուժեն մահը
ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ԵՒ ԳԵՐԵՐՋԱՆԻԿ
ՏԷՐ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ
ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ

որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, 25 Մայիս 2021-ին,
կէսօրուան ժամը 12։00-ին,
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ։

Եկեղեցւոյ թաղման կարգը եւ յուղարկաւորութիւնը տեղի կ’ունենայ Շաբաթ, 29 Մայիս 2021-ին,
առաւօտեան ժամը 10։30-ին,
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ – Սուրբ Եղիա
Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։
կը փոխադրուի եւ կ’ամփոփուի
Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Կաթողիկոս Պատրիարքներու դամբարանը։

Ցաւակցութիւնները կ’ընդունուին
● Հինգշաբթի, 26 Մայիս 2021-ին, ժամը 10:00-էն 13:00 եւ 16։00-էն 19։00,
● Ուրբաթ, 28 Մայիս 2021-ին, ժամը 10:00-էն 13:00 եւ 16։00-էն 18։00,
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի դահլիճը։

Ուրբաթ, 28 Մայիս 2021-ին երեկոյեան ժամը 18։00-ին,
հանգստեան Սուրբ Պատարագ կը մատուցուի
Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ (Հ.Կ. Պատրիարքարան),
որմէ ետք հաւատացեալները կը հրաւիրուին վերջին հրաժեշտը տալու երանաշնորհ Հայրապետին։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի

ԴԻՒԱՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ