UNESCO. 2023-ԻՆ ՊԻՏԻ ՆՇՈՒԻ ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 850 ԱՄԵԱԿԸ

UNESCO. 2023-ԻՆ ՊԻՏԻ ՆՇՈՒԻ ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 850 ԱՄԵԱԿԸ

ՎԱԶԳԷՆ ԱԲԱՐԴԵԱՆ


ՄԱԿ-ի կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի գործադիր գործակալութեան խորհուրդը քուէարկեց 60 հռչակաւոր անձնաւորութիւններուն ցուցակ մը,
որոնց տարեդարձները պիտի նշուին 2020-2023 տարիներուն. ասոնց շարքին են Նիքոլաս Քոփերնիքուս, Գրիգոր Մենտել, Լիզիոյի Սրբուհի Թերեզան եւ Սուրբ Ներսէս Շնորհալին։


2022-2023 տարիներուն, UNESCO-ի որոշումին համաձայն 60 անձնաւորութիւններուն շարքին պիտի յիշատակուին տարբեր ազգութիւններու պատկան, խաղաղութեան, կրթութեան, գիտութեան, եւ ընկերային գիտութիւններու ու հաղորդակցութեան ասպարէզներէն ներս հռչակաւոր անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին հայոց հայրապետներէն Սուրբ Ներսէս Շնորհալին, քահանայ եւ աստղագէտ Նիքոլաս Քոփերնիքուս, օկուսթինեան քահանայ եւ ծինային գիտութեան հայրը նկատուող Եոհան Կրեկոր Մենտել ու Լիզիոյի Սրբուհի Թերեզան։
UNESCO-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ, գերապայծառ Ֆրանչեսքօ Ֆոլլօ, Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին մեկնաբանելով ՄԱԿ-ի որոշումը, ընդգծեց թէ կրօնաւորական ծաւալը ընդարձակ տեղ կը գրաւէ UNESCOի նստաշրջանները բնութագրող մշակութային բանավէճերուն մէջ։ Ան յիշեցուց սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի խօսքը , «հաւատք մը որ չդառնայ մշակոյթ, հասուն հաւատք չէ»։
Սուրբ Ներսէս Շնորհալին ծնած է Կիլիկեան Հայաստանի մերձակայքը գտնուող Ծովք ամրոցը, բերդատէր իշխան Ապիրատ Պահլաւունիի ընտանիքին մէջ։ Ան իր երէց եղբօր հետ ուսում ստացած է Շուղրի Սեւ լերան Կարմիր վանքի եւ Հռոմկլայի մէջ, ուսուցիչ ունենալով Ստեփանոս Մանուկ վանահայրը։ Մինչեւ իր կեանքի վախճանը, 1173, ապրած եւ ստեղծագործած է Հռոմկլայի մէջ, այդ պատճառով կոչուած է նաեւ «Կլայեցի»։ Եղած է Գրիգոր Մագիստրոսի աղջկան թոռը։ Մեծ հօրմէն ժառանգած է քաղաքական գործիչի եւ գրողի ձիրք։ Երկու առումով ալ հատելի դեր կատարած է հզօրացող Կիլիկիոյ հայութեան կեանքին մէջ։ 1113 թ., երբ Ներսէս տակաւին տասնութ տարեկան էր, եղբայրը Գրիգորիս Գ. կաթողիկոս կը ձեռնադրուի։ Ներսէս իր հերթին եղբօրը ձեռամբ կը ստանայ եպիսկոպոսի աստիճանը։ 1150-ին կաթողիկոսական գահը կը փոխադրուի Ծովք։ 1166թ.՝ եղբօր կողմէ հայրապետական օծումը կը ստանայ որպէս կաթողիկոսական տեղապահ ու անոր վախճանումէն ետք՝ կը ստանձնէ հայրապետական գահը որպէս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս։

Վատիկան