ԱՌԱՋԻՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՄՕՏԵՆԱՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ 137 ՍԱՆ

ԱՌԱՋԻՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՄՕՏԵՆԱՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ 137 ՍԱՆ

Մեր Տէրը ըսաւ.

«Թոյլ տուէք, որ մանուկները ինծի գան,

այդպիսիներուն է Աստուծոյ Արքայութիւնը»

«Հրաւէրդ կ’ընդունիմ ով Յիսուս,

ահաւասիկ կու գամ քեզի…

Եկուր իմ սիրտս, եւ լեցուր զայն Քու սիրովդ…»

Մայիս ամիսը ընդհանրապէս տօնական ամիս է ոչ միայն Աստուածամօր եւ մայրերուն նուիրուած ամիս ըլլալուն համար, այլեւ Առաջին Հաղորդութեան յուզիչ արարողութիւններով, որոնք աւելի եւս կը հարստացնեն մեր հոգեւոր կեանքը եւ մեր երեխաները աւելի եւս կը մօտեցնեն եկեղեցւոյ եւ հաւատքին: Այս ամսուան ամբողջ տեւողութեան, մեր եկեղեցիները շուշանափայլ զարդարանքներով հիասքանչ տեսարան մը կը պարզեն:
Իւրաքանչիւր քրիստոնեայի համար մեծ խորհուրդ ունի Սուրբ Հաղորդութեան ընդունումը: Գիտակցելով ու հասկնալով խորհուրդին իմաստը, եւ հակառակ քորոնաժահրի պարտադրած սահմանափակումներուն, այս ամիս Լիբանանի հայ կաթողիկէ երկու վարժարաններու՝ Մեսրոպեանի եւ Սբ. Խաչ – Հարպոյեանի 8-էն 10 տարեկան սաներ պատրաստ էին զԱստուածն ընդունելու իրենց մէջ:
Կ’արժէ մատնանշել որ այս տարի Առաջին Սբ. Հաղորդութիւն ստացան նաեւ այս վարժարաններու ոչ միայն Գ. Դասարանի աշակերտները, ըստ աւանդութեան, այլեւ Դ. դասարանի սաները։ Այս դասարանի աշակերտներուն համար, նշեալ արարողութիւնը աւանդականօրէն պէտք է տեղի ունենար անցեալ տարի, սակայն համաճարակին պարտադրած պայմանները թոյլ չտուին:
Այս փոքրերը online դրութեամբ ընթացող դասընթացքներուն զուգահեռ, շաբաթներէ ի վեր կը պատրաստուէին այս հանդիսաւոր պահուն: Անոնք հետեւողականօրէն սերտեցին Սուրբ Աւետարանը եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ քրիստոնէականը, արարողութեան ընթացքին երգուելիք եւ արտասանուելիք հատուածները: Շնորհիւ իրենց նուիրեալ ուսուցչուհիներուն՝ Սալբի Քէշիշեանի (Մեսրոպեան) եւ Մարգարիտ Ազատեանի (Սբ. Խաչ-Հարպոյեան) տքնաջան աշխատանքներուն՝ փոքրիկ աշակերտները կրցան խորացնել իրենց հաւատքը՝ Աստուծոյ, Յիսուսի, Եկեղեցւոյ եւ Սուրբ Խորհուրդներուն մասին:
Անոնք իրենց գեղեցիկ սպիտակ զգեստներով՝ ի նշան մաքրութեան, արդէն գիտէին այս հանդիսաւոր արարողութեան համար նախատեսուած աղօթքները՝ հարցուպատասխանի ձեւով:

Ապրիլ 30ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի ընթացիկ տարեշրջանի Դ. դասարանի 49 աշակերտները ստացան իրենց Առաջին Սուրբ Հաղորդութիւնը, Պուրճ Համուտի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած արարողութեան ընթացքին: Արարողութիւնը նախագահեց Հայ կաթողիկէ Պէյրութի թեմի Օգնական եպիսկոպոս Արհի. Տէր Գէորգ Ասատուրեան: Ներկայ էին աշակերտներու ծնողները, քոյրերն ու եղբայրները, ինչպէս նաեւ Մեսրոպեան վարժարանի ուսուցչական եւ տեսչական կազմի անդամներ, գլխաւորութեամբ տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի:
Իրենց առաջին հաղորդութիւնը ստանալու մօտեցան Ալ Արամունի Սերա, Արապաղեան Անտրէա, Արապեան Մարի-Հելեն, Արզումանեան Մարք, Արզումանեան Սելենա, Աւետիս Էմիլի, Աւետիս Հրակ, Գազարեան Նարօտ, Գապանճեան Լարենա, Գասապեան Վանա, Գասարճեան Ռալֆ, Գոպերսի Ճօյա-Մարիա, Գրիգորեան Ալիք, Եագուպեան Մայք, Թաշճեան Ալիք, Թառայեան Արեգ, Թորգոմեան Սեդա, Թորոսեան Ծիլա-Ռեժինա, Թորոսեան Ցոլեր, Թութիքեան Համբիկ, Ժէրնէզեան Սերճիօ, Կարապետեան Ալիք, Կէօզիւկիւչիւքեան Նոյ, Հաննա Ալիսիա, Ճինիշեան Ճօ, Մարգարեան Ալեքս, Մարսուանեան Սերժօ, Մելքոնեան Սերժիօ-Մելիք, Մխսիժորժեան Քրիսթ, Մուրաշանեան Կայէլ, Յարութիւնեան Ճօ, Նեմշէհիրլեան Նազօ, Նուռեան Նորայր, Շահնազարեան Տաւիտ, Պալմանեան Ալին, Պարիշ Ալեքս, Պէրպէրեան Ալիսիա, Պէրպէրեան Լարին, Պէքարեան Լէա, Պու Սայիտ Շարպէլ, Սահաթճեան Պարետ-Սեւակ, Սարգիսեան Սէրլի, Տէքէրմէնճեան Ժագ, Քարտաշեան Կրէկ, Քէշիշեան Սերժիօ, Քիֆօ Քեվին, Քօմուրճեան Յարութիւն, Ֆաուազ Թիէրի։

Յունիս 5-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի ընթացիկ տարեշրջանի Գ. դասարանի 48 աշակերտները ստացան իրենց Առաջին Սուրբ Հաղորդութիւնը, Պուրճ Համուտի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած արարողութեան մը ընթացքին: Արարողութիւնը նախագահեց Հայ կաթողիկէ Պէյրութի թեմի Օգնական եպիսկոպոս Արհ. Տէր Գէորգ Ասատուրեան: Ներկայ էին աշակերտներու ծնողները, քոյրերն ու եղբայրները, ինչպէս նաեւ Մեսրոպեան վարժարանի ուսուցչական եւ տեսչական կազմի անդամներ, գլխաւորութեամբ տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի:
Աստուածավախութեամբ իրենց առաջին հաղորդութիւնը ստացան Այվազեան Մարկրիթ, Ապաճեան Սէրլի, Աջապահեան Ալեակ, Աւագեան Գէորգ, Աւետիսեան Քրիսթէլ, Գալայճի Անժէլա, Գալֆայեան Ալեակ, Գասթիկեան Ամանտա, Գարիօ Անթոնիօ, Գույումճեան Վալէնթին, Դանիէլեան Մարիամ, Եագուպեան Աւօ, Եափուճեան Ժոզէֆ, Էնիշթէեան Մարիա, Էնիշթէեան Միքայէլ, Թաւուքճեան Սերժ, Թերզեան Արմէն-Գարօ, Թութիքեան Քրիսթ, Թոփճեան Սերուժ, Ժանիքեան Բալիկ, Լէփէճեան Կալի, Կէօզիւկիւչիւքեան Սելին, Կրպոյեան Վանա-Կրէյս, Հանոյեան Իշխանուհի, Ղալիունճեան Մեղրի, Ղալիունճեան Սէրլի, Մալախանեան Յարութ, Մարտիրոսեան Քրիսթօֆըր, Մեսճեան Սթիվըն, Յարութիւնեան Թէօ, Նազարեան Քեվին, Նաճարեան Ռէմի, Նիւրբէթլեան Յարութ, Ուրֆալեան Անթոնի, Ուրֆալի Շարպէլ, Պու Սատէր Էլիօ, Պուտուրեան Անճելօ, Ռասլան Արեն, Ռուբէնեան Գրիգոր, Սամահա Սելենա, Վահրատեան Քրիսթիան, Վարդանեան Մարիպէլ, Տէր Մաթոսեան Սելենա, Տէր Սարգիսեան Փաօլօ, Տէրպանեան Անդրանիկ, Քէյվանեան Ալերա, Քէշիշեան Հերա, Քէօմպէճեան Ծիլա, Քիւրիւմլեան Նաթէլ, Քոմուրճեան Ծիլա, Օտապաշեան Պէաթրիս, Օտապաշեան Սապրինա, Օքաճեան Սելին։

Պարոն Գալուստ իր խօսքին մէջ ոգեկոչեց յիշատակը նորոգ հանգուցեալ Երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին, վստահեցընելով, որ անցեալ շաբաթ Մեսրոպեանի աշակերտները յիշեցին զայն իրենց աղօթքներու մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Գերապայծառ Ասատուրեանին, արարողութեան ներկայ հոգեւոր հայրերուն եւ կրօնի ուսուցչուհի տիկին Սալբի Քէշիշեանին, աշակերտներու հոգեւոր կրթութեան շնորհած մեծ ուշադրութեան համար, որուն շնորհիւ այս արտասովոր տարուան մէկ ամսուան ընթացքին կարելի եղաւ այս արարողութեան պատրաստել աւելի քան 100 մանուկներ:

Իսկ Հայ Կաթողիկէ Սբ. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի Գ. եւ Դ. դասարաններու 40 սան՝ Մայիս 8-ին երկու անջատ արարողութիւններով, իրենց վարժարանին կից, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Սբ. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ ստացան իրենց առաջին Հաղորդութիւնը։ Այս սուրբ արարողութիւններուն ընթացքին, յարգելով համավարակի կանխման կանոնները, եւ ընկերային հեռաւորութեան պահպանման բոլոր պայմանները, Եկեղեցի եկած էին վարժարանի տնօրէն Պրն. Արամ Գարատաղլեան, ուսուցչական ու տեսչական կազմի կարգ մը անդամներ եւ Առաջին Հաղորդութեան մօտեցողներու ծնողները եւ ընտանիքը միայն:


Անցեալ տարի համաճարակի պարտադրած պայմաններուն պատճառով մէկ տարի ուշացումով, վարժարանի Դ. դասարանի 23 աշակերտ մօտեցան Սուրբ Հաղորդութեան։ Կէսօրէ առաջ ժամը 11-ին տեղի ունեցած արարողութիւնը նախագահեց Պէյրութի Հայ կաթողիկէ Թեմի ու Զմմառու Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Հայ կաթողիկէ Պատրիարքութեան վարժարաններու Վարչական Խորհուրդի նախագահի տեղակալ Գերապայծառ Հայր Գաբրիէլ թ․ծ․վ․Մուրատեան:

Դ. դասարանէն հաղորդութիւն ստացան Դանիէլեան Կրէկուար, Երիքեան Կարէն, Էքմէքճեան Արթիւր, Թուրսարգիսեան Քաթրինա, Ղազարեան Աննա, Ճապուրեան Փաթիլ, Մարաշօղլեան Լիլա, Մարգարեան Ցոլին, Մարտիրոսեան Աբրահամ, Մեսճեան Անտրու, Յակոբեան Մինաս, Շէքէրեան Մարիա, Չարըքեան Կարօ, Պապիկեան Քրիս, Պետրոսեան Նարեկ, Ռուպէլեան Սերժ, Սամսաթեան Գլարա, Տէմիրճեան Լիանա, Տէր-Կարապետեան Փայլակ, Րիշա Լէթիսիա, Րիշա Լուչիանա, Քէօշկէրեան Յարութ, Օհանեան Դաւիթ։


Յետմիջօրէի ժամը 3-ին Գ. դասարանի 17 աշակերտներու Առաջին Հաղորդութեան արարողութիւնը նախագահեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան օգնական եպիսկոպոս Արհի. Տէր Գէորգ Ասատուրեան:
Գ. Դասարանէն հաղորդութիւն ստացան Ալթունեան Լարիսա, Աղտամելեան Գլօէ, Այվազեան Գալին, Այվազեան Փիթըր, Եուսէֆ Լինտա, Ժըրժըս Նըժմէ, Հաճի-Մանուկեան Մեղրի, Հասէքեան Քրիսթոֆըր, Մանուկեան Ասպետ, Մելիքեան Սոֆիա, Մելքիսէթեան Ռալֆ, Նալպանտեան Սեւան, Շէքէրեան Քրիսթել, Սաճեան Քեվըն, Վասիլեան Քէյթ եւ Օհանեան Գլօէ։

Երկու արարողութիւններու ընթացքին աշակերտները իրենց խանդավառ մասնակցութիւնը բերին աղօթքներու կատարման եւ շարականներու երգեցողութեան…


Գերապայծառ Հայրերը իրենց քարոզներով աշակերտներուն բացատրեցին Ս. Հաղորդութեան կարեւորութեան մասին, որուն միջոցով է որ անոնք կը ստանան երկնատուր հոգեւոր սնունդ, որ կը գերադասէ նիւթականը։
Անոնք յորդորեցին ծնողները, որ ամէն Կիրակի իրենց զաւակները առաջնորդեն եկեղեցի, մասնակցին Ս. պատարագներու եւ ճաշակեն Քրիստոսի Մարմինն ու Արիւնը…

Առաջին Սուրբ Հաղորդութեան արարողութիւնը ծնողներու համար նոյնպէս յուզումնալից ու կարեւոր իրադարձութիւն է: Յուզումնալից էր յատկապէս այն պահը, երբ փոքրիկները դառնալով իրենց ծնողներուն եւ ընտանիքին ըսին. «Հայրիկ, մայրիկ, եղբայրներ, քոյրեր եւ ընկերներ. գործերովս, խօսքերովս սխալներ ըրած եմ: Ներեցէք ինծի եւ օգնեցէք, որ ճշմարտութեան ճամբով մեծնամ, որ ըլլամ օրինակելի մարդ եւ կատարեալ քրիստոնեայ»:
Ապա աշակերտները ընդառաջելով Քրիստոսի հրաւէրին ստացան իրենց Առաջին Ս. Հաղորդութիւնը։ Անոնք մէկ առ մէկ, մերձեցան Սուրբ Հաղորդութիւնը ընդունելու Պատարագիչ Հօր ձեռքէն, իրենց ծնողներու յուզումնախառն ու հրճուալից նայուածքին ներքեւ:
Արարողութեան աւարտին իւրաքանչիւր աշակերտ հերթաբար ստացաւ իր յուշանուէրը եւ ընտանեկան նկար մը…

ՆԱԶԵԼԻ ԷՊԷԵԱՆ-ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ