ԽԱՊՐԻԿՆԵՐ՝ ՔԵՍԱՊԷՆ

ԽԱՊՐԻԿՆԵՐ՝ ՔԵՍԱՊԷՆ

ՄԱՍԻՍի Հոկտեմբեր 2020 թիւին մէջ լոյս տեսած էր հակիրճ թղթակցութիւն մը որուն մէջ կը ներկայացնէինք Քեսապի Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ եւ ժողովրդապետութեան գործունէութիւններն ու նախաձեռնութիւնները: Մասիսի այս համարին մէջ, կը տեղեկանանք յետդարձ ակնարկով, վերջին վեց ամիսներու ընթացքին հոն տեղի ունեցած անցուդարձերուն եւ մեր եկեղեցւոյ լուրերուն մասին:
Քեսապը ներկայիս կը վայելէ համեմատաբար խաղաղ օրեր. Յոյսով ենք որ Սուրիոյ պատերազմը ամբողջովին կը դադրի եւ ան կը գտնէ իր երբեմնի անդորր օրերը, հետեւաբար Քեսապն ալ կը վերատիրանայ իր տիտղոսին՝ Սուրիոյ լաւագոյն զբօսաշրջութեան եւ կազդուրման կեդրոն: Արդարեւ, ամրան եղանակին Քեսապ կը դիմէին Սուրիոյ զանազան քաղաքներու բնակիչները ինչպէս նաեւ արաբական երկիրներէն մեծաթիւ այցելուներ: Մանաւանդ Քեսապը կը լուսաւորուէր երբ հոն կը դիմէին սուրիահայ ընտանիքները, որոնք կու գային վայելելու Քեսապի գեղեցիկ բնութիւնը, ինչպէս նաեւ հայ սկաուտական եւ պատանեկան շարժումները ուր կ’անցնէին իրենց ամառնային բանակումները:

 

Տօն Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին
Կարելի է անվարան ըսել թէ Յակոբ անունը ամենատարածուած անունն է Քեսապի մէջ: Այդ իրականութիւնը լոկ զուգադիպութիւն չէ այլ արդիւնք է մեծ յարգանքին եւ մեծարանքին , զոր ունին քեսապցիները հանդէպ Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին:
Արդարեւ, ինչպէս ամէն տարի, մեծ շուքով նշուեցաւ Ս. Յակոբի տօնը Կիրակի, 13 Դեկտեմբերին, Քեսապի Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ մէջ: Ժողովրդապետ Հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան մատոյց ձայնաւոր Ս. Պատարագը եւ տուաւ յաւուր պատշաճի քարոզը: Ան քարոզին մէջ վեր առաւ մեծ սուրբին արժանիքները եւ ըսաւ. «Մծբինի Սուրբ Յակոբ հայրապետը հաւատքի, յոյսի, սիրոյ եւ ծառայասիրութեան հերոսն է» :
Պատարագի աւարտին Յակոբ անունները կրողները ստացան յիշատակի նուէր՝ Աստուածաշունչ մը, որպէսզի զայն կարդալով առաջնորդուին դէպի անսպառ կեանքի աղբիւրին՝ Քրիստոսի: Ապա բոլոր ներկաները ուղղուեցան վանքին բակը, ուր տեղի ունեցաւ այս առիթին համար պատրաստուած աւանդական հարիսային օրհնութիւնը եւ բոլոր ներկաները հիւրասիրուելէ ետք՝ գոհունակ ուղղուեցան իրենց տուները:

Այցելութիւններ քոյր եկեղեցիներու նորանշանակ հովիւներու
Ընկերակցութեամբ ժողովրդապետական յանձնախումբի անդամներուն, Հ. Նարեկ վրդ. Լուիսեան տուաւ շնորհաւորական զոյգ այցելութիւններ Քեսապի մէջ նորանշանակ քոյր եկեղեցիներու երկու հոգեւոր հովիւներուն: 27 Յունուար 2021-ին Քեսապ ժամանած էր Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ՝ Տէր Մասիս Արք. Զուպոյեան ընկերակցութեամբ Քեսապի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ նորանշանակ հովիւ՝ Հ. Անդրանիկ աբեղայ Քիւրիւմեանի: Հայր Նարեկ շնորհաւորեց սրբազան հայրը, Հ. Անդրանիկը եւ թաղականութիւնը եւ մաղթեց նորանշանակ հոգեւոր հօր բարի կեցութիւն եւ բեղուն գործունէութիւն Քեսապի մէջ:


Նոյն նպատակով ժողովրդապետ հայրը 25 Մարտին այցելեց Քեսապի Հայ Աւետարանական Եկեղեցի, եւ իր խնդակցութիւններն ու շնորհաւորութիւնները յայտնեց Քեսապի աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ Շանթ Ակիշեանին, որ ժամանած էր Քեսապ Սուրիոյ հայ աւետարանական եկեղեցիներու համայնքապետ՝ վեր. Յարութիւն Սելիմեանի ընկերակցութեամբ: Հայր Նարեկ եւ օժանդակ մարմնի անդամները մաղթեցին նորանշանակ հովիւին բարի առաքելութիւն, ուժ եւ կորով, վստահեցնելով որ միասնաբար եւ համագործակցաբար պիտի աշխատին նուիրուելով եւ ծառայելով քեսապահայութեան եւ Քեսապի վերելքին եւ բարգաւաճման, ինչպէս որ եղած է պարագան նախկին պատուելիին հետ:

Վարդանանց Տօնահանդէս
Երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն՝ Վարդանանց հերոսամարտի յիշատակի տօնակատարութիւնը Քեսապի մէջ կը կատարուի միջ եկեղեցական կազմակերպութեամբ: Արդարեւ, Հինգշաբթի, 11 Փետրուար 2021-ի առաւօտեան ժամը 10-ին մատուցուեցաւ Սուրբ եւ անմահ Պատարագ Քեսապի Հայ Առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Պատարագիչն էր Տէր Անդրանիկ Աբեղայ Քիւրիւմեան:
Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ տօնակատարութիւնը, որուն բացման խօսքը արտասանեց նոյնինքն պատարագիչը:
Իւրաքանչիւր յարանուանութիւն բաժին մը պատրաստած էր օրուան տօնակատարութեան գեղարուեստական բաժնին: Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ երգչախումբը երգեց «Հիմի էլ Լռենք»ը, ՀԿՄ-ի խումբ մը պատանիներ ասմունքեցին վարդանաշունչ բանաստեղծութիւններու փունջ մը, իսկ Հայ Կաթողիկէ Բարեյուսոյ վարժարանէն աշակերտներ երգեցին «Վարդանի երգ»ը:
Օրուան բանախօսն էր Հ. Նարեկ վրդ. Լուիսեան:
Բանախօս հայրը ըսաւ. «Վարդանանց պատերազմը մեր ազգային ու եկեղեցական պատմութեան ամենամեծ եւ ամենասխրալի դէպքերէն մին է: (…) Ինչպէս ամէն գարնան կը զգանք նոր եռանդ եւ նոր աւիւն մեր մէջ, այդպէս ալ ամէն Վարդանանցի՝ ազգովին կը վերանորոգենք մեր հաւատքը, յոյսը եւ սիրոյ զգացումները»: Հայր սուրբը աւելցուց ըսելով. «Վարդանանց պատերազմը ամենամեծ կանչն է եւ բողոքը ընդդէմ բռնակալութեան՝ ի խնդիր խղճի ազատութեան: Պայքարի խորքն է, այդ կանչը:(…) Խղճի ազատութիւնը Վարդանանց համար հաւատքի ազատութիւնն էր»: Հ. Նարեկ եզրափակեց իր խօսքը հետեւեալ կոչով. «Այսօր, եթէ մենք մեզ կը նկատենք որպէս Վարդանի թոռներ, պարտինք անոնց կտակը մեր սրտերուն մէջ մաքուր պահել:
«Իրաւունք չունինք զայն սրբապղծելու:
«Իրաւունք չունինք զայն աղաւաղելու:
«Այլ ընդհակառակը, պարտինք զայն լաւապէս խնամել ու փոխանցել մեր յաջորդներուն: Պարտինք այս շունչով դաստիարակել մեր մատղաշ սերունդը»:
Հանդիսութեան փակման խօսքը արտասանեց Հալէպէն ժամանած պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեան:

Հոգեւոր Համերգ
Հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Քեսապի Հայ կաթողիկէ Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան եւ աջակցութեամբ «SOSCO» եկեղեցական կազմակերպութեան, Հինգշաբթի 18 Մարտ 2021-ին տեղի ունեցաւ հոգեւոր երգերու համերգ մը, Քեսապի Ս. Միքայէլ վանքին հիմնադրութեան 95 ամեակին նուիրուած: «Լոյս խաւարէն ետք» խորագրով համերգին մեներգողներն էին Լեւոն Ապաճեան, Ապիր Ալ Պաթալի որոնց կ’ընկերանային երաժիշտներ՝ Նարեկ Ապաճեան, Պասեմ Ալճապրի եւ Հանիպալ Սաղտի: Համերգին ներկայ էին քոյր եկեղեցիներու հովիւներ, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն մը: Բացման խօսքով հանդէս եղաւ տիկ. Թամար Քէշիշեան որ վեր առաւ երաժշտութեան դերը հայ ժողովուրդին մէջ նշելով թէ հայը՝ երգով եւ երաժշտութեամբ, գրչով եւ վրձինով կրցած է ջերմացնել իր հոգին երբ հողը եւ տունը անարդարօրէն խլուեր էին իրմէ: Հոգեւոր երգերը թովեցին հոգիները ներկաներուն որոնք ծարաւը ունէին նման համերգի:
Աւարտին խօսք առաւ Քեսապի Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Հ. Նարեկ Լուիսեան եւ «Լոյս Խաւարէն Ետք» խորագրին միտքը բացատրելով ըսաւ.« Այսօր, այս մութ օրերուն, աւելի քան երբեք կարիքն ունինք Աստուծոյ Լոյսին, օգնութեան եւ ողորմութեան որ փարատէ ու բժշկէ մեր ցաւերը, մխիթարէ մեզի՝ յաղթահարելու տնտեսական ու հոգեկան բոլոր դժուարութիւնները եւ պահապան կանգնի մեր հայրենիքին ու բազմաչարչար հայ ազգին»: Ապա ան պահպանիչով փակեց այդ անկրկնելի երեկոն:

Ապրիլ 24
Հայոց մեծ եղեռնի նահատակներու յիշատակը ոգեկոչելու համար, 24 Ապրիլ 2021-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, քեսապահայութեան ժամադրավայրն էր Հայ Աւետարանական Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին, ուր երկար տարիներու սովորութեան համաձայն տեղի կ’ունենայ միջ յարանուանական հանդիսութիւնը:
Մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութենէ ետք բացման խօսքը կատարեց հայ կաթողիկէ Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հ. Նարեկ վրդ. Լուիսեան. ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. « Մենք այսօր հաւաքուած ենք այս սուրբ վայրին մէջ, յայտարարելու Քեսապի բարձունքներէն, որ 1909-ի Ատանայի ջարդերուն եւ 1915-ի Մեծ Եղեռնին սովին եւ աքսորին տոկացած եւ օսմանեան դաւադրութեան ենթարկուած մեր նախնիներուն ժառանգորդներս, կը յայտարարենք եւ համայն աշխարհին կոչ կ’ուղղենք անդրադառնալու Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքներուն եւ անոր արդար դատին: Մենք Թուրքիայէն կը պահանջենք մեր արդար իրաւունքները որոնք ցայսօր կը մնան բռնաբարուած թրքական իրարայաջորդ կառավարութիւններու կողմէ»: իսկ խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն հայր Նարեկ շարունակեց.« Սիրելի Քեսապի քաջ երիտասարդներ, դուք էք յոյսը մեր հայ ազգին եւ մեր գիւղին, պողպատեայ կամքով եւ անխորտակելի կորովով վերսկսելու նոր կեանքը, իբր անհերքելի պատասխան եղեռնագործ թշնամիին: Այո՛, սիրելի հայ երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ, հպարտութեամբ միշտ պատրաստ եղէ՛ք հայ դատի ճամբով պաշտպանելու հայոց իրաւունքները, պայքարեցէ՛ք եւ եղէ՛ք դրօշակակիր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, եւ զօրավիգ կանգնեցէ՛ք ձեր հայրենիքին, որպէսզի ունենանք ամբողջական Հայաստան»:
Հանդիսութիւնը որուն նշանաբանն էր՝ «Չենք հրաժարիր մեր իրաւունքներէն», շարունակուեցաւ ասմունքներով, երգերով եւ երաժշտական կատարումներով: Օրուան բանախօսն էր Տէր Անդրանիկ աբեղայ Քիւրիւմեան: Երեք համայնքերու կողմէ կազմուած միացեալ երգչախումբը կատարեց «Աքսորի Երգը», «ԱտանայիԿոտորածը», «Գէորգ Չաւուշի Յիշատակին», «Զարթիր Լաօ» հայրենասիրական երգերը: Իսկ փակման խօսքով հանդէս եկաւ պատուելի Շանթ Ակիշեան:
Առաջնորդութեամբ Քեսապի ՀՄԸՄ-Ի շեփորախումբին ու սկաուտական կարգերուն, տեղի ունեցաւ տողանցք՝ դէպի Մեծ Եղեռնի Յուշակոթող, մասնակցութեամբ երեք համայնքապետերուն, միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն, պետական ներկայացուցիչներուն եւ քեսապահայ հոծ բազմութեան:
Վերջապէս, Յուշակոթողին առջեւ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում եւ Սրբոց Նահատակաց բարեխօսութեան աղօթք, որուն աւարտին ժողովուրդը երգեց «Կիլիկիա» մաղթերգը:
Բոլոր այս ձեռնարկներու եւ հանդիսութիւններու կողքին, Քեսապի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան մէջ հոգեւոր կեանքը կը շարունակուի բնական եւ կատարեալ ձեւով, կիրակնօրեայ եւ տօնական օրերու ձայնաւոր Սուրբ Պատարագներով, ամէն ամսուան առաջին Ուրբաթ օրերու Սիրտ Յիսուսի պատարագով եւ Մայիս ամսուան ընթացքին Ս. Կոյս Մարիամի նուիրուած ջերմեռանդութիւններով, որոնց քեսապահայ ժողովուրդը կը մասնակցի մեծ երկիւղածութեամբ եւ բարեպաշտութեամբ:


Տօն Սրբուհի Ռիթայի

Քեսապահայութիւնը մեծ ջերմեռանդութեամբ, Շաբաթ 22 Մայիս 2021-ին տարբեր գիւղերէ փութաց Քեսապի Հայ կաթողիկէ Ս. Միքայէլ եկեղեցի եւ մասնակցեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագին եւ Ս. Ռիթայի ջերմեռանդական աղօթքներուն:
Պատարագիչ ժողովրդապետ՝ Հ. Նարեկ Վրդ. Լուիսեան իր քարոզին մէջ ըսաւ. «Այսօր ուխտի եկած ենք ու մեր հաւատքը կը վերանորոգենք անկարելի դատերու փաստաբան՝ Ս. Ռիթայի հանդէպ: Մեզմէ ամէն մէկը հոգեւոր փորձառութիւն մը, շնորհք մը կամ հրաշք մը ընդունած է Աստուծմէ, բարեխօսութեամբ հրաշագործ Ս. Ռիթայի»:
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ վարդերու օրհնութիւն եւ նշխարահամբոյր: Եկեղեցւոյ «Բարեսէր Տիկնանց Միութեան» եւ «ժողովրդապետութեան Օժանդակ Մարմնի» անդամները, իւրաքանչիւր հաւատացեալի որպէս նուէր եւ օրհնութիւն բաժնեցին Ս. Ռիթայի սրբանկարը եւ կարմիր վարդ մը, իսկ Եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն Քեսապի աւանդական բոկեղով:

ՌԱՖՖԻ ՃՈՒՐԵԱՆ