ԿԵԱՆՔՍ ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԸՆ Է

ԿԵԱՆՔՍ ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԸՆ Է

ՎԱՐԴԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ


Յիշողութիւնը ծովափին վրայ թափառող մանուկին կը նմանի, որ երբեմն կը ծռի եւ չենք գիտեր ի՛նչ կը հաւաքէ՝ իր թանկագին իրերուն մէջ պահելու։
Այդ մանուկը ես եմ, որ կը քալեմ կեանքիս ծովափին վրայ։
Կ’ապրիմ ու կը յիշեմ այդ ապրած կեանքս, որովհետեւ կը զգամ, թէ կեանքս յիշատակ մըն է, երթ ու դարձ մը յաւիտենական։
Կը զգամ նաեւ, թէ տժգոհութիւն մը կայ իմ մէջս։
Ինչո՞ւ ամէնօրեայ կեանքս հաճելի չի թուիր ինծի, եւ ինչո՞ւ շարունակ կը փափաքիմ մտքով ետ դառնալ ու մտածել անցեալին վրայ. այն կեանքին, որ ապրեցայ, եւ հոն բան մը կը փնտռեմ, որ անգիտակցօրէն զիս կը հրապուրէ։
Կը սիրեմ անձ մը, կը սիրեմ իր մը, եւ քիչ ետք արդէն՝ այդ սէրը յիշատակ մը կը դառնայ. թիթեռնիկի նման կը խուսափի ինծմէ, ու ես մանուկի մը հանգոյն կը վազեմ ետեւէն։
Կը զգամ, թէ երկուութիւն մը կայ իմ մէջս։
Միտքս դէպի ապագան կ’արտորայ. իսկ սիրտս՝ դէպի անցեալը։
Ինչո՞ւ արդեօք սիրտս աւելի զօրաւոր է մտքէս։
Որովհետեւ չեմ կրնար սիրել եւ փնտռել բան մը, որ ՙվաղը» կը կոչուի եւ անծանօթ է ինծի։
Անցեալը ինծի աւելի քաղցր կը թուի. կարօտով կը նայիմ իրեն՝ որովհետեւ հոն ամբողջ կեանք մը կայ ապրուած։
Եւ այսպէս, ես ալ յիշատակ մը կը դառնամ. ինքզինքս կ’երեւակայեմ ծովու ափին ու կը դիտեմ անհունութիւնը. կը տեսնեմ արեւին նշոյլները, որոնք կը խաղան ծովու ալիքներուն հետ ու կ’երազեմ, թէ կեանքը գեղեցիկ է՝ որովհետեւ յիշատակներով ընդելուզուած օղակ մըն է, եւ որուն արժէքը միայն անցեալին նայելով կրնամ ըմբռնել։
Երբ կը նայիմ ապագային, աչքերս կը սառին։
Եթէ կ’ուզեմ ապրիլ, ամէնէն առաջ պէտք եմ ընկալել կեանքին արժէքը, որպէսզի յետոյ կարենամ սիրել զայն։
Անցեալն է, որ կը յայտնէ կեանքին արժէքը, որովհետեւ հոն լռութիւն կայ եւ ամփոփութիւն, ուր կարելի է խորհրդածել եւ ամէն ինչ իր գեղեցկութեան մէջ տեսնել։
Յիշատակ մը տուր ինծի, որ յիշեմ քեզ ամէն օր եւ սիրեմ։
Որքան ալ իմացական ըլլանք, ունինք միշտ փոքրիկ յիշատակ մը, որ մեր սիրտը կ’առինքնէ։
Կը սիրենք մեր անցեալը, որովհետեւ մեր կեանքին յիշատակն է. որովհետեւ հոն խանդ եւ թախիծ կայ, արցունք եւ ուրախութիւն, փշրուած յոյսեր ու անաւարտ երազներ. եւ այս բոլորը մեզի կը պատկանին։
ՙԿեանքը գեղեցիկ է՝ երբ ամէն երեկոյ կը խորհինք, թէ աղուոր օր մը անցուցինք» գրած էր յոյն ողբերգակը՝ Սոփոկլէս։ Եւ աւելի ուշ, Շէյքսփիր պիտի խոստովանէր, թէ ՙԿեանքը անընդհատ ծովախաղացք մըն է»։
Ինչպէս երբ քար մը նետենք ծովու անհունութեան մէջ, այդ քարը նոյնհետայն կ’աներեւութանայ մեր աչքէն. սակայն, երբ ալիքները քաշուին, պիտի տեսնենք, թէ այդ քարը կը հանգչի ծովուն խորը եւ կարծէք կրկին գոյութիւն կ’առնէ։
Այսպէս ալ, երբ մեր աչքերուն յետին փայլը մարի եւ մեր կեանքին ալիքները քաշուին՝ ի՞նչ պիտի մնայ մեր կեանքէն, եթէ ոչ՝ մեր յիշատակը։
Եւ ուրիշներ պիտի գան հաւաքելու այդ յիշատակը՝
Ինչպէս մանուկ մը ծովափին վրայ։