ՍՔԱՆՉԵԼԻ ԳԱՂԱՓԱՐ ԱՆԿԱՐԵԼԻ ԾՐԱԳԻՐ

ՍՔԱՆՉԵԼԻ ԳԱՂԱՓԱՐ ԱՆԿԱՐԵԼԻ ԾՐԱԳԻՐ

ԶԱՒԷՆ Տ. ՏԻԳՐԱՆԵԱՆ


 

Արագ ընթացքով եւ առանց կարենալ կասեցնելու, ապրուստի պայմանները անհանդուրժելի դարձած են, եւ օրէ օր, լիբանանցին ա՛լ աւելի կը տագնապի երբ կը փորձէ ապահովել միայն ամէնէն համեստ ապրելակերպի անհրաժեշտութիւնները, առնուազն դեղորայքը, բժշկութեան ծախսերը, ուտելիքը եւ վառելանիւթը՝ ինքնաշարժի եւ լուսաւորման։
Այս հանգրուանին, դժուարութիւնները կը վերագրուին մինչեւ հիմա գործադրուած «նպաստ»ի (տաամ) քաղաքականութեան, որ անճարակ դուրս եկաւ, եւ սպառեց Կեդրոնական Դրամատան եւ առեւտրական դրամատուներուն մէջ հաւաքուած օտար դրամանիշով գումարները։ Ահռելի վիճակ մը ստեղծուած է եւ պատասխանատուները քաջութիւնը չունին այս հարցով որոշում առնելու, որովհետեւ «որոշումը» ծանր հետեւանքներ պիտի յառաջացնէ։ Ներկայիս կը յայտնուի թէ (հակառակ որ սկիզբէն ի վեր կը նախատեսուէր) «նպաստ»ի քաղաքականութենէն օգտուած են մեծ տոկոսով ոչ-լիբանանցիներ, միլիառատէր դարձած են կաշառակեր պատասխանատուներ եւ «մաֆիա» առեւտրականներ, մինչ շատ փոքր տոկոսով լիբանանցի ժողովուրդ օգուտ քաղած է անկէ, որուն զուգահեռ կենսական նիւթեր սպառեցան, հասնելով չգոյութեան սահմանները։ Այսպիսով՝ շուկայի վրայ անգտանելի են դեղերը, կենսական ուտեստեղէնը, նոյնիսկ մսեղէնը, նաեւ վառելանիւթը։
Դժբախտաբար, լիբանանցին իր ցաւերը հեգնանքով եւ արհամարհանքով կ’արտայայտէ… Օտար բարեկամ մը երբ հարց տուաւ ինծի թէ համայնատարած անգործութեան ի տես լիբանանցի քաղաքացիները ինչո՞վ կը զբաղին, պատասխանս եղաւ՝ օրական 3 ժամ պենզին գնելու կը տրամադրեն։ Մեծ գործերը սովորական շուկաներու օրէնքներուն չեն հետեւիր, ամէն ինչ տեղի կ’ունենայ «սեւ շուկայի» վրայ։
Եթէ լիբանանցիներ աւելի քան մէկուկէս տարիէ ի վեր կը դիմանային տոլարի գինի չսպասուած սղութեան, շնորհիւ կենսական սննդանիւթերուն տրուած «նպաստ»ին կամ “տաամ”-ին էր, որոնք հաշուի կ’առնէին տոլարի 1500-ի սակագինը, սակայն գումարները կը տրամադրուէին «չարաշահ» առեւտրականներու, որոնք «նպաստ» վայելող ապրանքներուն 40%-ը միայն կը յատկացնէին լիբանանցիներուն, իսկ մնացեալը կը ծախէին երկրէն դուրս, քառապատկելու կամ նոյնիսկ տասնապատկելու համար իրենց շահոյթը։
Անգամ մը եւս, դժբախտաբար, ցաւալի եւ հոգելլկիչ իրականութիւնը յայտարարուեցաւ, երբ Կեդրոնական դրամատան օտար դրամանիշերու պահեստը, իր վերջին «ղրուշ»ներուն հասաւ եւ այս հանգրուանին, պատասխանատուները նո՜ր «անդրադարձան» որ լիբանանցիները չեն օգտուիր եւ նպաստի նոր ձեւ մը պէտք է գործի լծուի։ Այս նոր ձեւին համար կ’առաջարկուի «ֆինանսաւորման տոմս»ը (պիթաքա թամուիլիյա), որուն հիման վրայ իւրաքանչիւր ընտանիք պիտի ստանայ «նպաստի գումար» մը։ Գաղափարը՝ սքանչելի, սակայն գործադրութիւնը՝ անկարելի։ Լիբանանցի պատասխանատուները շատ հնարամիտ են նման կարգադրութիւններու մէջ։ Սքանչելի գաղափարներ կ’առաջադրեն, սակայն ոչինչ կը գործադրեն։ Ըստ նախնական տուեալներու, որոնց ուսումնասիրութիւնները բնաւ լուրջ չեն թուիր, 750,000 լիբանանցի ընտանիքներ ուղղակիօրէն պիտի օգտուին տոմսերուն միջոցաւ, իւրաքանչիւր ընտանիքին հայթայթելով նուազագոյնը 1,300,000 լիբ. ոսկի, փոխարէնը շուկայի վրայ բոլոր ապրանքները պիտի վաճառուին տոլարի օրուան փոխանակման սակագինին համաձայն, որպէսզի Կեդրոնական դրամատունը չհարկադրուի նոյնիսկ տոլարի վերջին գումարները վատնել։ Այս առաջարկը, որ խորքին մէջ տրամաբանական կը թուի, սակայն գործնական հիմքեր չունի եւ ենթակայ է բազմաթիւ հարցականներու, որոնց պատասխանները ներկայիս չկան։ «Տոմս»երու պատրաստութիւնը եւ ընտանիքներուն բաշխումը որքան ժամանակի կը կարօտի եւ պետական ի՞նչ հիմնարկ պիտի ստանձնէ ասիկա։ Գումարները ինչպէ՞ս պիտի ապահովուին։ Պետութիւնը ինչպէ՞ս եկամուտ պիտի ապահովէ այս ծախսերը ապահովելու համար, մինչ կը խօսուի թէ «նպաստ»ներու քաղաքականութիւնը պիտի դադրի Մայիսի աւարտին։ Տակաւին այլ մտահոգութիւններ ալ կան…։ Այս գումարները եթէ ծախսուին շուկայի վրայ, որքանո՞վ «նպաստ»ին պիտի յատկացուին եւ որքանո՞վ տոլարի «սեւ վաճառքին» պիտի ուղղուին, ինչպէս որ լիբանանցին կը սիրէ կատարել ընդհանրապէս… եւ այս պարագային, տոլարի պահանջքը պիտի աւելնայ ու գինը նոր բարձրացում պիտի արձանագրէ։
Եթէ Լիբանանցին ազգայնական մօտեցում պիտի չցուցաբերէ իր հարազատ երկրին եւ քաղաքացիներուն հանդէպ, ինչպէս որ վերջին շուրջ 50 տարիներէ ի վեր կը կատարուի, այս «տոմս»երը եւս կ’երթան «տարեցնելու կենսաթոշակներու», «գաղթականներու բնակարանաշինութեան», «պատերազմէն տուժածներու հատուցումի», «հին վարձքերու օրէնքէն տուժողներու սնտուկի» ցանկին վրայ աւելնալու, առանց որեւէ օգուտ ընծայելու եւ մեզ կը տանին յաւելեալ սնանկացումի, որուն սեմը դժբախտաբար արդէն անցած ենք եւ կը գտնուինք անդունդը։