ԵՂԲԱՅՐ ՍԱՀԱԿ ՔԷՇԻՇԵԱՆԻ ՍԱՐԿԱՒԱԳԱԿԱՆ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆԸ

ԵՂԲԱՅՐ ՍԱՀԱԿ ՔԷՇԻՇԵԱՆԻ ՍԱՐԿԱՒԱԳԱԿԱՆ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆԸ

Կոչում եւ նուիրում. ահա այն անհրաժեշտ տուեալները կիսասարկաւագական տուչութիւն ստանալու համար։
Քահանայական կարգի հասնելու ճամբուն, կարեւոր հանգրուան է կիսասարկաւագի պաշտօնը, երբ եկեղեցւոյ մէջ ժամերգութեան, պատարագի, խորհուրդներու եւ միւս բոլոր արարողութիւններու ընթացքին կիսասարկաւագը կը ծառայէ խորանին եւ իր միտքն ու հոգին կը պատրաստէ Քահանայութեան:
Կիրակի, 9 Մայիս 2021-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Զմմառու Պատրիարքական կղերի Միաբանութեան Մայրավանքի՝ Փոխման Ս. Կուսին Մայր եկեղեցւոյ մէջ ընթացս Սուրբ եւ անմահ Պատարագին, տեղի ունեցաւ Սահակ (ժագ) Քէշիշեանի դպրութեան, փոքր աստիճաններու եւ կիսասարկաւագութեան տուչութիւնը, ձեռամբ՝ Պատրիարքական փոխանորդ՝ Զմմառու Պատրիարքական կղերի Միաբանութեան ու Պէյրութի պատրիարքական թեմի եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր՝ Գերապայծառ Գաբրիէլ թ․ծ․վ. Մուրատեանի, առընթերակայութեամբ՝ Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ փոխ ժողովրդապետ Գերապատիւ Հայր Լեւոն վրդ. Ստեֆանի, խարտաւիլակութեամբ՝ համանուն Միաբանութեան Ս. Միքայէլ ընծայարանի եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի Տեսուչ Գեր. Հայր Գրիգոր վրդ. Պատիշահի:
Արարողութեան աւարտին Մեծաւոր հայրը, Տեսուչն ու Տիրացու Սահակը շնորհաւորանքները ընդունեցին եկեղեցւոյ գաւիթը, հատելով կարկանդակը: