16 ՄԱՅԻՍ 1971. ԱՅՍ ԱՇԽԱՐՀԷՆ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՐ ՎՍԵՄԱՇՈՒՔ ԿԱՐԴԻՆԱԼ ԱՂԱՃԱՆԵԱՆ

16 ՄԱՅԻՍ 1971. ԱՅՍ ԱՇԽԱՐՀԷՆ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՐ ՎՍԵՄԱՇՈՒՔ ԿԱՐԴԻՆԱԼ ԱՂԱՃԱՆԵԱՆ

Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ, Հաւատոյ Տարածման Ս. Ժողովի նա­խա­գահութիւնը թերեւս միակն էր որ իր պատասխանատուէն կը պահանջէր շա­րու­­նակ շրջագայիլ: Արդարեւ, Աղաճանեան՝ հակառակ որ 66 տարեկան էր, Կով­­կաս­­ցիի առողջ կազմ ունենալով հանդերձ, յոգնածութիւնը եւ զինք մահուան դուռը հասցնող անողոք հիւանդութեան չարանշանները, առաջին անգամ արդէն յայտնուած էին: 1966 Սեպտեմբեր 14-ին, երբ ան կ’ուղղուէր դէպի Մատակասքար, ու Քէնիայի մայ­րաքաղաքը՝ հազիւ Նայրոպի ժամանած, անմիջապէս հիւանդանոց փոխադրուած էր ու ապա Իտալիա վերադարձած, երկու ամիս կազդուրուելու: Բարեբախտա­բար 1962-ի Ապրիլ 10-ին, իր քոյրը՝ Ելզա, 41 տարիներու բաժանումէ մը ետք՝ օգտուե­լով Խրուշչեւեան յարաբերաբար մեղմ քաղաքականութենէն, Ախալցխայէն Հռոմ եկած էր, իր հարազատ եղբօր կողքին կանգնելու ու զինք խնամելու:
1968 Յունուար 7-ին, Ուրբանեան Գոլէճի տնօրէնութիւնը արժանաւոր կեր­պով կը յիշատակէ  իր նախկին աշակերտին եւ ուսուցիչին՝ Աղաճանեան Կարդինալին քահանայութեան 50-ամեակը: Պատմական այս եղելութիւնը կարծէք հրաժեշտի սեղան մըն էր, որ կը տրուէր ի պատիւ հայոց մեծ Կարդինալին: Արդարեւ, 31 Յու­լիս 1969-ին, Պօղոս Զ. Պապին հետ Ափրիկէի շրջապտոյտին մասնակցելէ ետք, Աղա­ճանեան Կարդինալին առողջութիւնը այն աստիճան կը վատթարանայ, որ կը հրա­ժարի Հաւատոյ Տարածման նախագահի իր պաշտօնէն: 22 Հոկտեմբեր 1970-ին, իր հրաժարականը վերջապէս կ’ընդունուի:
Այդ օրերուն կը զուգադիպի Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա.  Կաթողիկոսին պաշ­տօնական այցը Հռոմ Պօղոս Զ. Պապին, 8 Մայիս 1970-ին: Վատիկանի նշանաւոր Սիքստեան մատրան մէջ, Հռոմի եւ Հայ Եկեղեցիներու Հովուապետները կը հան­դի­պին իրարու, եղբայրական ողջագուրումով: Այնտեղ կը գտնուէր նաեւ Կար­դի­նալ Աղաճանեան եւ մինչ Պօղոս Զ. կ’ողջագուրուէր Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքներուն հետ, Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան բարի գալուստ կը մաղթէր Ամենայն Հայոց Հայրապետին:
Արդարեւ, աստուածային նախախնամութիւնը՝ կարծէք այնպէս տնօրինած էր, որ Կարդինալ Աղաճանեան Ամենայն Հայոց Հայրապետի ողջագուրումէն կարճ ժամանակ ետք բաժնուէր այս աշխարհէն: Եւ յիրաւի, գրէթէ օրէ օր ան կը հիւծէր ան­ծանօթ հիւանդութեան մը պատճառով եւ Սուրբ խորհուրդներով զօրացած` հո­­­գին կ’աւանդէ Կիրակի 16 Մայիս 1971-ին, սուգի մատնելով Կաթողիկէ Եկե­ղե­ցին, Հայ Կաթողիկէ համայնքը, Լիբանանը, համայն Հայութիւնը եւ ամբողջ քրիս­տո­նէու­­թիւնը: Աստուծոյ եւ Եկեղեցւոյ ծառային թաղումը մեծ շուքով տեղի կ’ու­­նենայ Հռոմի Ս. Պետրոս Մայր Եկեղեցւոյ մէջ Ուրբաթ 21 Մայիսին, Ս. Պատարագ եւ Պաշտօն կը կատարուի ի ներկայութեան 32 կարդինալներու, 200-է աւելի եպիսկո­պոսներու եւ բարձրաստիճան հոգեւորականներու, անձնաւորութիւններու եւ բազմահազար հաւատացեալներու, որոնք եկած էին հրաժեշտի վերջին ողջոյնը տալու իրենց սիրելի հայ Կարդինալին:
Ս. Պետրոսի Մայր Տաճարի արարողութենէն ետք, մարմինը կը փոխադրուի Լեւոնեան Վարժարանի եկեղեցին:
Այժմ Երջանկայիշատակ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի մարմինը ամփոփուած է Հռոմի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին նուիրուած կողմնակի մատրան դամբանին մէջ: Ի դէպ՝ Ծիրանաւոր Աղաճանեան իր կտակին մէջ գրած էր. «Կ’ուզեմ որ իմ գերեզմանս Զմմառ հանգչող նախորդ­նե­րուս քովն ըլլայ»։ Այս էր փափաքն ու կտակը զոր երջանկայիշատակ Կարդինալ Աղաճանեան յայտնած էր Զմմառու վանքի վարչութեան: (Զուարթնոց 1995, հա­մար 16, էջ 9):

«ՄԱՍԻՍ» յաւերժ երախտապարտ սրտով կը խոնարհի յիշատակին առջեւ մեծագործ Ծիրանաւորին, որուն կը պարտի իր ծնունդը 74 տարիներ առաջ։