ԱՍՏՂ ՄԸ ԵՒՍ ՅԱՆԳԱՒ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿՆԱԿԱՄԱՐԷՆ ՈՉ ԵՒՍ Է ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ

ԱՍՏՂ ՄԸ ԵՒՍ ՅԱՆԳԱՒ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿՆԱԿԱՄԱՐԷՆ ՈՉ ԵՒՍ Է ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ

Գրող, հրապարակախօս, արձակագիր, հասարակական գործիչ եւ բժիշկ Թորոս Թորանեան որպէս տարագիր հայ ընտանիքի զաւակ ծնած է 29 Փետրուար 1928-ին Հալէպ։ Անոր նախահայրերը Սասունէն կը գաղթեն Կիլիկեան Հայաստանի Այնթապ քաղաքի Ճիպին գիւղ, ուր կը ծնին Թորանեանի ծնողները՝ Խաչերը եւ Վարդուհին։ Հայրը կ’աւարտէ ծննդավայրի Կիլիկեան վարժարանի վեցամեայ շրջանը եւ կը տիրապետէ հայոց լեզուին, իսկ մայրը մանուկ հասակին կը մեծնայ քրտական ընտանիքի մէջ եւ մայրենի լեզուին չի տիրապետեր։ Հայրը կը մահանայ, երբ Թորոս Թորանեան կ’ըլլայ երկու տարեկան, այդ պատճառով ընտանիքի լեզուն կ’ըլլայ թրքերէնը։ Մինչեւ հինգ տարեկան Թորոս կը խօսի թրքերէն, իսկ հայոց լեզուն կը սորվի մանկապարտէզի մէջ։
1943-ին Թորոս Թորանեան կ’աւարտէ Հալէպի Կիւլպենկեան վարժարանը։ Երկու տարի տեղւոյն Ամերիկեան քոլէճը յաճախելէ ետք, ուսումը կ’աւարտէ Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ։ Վերադառնալով Հալէպ՝ կը կատարէ տարբեր աշխատանքներ։ Բանաստեղծութիւններու առաջին հատորը կը հրատարակուի Պէյրութի մէջ, 1960-ին։ Նոյն տարին ան կ’երթայ Սոֆիա, ուր երեք եռամսեայ կը հետեւի քաղաքագիտութեան դասընթացքի։ Սուրիա վերադառնալէ ետք կ’անցնի Երեւան, ուր տարի մը կը հետեւի հայագիտութեան, ապա մուտք կը գործէ Երեւանի բժշկական հիմնարկ, զոր կ’աւարտէ 1970-ին։
Սուրիոյ մէջ որպէս բժիշկ քսան տարի պաշտօնավարելէ ետք հանգստեան կը կոչուի եւ ինքզինք ամբողջութեամբ կը նուիրէ գրականութեան։ Կը գրէ ո՛չ միայն բանաստեղծութիւն, այլեւ ուղեգրութիւն, պատմուածք եւ տարբեր ուսումնասիրութիւններ։ Ունի շուրջ 150 հրատարակութիւն, որոնցմէ տասներկուքը չափածոյ է։ Ան եղած է բազմաժանր ստեղծագործող։ Թորանեան, որ կը համարուէր Սուրիահայ աւագագոյն մտաւորականը, աշխոյժ ներկայութիւն եղած է Հալէպահայ ազգայինգրական կեանքին մէջ: Իր գրական բազմաբեղուն վաստակին ի տես 2012 թուականին կ’արժանանայ Մովսէս Խորենացիի անուան մետալին։
2015-ին, 85 տարեկանը բոլորած Թորոս Թորանեան կը հաստատուի Երեւան: Թորանեանի մասին նշմար մը ստորագրած հայրենի մտաւորական Լեւոն Մութաֆեան հակիրճ ակնարկով մը ներկայացնելով հալէպահայ մտաւորականը նաեւ կը գրէ, որ Թորանեան այսօր կ’ապրի նիւթական ծանր պայմաններու տակ:
Ան կը մահանայ 2021 թուականի Յունիս 3-ին։