ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿՈՐՍՆՑՈՒՑ ՀՈԳԱՏԱՐ ՀԱՅՐ ՄԸ ԵՒ ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴԻՐ ՈՒ ՆՈՒԻՐԵԱԼ ՀԱՅՐԱՊԵՏ ՄԸ

ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿՈՐՍՆՑՈՒՑ ՀՈԳԱՏԱՐ ՀԱՅՐ ՄԸ ԵՒ ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴԻՐ ՈՒ ՆՈՒԻՐԵԱԼ ՀԱՅՐԱՊԵՏ ՄԸ

Երանաշնորհ Գրիգոր Պետրոս Ի․ Կաթողիկոս Պատրիարքին վերջին հրաժեշտը տուին համայն Կաթողիկէ եւ Արեւելեան Եկեղեցիները, Հայութիւնը եւ Լիբանանը

Երանաշնորհ Գրիգոր Պետրոս Ի․ Կաթողիկոս Պատրիարքին վերջին հրաժեշտը տուին համայն Կաթողիկէ եւ Արեւելեան Եկեղեցիները, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսական հայրերը, Լիբանանի Կաթողիկէ Պատրիարքներու եւ Եպիսկոպոսներու համաժողովը (APECL), Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը եւ Ղապրոյեան ընտանիքը Երեքշաբթի, 25 Մայիս 2021-ին սրտի խոր կսկիծով գուժեցին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին վախճանումը, երկարատեւ հիւանդութենէ մը ետք։

Յաջորդող օրերուն, Երջանկայիշատակ Պատրիարքի վախճանման առթիւ իրենց ցաւակցութիւնները յայտնելու համար Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարան այցելեցին լիբանանեան համայնքներու ներկայացուցիչներ, բարձրաստիճան հոգեւորականներ, Լիբանանի պետական երեսփոխաններ, նախկին եւ գործող նախարարներ, օտար դեսպանատուներու ներկայացուցիչներ, Պէյրութի, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետութիւններու ներկայացուցիչներ, Լիբանանի դատական եւ ապահովական մարմիններու ներկայացուցիչներ, քաղաքական կուսակցութեանց ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչներ, հայկական եւ լիբանանեան միութիւններու ղեկավար դէմքեր, պաշտօնական անձնաւորութիւններ, կաթողիկէ միաբանութիւններու մեծաւորներ եւ կառոյցներու պատասխանատուներ։

ՍԲ. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՏԱՆ ԿԱՐԳ
Երջանկայիշատակ Հայրապետի վերջին հրաժեշտի եւ Տան կարգի արարողութիւններուն ներկայ գտնուեցան ոչ միայն կղերական դասն ու իր ընտանիքի անդամները, այլեւ հայ կաթողիկէ կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ, որոնք Ուրբաթ, 28 Մայիս 2021-ին լեցուցած էին Աշրաֆիէի Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցին, իրենց վերջին հրաժեշտը տալու՝ վաստակաշատ Հայրապետին, որուն կեանքը եղած էր համակ նուիրում, եկեղեցւոյ, Ազգին, համայնքին, գիր ու գրականութեան, կրթութեան եւ մշակոյթին։

Ներկայութեամբ սիւնհոդոսական հայրերուն, նախագահութեամբ Պատրիարքութեան կառավարիչ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, Սբ. Պատարագը մատուցանեց եւ օրուան քարոզը արտասանեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեան, որ իր քարոզին մէջ ըսաւ յատկապէս.
«Այսօր հաւաքուած ենք այս սուրբ եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցանելու նորոգ հանգուցեալ մեր Հայրապետին՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս 20-րդ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Պատրիարքին հոգւոյն համար։
Այս օրհնեալ եկեղեցականը աստուածային պարգեւ էր տրուած մեզի, հովուելու եւ առաջնորդելու Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին դէպի հանգիստ ափեր։
Ան եղած է ժրաջան եւ աշխոյժ հոգեւորական մը։ Աշխոյժ իր շինարարական եւ վարչական – կազմակերպչական գործունէութեամբ։ Նորոգութիւն բերած է ամէնուր ուր պաշտօնավարած է։
Եկեղեցական կեանքի եւ ծիսական նորոգութեան իր սէրը, զինք առաջնորդած է մօտէն զբաղելու եւ վերանորոգ հոգիով պատուաստելու եկեղեցւոյ հաւաքական աղօթքի կեանքը։
Նոյնիսկ իր նուաղ վիճակին մէջ, ան համակարգիչը առած կը գործէր, ժողովներ կը կազմակերպէր եւ կը ծրագրէր, ծառայելով իր հօտին եւ հոգալով անոր կարիքները։
Այս սուգի պահուն մեր մխիթարութիւնն է, որ մեզմէ մարմնով հեռացած մեր Հայրապետը իր նախնիներուն հետ մեզի բարեխօս պիտի ըլլայ ի փառս Աստուծոյ եւ ի պայծառութիւն Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ»։
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Տան կարգը, նախագահութեամբ Արհի. Միրիաթեանի, որուն աւարտին ներկաներ մօտենալով վախճանեալ Հայրապետի դագաղին, յարգանքի իրենց տուրքը եւ վերջին հրաժեշտը տուին անոր։

ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԹԱՂՈՒՄ
Շաբաթ, 29 Մայիս 2021-ին, Երջանկայիշատակ Պատրիարքին յուղարկաւորութեան կարգին ներկայ գտնուեցան Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ներկայացուցիչ կարդինալ Մարիօ Զենարի, մարոնիթներու Պատրիարք եւ Կաթողիկէ Պատրիարքներու եւ Եպիսկոպոսներու խորհուրդի նախագահ Մար Պշարա Պութրոս Ռաաի, Ն·Ս·Օ·Տ·Տ· Արամ Ա· Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Գերապայծառ Ժոզէֆ Սփիթերի, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեան, Սիրիաք կաթողիկէներու Պատրիարք Իկնաթիոս Ժոզէֆ Եունէն Գ., Լատին համայնքի առաջնորդ Սեզար Էսսայեան, հայ եւ օտար հոգեւորականներ, սրբազան հայրեր, առաքինազարդ քոյրեր, Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբեկեան, Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշել Աունի եւ Գործող վարչապետ Հասսան Տիապի ներկայացուցիչ՝ Մարզական եւ Երիտասարդութեան հարցերու նախարար Վարդենի Օհանեան, Խորհրդարանի նախագահի ներկայացուցիչ երեսփոխան Ժան Թալուզեան, նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ երեսփոխան Նեզիհ Նեժըմ, պետական, քաղաքական, զինուորական եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ։

Յուղարկաւորութեան կարգը հանդիսապետեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան նորանշանակ կառավարիչ եւ Բերիոյ թեմի Առաջնորդ Պետրոս Արք. Միրիաթեան։ Օրուան քարոզը արտասանեց Պէյրութի Պատրիարքութեան թեմի օգնական եպիսկոպոս Գերպ. Գէորգ Ասատուրեան, որ իր խօսքը սկսաւ Յիսուս Քրիստոսէն մէջբերումով.

«Հօրմէ ելայ եւ աշխարհ եկայ
Նորէն կը թողում աշխարհը
եւ Հօրը կ՛երթամ»։
(Յովհ. 16։28)

Վերոյիշեալ աւետարանական խօսքը, որ քաղուած է մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի խօսքերէն, այսօր մեր եկեղեցին անգամ մը եւս զանոնք կ’ուզէ արտասանուած տեսնել բերնով իր սիրելի զաւկին եւ սպասաւորին, իր հովուապետին եւ հայրապետին՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոսի Ի. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Պատրիարքին որ այս պահուն իր վերջին հրաժեշտը կու տայ մեզի՝ վերադառնալու համար իր երկնաւոր Հօր:
Այս խօսքին մէջ կ’ամփոփուին յոյսի եւ մխիթարութեան խոր իմաստները: Յոյս՝ որովհետեւ անոնք մեզի ցոյց կու տան, թէ այս աշխարհը՝ մեզ դէպի երկինք առաջնորդող անցք մըն է միայն, աշխարհ մը՝ ուր երկնքի համար կ’ապրինք, կ’աշխատինք եւ կը գործենք: Իսկ մխիթարութիւն՝ որովհետեւ գիտենք, որ մեր Հայրապետը իր երկնաւոր Հօր մօտ է, ուրկէ իր նախնիներուն հետ միասին պիտի աղօթէ իր սիրելի Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին համար:
Կ’ուզեմ միասին յիշենք իր պատրիարքական ձեռնադրութեան անդրանիկ պատգամը, ուր անդրադառնալով իր ընտրութեան՝ իրեն յատուկ զուարթախօսութեամբ ըսած էր․«Աստուած զիս ընտրեց յառաջացած այս տարիքիս: Չեմ գիտեր որքան պիտի ապրիմ, բայց կ’ուզեմ ապահով ըսել, թէ ամբողջ կարողութեամբ պիտի սպասարկեմ իմ եկեղեցիիս եւ ազգիս»:
Աշխատանքն ու սպասաւորութիւնը իր ամենացայտուն յատկանիշներէն էին: Ան տքնաջան եւ աշխատասէր եկեղեցական մըն էր: Իր սկսած աշխատանքը երբեք կիսատ չէր թողուր, նոյնիսկ եթէ հարկ ըլլար երկար ժամեր արթուն մնալ: Ան միաժամանակ խստապահանջ էր, կ’ուզէր որ իրեն հետ աշխատողները իր օրինակին հետեւին: Իր աշխատասիրութեան պտուղը եղաւ այն իրողութիւնը որ իր սպասարկութեան վայրերը ու ստանձնած պաշտօնները ծաղկեցան ու բարգաւաճեցան:
Առիթը ունեցած եմ միասնաբար իր հետ սպասարկելու ֆրանսայի մեր հայ կաթողիկէ գաղութին: Գիտեմ թէ ան ինչպիսի շինարարական նորոգութիւններ եւ կազմակերպչական-վարչական բարեկարգումներ կատարեց:
1991-ի Հայաստանի անկախութենէն ետք, ան ուղղուեցաւ Մայր Հայրենիք, հոն կազմակերպելու եւ ձեւաւորելու համար հայ կաթողիկէ համայնքը:
Միեւնոյնը կրնամ ըսել իր պատրիարքական ծառայութեան տարիներուն համար: Իր հովանիին ներքոյ աշխատիլ նման է մեղուի փեթակի մը, ուր անխոնջ աշխատանքը իր անուշահամ պտուղը կու տայ շատերուն որպէսզի զայն ճաշակեն:
Թէեւ իր յարաբերութիւններու շրջանակը ընդարձակ էր, սակայն պէտք է կարեւորութեամբ արձանագրել իր անձնական ջերմ յարաբերութիւնները Հայ Առաքելական քոյր եկեղեցիներու հովուապետերուն հետ:
Եկեղեցականի իր տիպարն ալ նոյնքան յատկանշական էր: Զինք մեծապէս կը հետաքրքրէր եկեղեցական – ծիսական կեանքը: Ծէսը, որպէս հաւաքական աղօթքի արտայայտութիւն, ինչպէս նաեւ աւետարանչութեան կարեւոր ազդակ, միշտ եղած են իր յատուկ ուշադրութեան առարկան: Կ’ուզէր որ եկեղեցական ծիսակատարութեան ընդմէջէն, հաւատացեալը կարենայ դիւրաւ հանդիպիլ իր Արարչին:
Անմոռանալի է իր մասնակցութիւնը Ս. Նարեկացիի Տիեզերական Վարդապետ հռչակումին ի խնդիր երկար տարիներ տարուած աշխատանքին եւ անոր յաջողութեամբ պսակումին։
Անխոնջ շինարար-բարենորոգող էր ինչպէս ցոյց կու տան իր շրջապատէն ներս կատարուած աշխատանքները։
Թերեւս այս բոլորէն առաջ եւ վեր ան աղքատասէր էր ինչպէս ցոյց կու տան երկու տարիներէ ի վեր Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական-ընկերային անտանելի պայմանները յաղթահարելու համար աղքատներուն ի նպաստ լուսարձակներէ հեռու կատարած բազմազան օգնութիւնները, նպաստաբաշխումները։
Վերջին օրերուն զինք զգետնող հիւանդութիւնն անգամ չկրցաւ արգելակել իր ծրագիրներուն հետապնդումը։
Իր նուաղ վիճակին մէջ անգամ, համակարգիչը իր մօտ առած կը գործէր, կը կազմակերպէր, ժողովներ եւ հանդիպումներ կը սարքէր եւ իր եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին կարիքներուն կը փորձէր հասնիլ:
Անոր անունով Ս. Պօղոսի խօսքը կրնանք կրկնել այսօր․ «Բարի պատերազմը պատերազմեցայ, ընթացքը կատարեցի, հաւատքը պահեցի: Ասկէ ետք ինծի կը մնայ արդարութեան պսակը, զոր Տէրը, արդար Դատաւորը, պիտի հատուցանէ այն օրը. ոչ թէ միայն ինծի, հապա այն բոլորին, որոնք անոր յայտնուիլը սիրեցին» ( Ա. Տիմ. 4:7-8): Այս «Արդարութեան պսակին» ան պիտի արժանանայ իր հաւատարմութեան եւ յարատեւութեան համար: Հաւատարիմ՝ իր Տիրոջ եւ յարատեւութիւն՝ այդ Տիրոջ եւ ժողովուրդին ծառայութեան մէջ:
Յուզումն ու կսկիծը մեր բնական զգացումներն են այս պահուն: Բայց կրնամ լսել Քրիստոսի բառերուն արձագանգը իր բերնէն․« Մի՛ լաք իմ վրաս…» (Ղուկ. 23:28): Չլանք, որովհետեւ ան թէեւ մարմնով մեզմէ հեռու է, սակայն իր առաքելութիւնը պիտի շարունակէ երկինքէն երանելի Մալոյեանի, Նարեկացիի եւ Զմմառու Տիրամօր հետ միասին աղօթելով մեզի համար:
Սիրելի եղբայրներ, եւ քոյրեր այնքան կարիքը ունինք այս աղօթքներուն, մանաւանդ մեր ապրած տագնապալի այս օրերուն:
Արդարներուն յիշատակը յաւիտեան մնայ:
Կորսնցուցինք սիրելի Հայրապետ մը եւ շահեցանք երկնքի մէջ՝ Քրիստոսի կողքին բարեխօս մը:
Մնաք օրհնութեամբ:

Յուղարկաւորութեան արարողութեան աւարտին, Սրբազան Քահանայապետին ցաւակցագիրը ընթերցեց կարդինալ Մարիօ Զենարին, Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի նախագահ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիի խօսքը արտասանեց Գերպ. Սփիթերի, երջանկայիշատակ Հայրապետի կտակէն հատուած մը ընթերցեց Պատրիարքական փոխանորդ Արհի. Գերպ.Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան։ Հուսկ, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսական հայրերը ցաւակցութիւնները ընդունեցին, նախ եկեղեցւոյ Աւագ Խորանին առջեւ՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ներկայացուցիչ կարդինալ Զենարիէն, համայնքապետերէն, եպիսկոպոսներէն, միաբանութիւններու մեծաւորներէն ու մեծաւորուհիներէն, ապա՝ Դասին առջեւ ցաւակցութիւնները շարունակեցին ընդունիլ Լիբանանի Հանրապետութեան եւ խորհրդարանի նախագահներու եւ վարչապետներու ներկայացուցիչներէն, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանէն, պետական, քաղաքական ու զինուորական անձնաւորութիւններէն, հուսկ՝ քահանայից դասէն եւ հաւատացեալներէն։
Ցաւակցութիւններէն ետք, Երջանկայիշատակ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին մարմինը փոխադրուեցաւ Պատրիարքական Կղերի Զմմառու մայրավանք, ուր կատարուեցաւ գերեզմանի կարգը, հանդիսապետութեամբ Արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի ու ամփոփուեցաւ Կաթողիկոս Պատրիարքներու դամբարանը։

 

Կիրակի, 30 Մայիսի առաւօտեան ժամը 10։30-ի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ հանգուցեալ Հայրապետին դիտաւորութեան Զմմառու մայրավանքին մէջ։