ՀՐԹԻՌՆԵՐՈՒ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՏԱՐԱՓ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԵՒ ԿԱԶԱՅԻ ՎԵՐԵՒ

ՀՐԹԻՌՆԵՐՈՒ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՏԱՐԱՓ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԵՒ ԿԱԶԱՅԻ ՎԵՐԵՒ

Ս.Ն.


 

11 օր անընդմէջ կատաղի հրթիռակումներով յատկանշուած հակամարտութենէ մը ետք, 21 Մայիսի լուսաբացին, Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ կայացաւ զինադադարի համաձայնութիւն շնորհիւ Միացեալ Նահանգներու ճնշումներուն եւ Եգիպտոսի ու Քաթարի մէջ ՄԱԿ-ի պատուիրակ Թոմ Վենեզլանտի ջանքերուն։
Համասի ներկայացուցիչ Ուսամա Համտան լիբանանեան լրատուամիջոցի մը տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց թէ այս մէկը Համասի համար յաղթանակ է եւ թէ Համասը հաւաստիացումներ ստացած է Տաճարի լերան եւ Արեւելեան Երուսաղեմի Շէյխ Ժարրահ շրջանին շուրջ Իսրայէլի վարած քաղաքականութեան վերաբերեալ։ Իսրայէլեան դատարանին վճիռով, այս շրջանին մէջ պաղեստինեան տասնեակ ընտանիքներ տնազուրկ պիտի դառնային։ Սակայն, Իսրայէլեան կողմը այս մասին լուրերը որակած է «անհեթեթ ու կեղծ» խօսելով «առանց պայմաններու հրադադարի մասին»։
Տարիներէ ի վեր շարունակուող հանդարտութենէ ետք, Մայիսի 10-ին, իսրայէլացիներուն եւ պաղեստինցիներուն միջեւ բախումները վերսկսան ոչ միայն սահմանափակ ծաւալով ինչպէս կը պատահէր սովորաբար, այլ աննախընթաց սաստկութեամբ։ Պաղեստինեան զինեալ խմբաւորումներուն, մասնաւորաբար Համասին կողմէ աւելի քան 4000 հրթիռներ արձակուեցան Իսրայէլին ուղղութեամբ։ Իսրայէլեան բանակը իր կարգին մասսայական հրթիռակոծումի ենթարկեց Կազայի գօտին, սպաննելով 250 հոգիներ, որոնց նուազագոյնը 60-ը մանուկներ եւ 30-ը կիներ են, եւ պատճարելով աւելի քան 1300 վիրաւոր։ Կարգ մը քաղաքներու մէջ բախումներ տեղի ունեցան արաբներու եւ իսրայէլացիներու միջեւ։Հակառակ բախումները դադրեցնելու միջազգային կոչերուն, Իսրայէլի Վարչապետը՝ Նեթանիահու յայտարարեց թէ «Կազայի դէմ յարձակումը պիտի շարունակուի այնքան ժամանակ որքան անհրաժեշտ է», մինչ Իսրայէլեան աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ Իսրայէլ 7000 պահեստային ուժ զօրաշարժի ենթարկած է եւ թէ անոնք Կազայի հետ սահմանային հատուած պիտի տեղափոխուին։
Ինչո՞ւ այս յանկարծակի բռնկումը։ Արեւելեան Երուսաղէմի Ալ Աքսա մզկիթին մօտ ծագած խռովութիւններու հետեւանքով։ Ասոր պատճառը՝ Շէյխ Ժարահ թաղամասին մէջ արաբ ընտանիքներով բնակեցուած բնակարաններու բռնագրաւման մասին իսրայէլական դատարանի վճիռն էր, որ յետս կոչուած ըլլալ կը թուի զինադադարի համաձայնութեամբ։
Ծանօթ է որ Երուսաղէմի խնդիրը Իսրայէլին եւ պաղեստինցիներուն միջեւ գլխաւոր կռուախնձորն է։ Իսրայէլ ամբողջ քաղաքը կը նկատէ իր «անբաժանելի» մայրաքաղաքը։ Անոր այս կեցուածքին կը զօրակցի Ուաշինկթըն։ Պաղեստինցիները իրենց կարգին Արեւելեան Երուսաղէմը կ’ուզեն դարձնել մայրաքաղաքը այն Պետութեան զոր կ’ուզեն ստեղծել։ Միացեալ Ազգերը զգուշացուցին Իսրայէլը պաղեստինցիները իրենց բնակավայրերէն բռնի արտաքսելու ամէն փորձէ, յայտարարելով որ նման արարքները կրնան նկատուիլ «պատերազմի ոճիրներ»։
Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Սուրբ Աթոռին մտահոգութիւնը յայտնեց Համասի եւ Իսրայէլի միջեւ շարունակուող ընդհարումներու մասին։ Ան հրատապ նկատեց զինադադարի հաստատումը, իր վիշտն ու մտահոգութիւնը յայտնելով ներկայ կացութեան համար։ Փարոլին նշեց որ հակառակ միջազգային ընտանիքին ջանքերուն, զինադադարի հասնելու համար, Համասին եւ Իսրայէլի միջեւ բախումները , մեռեալներէ անդին քար ու քանդ ըրին բոլոր տարածաշրջանը։ Ան յիշեց Ֆրանչիսկոս Պապին, Կիրակի 16 Մայիսին, կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքին առթիւ արտասանած խորհրդածութեան մէջ արտայայտած մտահոգութիւնը, յատկապէս մահացած մանուկներու առնչութեամբ։
«Մեր յանձնառութիւնն է ամէն ինչ կատարել զինադադարի հաստատման համար » ըսաւ Կարդինալ Փարոլին, ընդգծելով որ անհրաժեշտ է միացնել բոլոր ուժերը դադրեցնելու համար տագնապը։

Palestinians inspect their destroyed houses following overnight Israeli airstrikes in town of Beit Hanoun, northern Gaza Strip, Friday, May 14, 2021. (AP Photo/Khalil Hamra)