ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԻՆ ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐԸ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ ԱՌԹԻՒ 

ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԻՆ ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐԸ  ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ ԱՌԹԻՒ 

Վսեմափայլ Գերապայծառ Պետրոս Միրիաթի

Կառավարիչ Կիլիկիոյ Հայոց Պատրիարքական Եկեղեցւոյ

Լաւապէս կը յիշեմ թէ երբ 2015-ի ամառը ան ընտրուեցաւ, ընդունելէ առաջ պաշտօնը, ինձմէ խնդրեց յատուկ օրհնութիւն մը, որպէսզի հակառակ իր յառաջացած տարիքին, կարենայ կառավարել Պատրիարքական Եկեղեցին։ 

Այնուհետեւ, հանդիպումի բազմազան առիթներ եղան։ 2015-ի Սեպտեմբերի 7-ին, Հռոմի մէջ միասին համապատարագեցինք, որուն ընթացքին Եկեղեցական հաղորդութիւնը ծանուցուեցաւ. միասին բարձր բռնեցինք Քրիստոսի Մարմինը եւ Քրիստոսի Արիւնը՝ տեսանելի նշանը որ Եկեղեցիէն ներս ամէն սպասարկութեան հիմը հաճութիւնն ու համակերպումն է Խաչեալ եւ Յարուցեալ Քրիստոսին։ 2016-ին ան ինծի ուղեկցեցաւ Հայաստան կատարածս առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին, եւ յատկապէս Կիւմրիի մէջ, Պատրիարքական Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսի եղբայրակից եպիսկոպոսներուն հետ, երբ կ’այցելէի Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէ հաւատացեալներու Թեմի Մայր Եկեղեցին։ Նաեւ 2018-ին Վատիկանի Պարտէզներուն մէջ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արձանի բացման արարողութեան ընթացքին։

Բազմաթիւ են յատկանշական պահերը, որոնք առիթ ընծայեցին ինծի մօտիկ ըլլալու Գրիգոր Պետրոս Ի. Պատրիարքին ու անոր հետ՝ սիրեցեալ հայ ժողովուրդին, որ այնքան տառապեցաւ իր պատմութեան ընթացքին, սակայն միշտ հաւատարիմ մնաց Փրկիչ Քրիստոսի հաւատքի իր դաւանանքին։

Այս բոլոր տարիներու ընթացքին, իբրեւ ուշադիր Հովիւ, Նորին Սրբութիւնը նախագահեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքական եկեղեցիին, կապեր հաստատելով քաղաքացիական ու եկեղեցական տարբեր կառոյցներուն հետ, զօրավիգ կանգնելու համար ամէնէն աւելի տառապող բնակչութեանց զօրակցութեան կարգ մը նախաձեռնութիւններու, յատկապէս Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ։ Մասնաւորաբար, ան սրտանց աշխատեցաւ իր լուսամիտ նախորդի՝ Աստուծոյ Ծառայ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի երանացման եւ սրբադասման դատի բացումին համար։ 

Երկրային իր առաքելութեան վերջին շրջանին, ան արժանապատուութեամբ դիմագրաւեց իր ֆիզիքական ուժերու աստիճանական նուազումը եւ պատասխանատուութեան զգացումով խղճամտօրէն ինքն իրեն հարց տուաւ թէ դեռ եւս կարո՞ղ է որպէս Պատրիարք կառավարել Հայոց Եկեղեցին. Տէրը պատասխանեց անոր, վերջին անգամ ըլլալով անոր ուղղելով իրեն հետեւելու կոչը։ 

Հանգուցեալ Հայրապետին հոգին կը յանձնենք Աստուծոյ Ողորմութեան, ուր վստահ ենք որ իրեն կ’ուղեկցի Աստուածամօր՝ Սուրբ Կոյս Մարիամի, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի եւ հայ բոլոր սուրբերուն ու նահատակներուն բարեխօսութեան աղօթքը։

ՖՐԱՆՍՈՒԱ

Հռոմ, Լաթրանի Սուրբ Յովհաննէս,

29 Մայիս 2021