Որպէս Պապ ընտրութենէն երկուքուկէս տարի ետք, Յովհաննէս Պօղոս Բ․ ոճրափորձի մը ենթարկուեցաւ 13 Մայիս 1981-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ։ Ոճրափորձը կատարողը կը կոչուէր Ալի Ակչա, 23 տարեկան թուրք մը, Գորշ Գայլերու անդամ։ Անոր արձակած երեք փամփուշտները վիրաւորեցին Պապը փորէն, աջ արմուկէն եւ ձախ ձեռքի ցուցամատէն։ Ոճրափորձին դրդապատճառը անծանօթ կը մնայ մինչեւ օրս։ Լեհ Քահանայապետը անմիջապէս ներեց ոճրափորձը կատարողին, եւ ոճրափորձէն հինգ օր ետք, 17 Մայիս 1981-ի Հրեշտակ Տեառն աղօթքին ժամանակ, Ճեմելլիի հիւանդանոցէն տուած պատգամին մէջ յայտարարեց․ «Կ’աղօթեմ զիս հարուածող եղբօր համար, որուն անկեղծօրէն ներեցի»։ Ապա, 27 Դեկտեմբեր 1983-ին Ան այցելեց Ալի Ակչային, որ ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած էր Իտալիոյ մէջ, սակայն 19 տարի ետք, 2000-ի Յունիսին ազատ արձակուեցաւ Մեծ Յոբելեանին առիթով, Իտալիոյ նախագահ Գարլօ Ազելիօ Գիամբիի կողմէ ստորագրուած ընդհանուր ներման շնորհիւ, Վատիկանի հաւանութեամբ։
Յովհաննէս Պօղոս Բ․ միշտ յայտնեց այն համոզումը որ իր կեանքը կը պարտի Տիրամօր միջամտութեան, եւ ուզեց որ անոր յիշատակին «Եկեղեցւոյ Մայրը» խորհրդանշող մոզայիքէ արձան մը կանգնեցուի տեսանելի վայրի մը մէջ։ 2․5 մեթր բարձրութեամբ արձանը կանգնեցուեցաւ 1981-ի Նոյեմբեր-Դեկտեմբերին, Առաքելական Պալատի ճակատին, Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի աջին։ Անոր վրայ արձանագրուեցաւ իր նշանաբանը «Totus Tuus»։
Ստորեւ՝ ողբերգական իրադարձութեան պահու նկարագրականն է որ կը կատարէ մեր պաշտօնակիցը, Vatican News-ի հայկական բաժնի տնօրէն Ռոպեր Աթթարեան։
ԽՄԲ.
40 տարիներ առաջ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ տեղի կ’ունենար Յովհաննէս Պօղոս Բ․ Քահանայապետին դէմ ողբերգական մահափորձը։ Այդ Օրը դրոշմուեցաւ հաւաքական յիշողութեան մէջ, ուր սէրն ու աղօթքը յաղթեցին ատելութեան։
«Կան թուականներ, որոնք կապուած են որոշ իրադարձութեան, որոնք կը պատկանին ոչ միայն պատմութեան գիրքերուն, այլ անջնջելի կերպով քանդակուած են մեր կեանքի պատմութեան մէջ» կը գրէ Վատիկանի Հաղորդակցութեան գերատեսչութեան խմբագրական կազմի փոխ տնօրէն Տիար Ալեսսանտրօ Ճիզոթթի Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ․ Քահանայապետին դէմ կատարուած մահափորձի 40 ամեակին նուիրուած իր յօդուածին մէջ։
Ան ապա դիտել կու տայ թէ այդ իրադարձութիւններուն հետքերը այնքան զօրեղ կերպով դրոշմուած են, որ «նոյնիսկ տարիներ ետք կը շարունակենք յիշել թէ ուր էինք եւ ինչ կ’ընէինք այդ պահուն երբ այդ իրադարձութեան լուրը մեզի հասաւ»։
13 Մայիս 1981-ը դրոշմուած պատմութեան մէջ
13 Մայիս 1981-ը անկասկած կարելի է համարել այդ թուականներէն մին։ Այդ օր, պատահածը, որ անկարելի եւ աներեւակայելի կը թուէր, ներխուժեց իրականութեան մէջ. Քահանայապետի մը դէմ մահափորձ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ։
Քառասուն տարի անց, այդ ողբերգական իրադարձութիւններուն վերյիշումը, այդ գարնանային կէսօրուան ճիչերն ու ձայները լսելը տակաւին սարսուռ կը պատճառեն։
Ժամը 17։19 անց է, երբ Յովհաննէս Պօղոս Բ., Չորեքշաբթի օրուան հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին հաւատացեալներուն միջեւ կատարած շրջանին բազուկներուն մէջ կ’առնէ փոքրիկ աղջիկ մը, ապա զայն կը յանձնէ իր ծնողաց։ Մի քանի ակնթարթեր եւ լսելի կ’ըլլայ կրակոցի մը ձայնը, ապա երկրորդ կրակոց մը։
Փորէն վիրաւորուած՝ Քահանայապետը ուժասպառ կ’իյնայ զինք փոխադրող սպիտակ անծածկ ինքնաշարժին մէջ։ Ներկաները հիասթափուած են: Սկիզբը չեն հասկնար պատահածը, չեն կրնար հաւատալ անգամ թէ այդ մէկը իրապէս պատահեցաւ։
Շատեր կը սկսին լալ, ուրիշներ ծնկաչոք կը սկսին աղօթել վարդարանը, որ իրենց հետ բերած էին որպէսզի զայն օրհնել տան Քահանայապետին։ Ոմանք կը յիշեն թէ 64 տարիներ առաջ ճիշդ այդ օր` 13 Մայիսին Սուրբ Կոյսը երեւցած էր Ֆաթիմայի փոքրիկ հովիւներուն։
«Բոլորովին քուկդ` Մարիամ» նշանաբանի Քահանայապետը Աստուծոյ Ժողովուրդին կողմէ կը յանձնուի Տիրամօր։ Եւ ճիշդ Տիրամօր միջամտութեան է որ Վոյթիլա Քահանայապետը կը վերագրէ իր փրկութիւնը։
Եթէ ձեռք մը ուզեց զինք սպաննել, այլ ձեռք մը, աւելի զօրեղ, փամփուշտը շեղեցուց ու փրկեց անոր կեանքը։
Այդ 13 Մայիսի յետմիջօրէին Վատիկանի հրապարակին վրայ սկիզբ առած աղօթքը շատ արագ կերպով կը ծաւալի ընդգրկելով համայն աշխարհը։
Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոյի յուշը
Աղօթողներու շարքին էր նաեւ Հայր Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոն, Պուէնոս Այրէսի «San José» վարժարանի այդ ժամանակուայ տեսուչը։
Ան մեր հետ կը բաժնեկցի այդ 13 Մայիսի յիշատակը։ Կը գտնուէր Արժանթինի Առաքելական Նուիրակութեան մէջ եւ այնտեղ է, որ Նուիրակութեան քարտուղարը` Գերապայծառ Քլուատիօ Մարիա Չելլի իրեն կը հաղորդէ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ․ի դէմ մահափորձին լուրը։
Հաւատացեալներու աղօթքը
Հաւատացեալներու աղօթքը չի դադրիր մինչեւ այն օրը երբ Յովհաննէս Պօղոս Բ․ի կեանքը վտանգէ դուրս կու գայ։ Այդ աղօթքը սակայն երբեք պակաս չեղաւ ու կերպով մը անոր աջակցեցաւ իր երկրային համայն կեանքի ընթացքին, մանաւանդ տառապանքի պահերուն, հիւանդութեան պահերուն, որ իր գագաթնակէտը գտաւ 2005-ի գարնան, երջանկայիշատակ սուրբին ապրած վերջին օրերուն, երբ միլիոնաւոր հաւատացեալներ ներխուժեցին Սուրբ Պետրոս հրապարակ իրենց որդիական մօտիկութիւնը արտայայտելու սրբակեաց Քահանայապետին։
Ռատիօ Վատիկանի աշխատակիցին վկայութիւնը
13 Մայիսի օրն ու պահը ապրեցաւ նաեւ Ռատիօ Վատիկանի երբեմնի աշխատակից Պենետեթթօ Նարտուչչին, որ կանչուած էր ուղիղ եթերով լուսաբանելու հրապարակային ունկնդրութիւնը եւ անակնկալ կերպով ստիպուած եղաւ աշխարհին պատմել պատահածը։
«Առաջին անգամն ըլլալով Վատիկանի մէջ կը խօսուի ահաբեկչութեան մասին։ Կը խօսուի ահաբեկչութեան մասին քաղաքի մը մէջ որտեղէն միշտ ուղղուած են սիրոյ պատգամներ, պատգամներ համերաշխութեան, ուղերձներ ներդաշնակութեան» կ’ըսէ ան։
Ատելութենէն՝ սէր
Արդարեւ, այդ ահաւոր ոճիրին ատելութիւնը տպաւորիչ էր, բայց աւելի տպաւորիչ պիտի ըլլայ սիրոյ եւ գթութեան ուժը, որ լուսաւոր եւ խորհրդաւոր կերպով պիտի առաջնորդէ Յովհաննէս Պօղոս Բ․ի Քահանայապետութեան ու երկրային կեանքին ուղեւորութիւնը։ Այս մէկը ի յայտ կու գայ չորս օր ետք` երբ բուժման ենթարկուած Քահանայապետը Ճեմելլի հիւանդանոցի իր սենեակէն արտասանած «Ուրախ լեր Թագուհի» Մարեմեան աղօթքի ընթացքին կը վստահեցնէ իր ներումը իր դէմ մահափորձ կատարողին, զայն կոչելով եղբայր։ Այո եղբայր։ Եւ այդ միասնական եղբայրութիւնը, որ արձանագրուած է Երկնքի մէջ պիտի ըլլայ դերակատար այլ մէկ թուականին` 27 դեկտեմբեր 1983-ին, երբ Սուրբ Քահանայապետը այցելութիւն կու տայ իր դէմ մահափորձը կատարած Ալի Աքչային, Հռոմի Ռեպիպիա բանտին մէջ։
Քահանայապետը այդ արարքով ուզեց փրկել կեանքն անոր որ իրմէ պիտի խլէր կեանքը։
Եղբայրութիւնը
«Հանդիպեցանք որպէս մարդիկ եւ եղբայրներ» հաստատեց Վոյթիլա Քահանայապետը հանդիպումի աւարտին, աւելցնելով` «բոլորս եղբայրներ ենք ու մեր կեանքի բոլոր իրադարձութիւնները պէտք է հաստատեն այդ եղբայրութիւնը, որ կը բխի այն իրականութենէն` թէ Աստուած մեր Հայրն է»։
Ահա այդ նոյն եղբայրութիւնն է, որ այսօր Ֆրանչիսկոս Պապը մեզի ցոյց կու տայ, որպէս միակ ճանապարհ` մարդկութեան ապագային համար։