ԱՂԱՃԱՆԵԱՆ ՍՐԱՀԻ ԲԱՑՈՒՄ ՓԱՆԻԿԻ ՄԷՋ

ԱՂԱՃԱՆԵԱՆ ՍՐԱՀԻ ԲԱՑՈՒՄ ՓԱՆԻԿԻ ՄԷՋ

Կիրակի 13 Յունիս, 2021, Երրորդ զկնի Պենտեկոստէի. Փանիկի Սուրբ Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կից լսարանի շէնքի երկրորդ յարկին տեղի ունեցաւ Աղաճանեան Սրահի պաշտօնական բացման արարողութիւնը, նախագահութեամբ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի, Ուկրաինայի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէ թեմի Առաջնորդ՝ Արհի. Տէր Ռաֆայէլ Արք. Մինասեանի, ԱՄՆ եւ Քանատայի Հայ կաթողիկէ թեմի Առաջնորդ՝ Արհի. Տէր Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի, ինչպէս նաեւ Գերյ. Հայր Գառնիկ ծ. վրդ Յովսէփեանի:
Սրահի բացմանը ներկայ էին Հայր Անտոն ծ. վրդ. Թոթունճեան, Վիեննայի Մխիթարեան Միաբան՝ Հայր Նարեկ վրդ. Տատուրեան, Աշոցքի Տիրամայր Նարեկի հիւանդանոցի վարչական մասի տնօրէն Հայր Մարիօ վրդ. Կուկարելլօ, Հայկական Կարիտաս Բարեսիրական Հասարակական Կազմակերպութեան տնօրէն Գագիկ Տարասեան, Հայաստանի մէջ SOS Արեւելքի Քրիստոնեաներ ընկերութեան ղեկավար Քորանթեն Քլերկ՝ կամաւորներու հետ միասին, Շիրակի փոխ մարզպետ Դաւիթ Սեխլէեան, Փանիկ համայնքի ղեկավար Վարդան Մակէեան, բազմաթիւ հիւրեր եւ փանիկցիներ, որոնք մեծ ուրախութեամբ եկած էին մասնակից դառնալու բացման այս գեղեցիկ արարողութեան:
Կարմիր ժապաւէնը կտրելէ անմիջապէս ետք տեղի ունեցաւ նորակերտ սրահի օրհնութեան կարգը:
Օրուան հանդիսավար Սեդա Քալաշեան ներկայացուց Աստուծոյ Ծառայ Կարդինալ Աղաճանեանի կեանքի պատմութիւնէն գլխաւոր մի քանի դրուագներ, որուն յաջորդեց Գերյ. Հայր Գառնիկ ծ. վրդ Յովսէփեանի խօսքը.
«Խորին երախտագիտութիւն կը յայտնեմ Տիրոջը եւ բոլոր բարերարներուն, որոնց շնորհիւ կարողացանք աւարտին հասցնել այս ծրագիրը: Իմ առանձնայատուկ երախտիքի խօսքը կ’ուզեմ յղել Արհիապատիւ Տէր Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեանին, իր հայրական օրհնութեան եւ աջակցութեան համար, ինչպէս նաեւ Լեհաստանի եպիսկոպոսաց համաժողովի Արեւելեան Եկեղեցիներու օգնութեան բաժնի տնօրէն՝ Գերապատիւ Հայր Լեշէք վրդ. Կրիշային, Սոչիի Հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Գերյ. Հայր Ռաֆայէլ ծ. վրդ. Կրաւչիկին, SOS Արեւելքի Քրիստոնեաներ ֆրանսական կազմակերպութեան Հայաստանի ներկայացուցչութեան, արտասահման գտնուող Փանիկ համայնքի բարեպաշտ զաւակներուն՝ գլխաւորութեամբ Մանուկ Բդոյեանի եւ Վարդան Կարապետեանի: Միայն ձեր բոլորի աջակցութեան շնորհիւ հնարաւոր եղաւ իրականութիւն դարձնել «Աղաճանեան» սրահի ստեղծման գաղափարը, որը թոյլ կու տայ հոգեւոր եւ աշխարհիկ տարբեր միջոցառումներ եւ արարողութիւններ իրականացնել, եւ այժմ, սրահը պատրաստ է իր ծառայութիւնները մատուցելու համայնքին:
« Կը հայցենք Աստուծոյ Ծառայ Կարդինալ Աղաճանեանի բարեխօսութիւնը բոլոր ներկաներու եւ հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ մեր երկրի սահմաններու խաղաղութեան համար»:
Ներկաներուն իր հայրական խօսքը ուղղեց թեմի Առաջնորդ՝ Արհի. Տէր Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան.
«Ուրախ եմ այսօր ձեր մէջ գտնուելու համար, կ’ուզեմ իմ խորին շնորհակալութիւնը յայտնել բոլոր բարերարներուն, որոնց նուիրատուութիւններուն շնորհիւ այսօր բացուեցաւ Աղաճանեան սրահը:
«Կ’ուզեմ պատկեր մը դնել ձեր դիմաց, ըսելով հետեւեալը. «Այն մոմը, որ այսօր կը վառենք՝ մնայ միշտ վառ, որպէսզի ասիկա յանկարծ չըլլայ միայն հանդիսութիւն, որմէ մոռնանք ամէն ինչ»:
«Կարդինալ Աղաճանեանը սիրուած էր ամէն տեղ, սիրուած բոլոր երկիրներու մէջ, կրնամ ըսել, որ Կարդինալ Աղաճանեանը ամբողջ աշխարհին յայտնի էր իր համեստութեամբ, խոնարհութեամբ, սրբութեամբ, պարզութեամբ եւ իր կարողութեամբ: Չկայ մէկը, որ չճանչնար ու չգնահատէր Իր կատարած մեծ աշխատանքը»:
Սրբազան Հայրը յիշեց իր ուսումնական տարիներուն Ծիրանաւորի հետ կապուած յուշերէն։ «Այս մարդը հոգեւոր մարդ է, սուրբ մարդ է, մենք ապրած ենք անոր հետ, մենք կարող ենք վկաները դառնալ անոր սրբակենցաղ կեանքին»:
«Սիրելիներս կը մաղթեմ, որ դուք էլ անոր օրհնութեամբ աճիք ու մեծնաք»:
Խօսք առաւ նաեւ ԱՄՆ եւ Քանատայի Հայ կաթողիկէ թեմի Առաջնորդ՝ Արհի. Տէր Միքայէլ Եպս. Մուրատեան.
«Սիրելիներս, այսօր ես շատ ուրախ եմ, որ կը գտնուիմ այստեղ: Կը յիշեմ Փանիկ գիւղի առաջին հոգեւոր հովիւ Տէր Կոմիտաս վրդ. Մանուկեանը, որ 1991-ին եկած էր Հայաստան եւ այդ դժուարին տարիներուն կ’ուզէր վերականգնել այս կեդրոնը: Իր նպատակն էր այսպիսի մի սրահ ստեղծել: Այսօր ձեր ժողովրդապետը իրականացուց առաջին հովիւին փափաքը: Հայր Գառնիկ յաջողութիւն կը մաղթեմ ձեր առաքելութեան»:
Երախտագիտութեան խօսքերով հանդէս եկան նաեւ Շիրակի փոխմարզպետ Դաւիթ Սեխլէեան, ինչպէս նաեւ Փանիկ համայնքի ղեկավար Վարդան Մակէեան:
Ընթացս միջոցառման Գերյ. Հայր Գառնիկ ծ. վրդ Յովսէփեան յուշանուէրներ յանձնեց Արհի. Տէր Ռաֆայէլ Արք. Մինասեանին, Արհի. Տէր Միքայէլ Եպս. Մուրատեանին, ինչպէս նաեւ SOS Արեւելքի Քրիստոնեաներ ընկերակցութեան ղեկավար պրն. Քորանթեն Քլերկին եւ ռուսաստանաբնակ բարերար Մանուկ Բդոյեանին:
Արհի. Տէր Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան Փանիկ համայնքի Հայ Կաթողիկէ Աղաճանեան սրահի վերանորոգման աշխատանքների աջակցելու համար օրհնութեան գտրեր յանձնեց SOS Արեւելքի Քրիստոնեաներ ընկերակցութեան, Լեհաստանի եպիսկոպոսաց համաժողովի Արեւելեան Եկեղեցիներու օգնութեան բաժնի տնօրէն՝ Գերպ. Հայր Լեշէք վրդ. Կրիշացին, Սոչիի Սուրբ Խաչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցու ժողովրդապետ Գերյ. Հայր Ռաֆայէլ ծ. վրդ. Կրաւչիկին, Շիրակի մարզի Փանիկ համայնքի բարեպաշտ զաւակներ՝ Վահագն Բաղդասարեանին, Վաչագան Ճավռշեանին, Վարդան Կարապետեանին, Մանուկ Բդոյեանին, Փանիկ համայնքի ղեկավար Վարդան Մակէեանին, ինչպէս նաեւ Լոռու մարզի Դսեղ համայնքի բարեպաշտ զաւակ Արմէն Սարգսեանին:
Միջոցառման աւարտին հոգեւոր դասը միասին կտրեցին տօնական կարկանդակ, ապա Փանիկի Արուեստի դպրոցի երաժշտական բաժնի սաներու կողմէն հնչեց Կոմիտասի «Շողեր ջան» եւ Ռոմանոս Մելիքեանի «Վարդը» ստեղծագործութիւնները:
Փանիկի Հայ կաթողիկէ համայնքը իր յատուկ շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Փանիկի բարեպաշտ զաւակ Նարինէ Սարգսեանին գեղեցիկ ֆուրշետ պատրաստելու համար:

Գերյ. Հայր ԳԱՌՆԻԿ Ծ. Վրդ. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Փանիկի Սուրբ Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետ,
Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդաց միութեան նախագահ