Հետագայ բացառիկ հարցազրոյցը, որ կը քաղենք Սարգիս Նաճարեանի «ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ» հատորէն, տեղի ունեցած է 2 Օգոստոս 2009-ին Հալէպի մէջ, սփիւռքահայ նախանձախնդիր մտաւորական, աւելի քան հարիւր բազմաժանրը հատորներու եւ գիրքերու հեղինակ կամ խմբագիր, հրապարակագիր, մշակոյթի եւ ազգային-հասարակական անխոնջ գործիչ բժիշկ Թորոս Թորանեանին հետ, որ 3 Յունիսի առաւօտեան յառաջացած տարիքին մէջ շիջեցաւ Երեւանի մէջ։ Ինչպէս պիտի նկատեն ընթերցողները, հոն շօշափուած համահայկական հարցերը եւ մտահոգութիւննները աւելի քան 10 տարիներ ետք չեն կորսնցուցած իրենց հրատապութիւնը։
֎֎֎
Հարցում. Սիրելի Թորոս, հարցումս կրնայ զարմանալի թուիլ։ Բայց խնդրեմ, ըսէ թէ իբրեւ հանրայայտ մտաւորական, շուրջ հարիւր բազմաժանրը գիրքերու հեղինակ կամ խմբագիր, հրապարակագիր, մշակոյթի եւ հասարակական գործիչ, ինչպէ՞ս կը գնահատես աւելի քան կէս դարեայ վաստակդ։
Պ. Նման հարցումի մը պատասխանելու համար աւելի յարմար էր որ ուրիշ մը գնահատէր աշխատանքս եւ ոչ թէ ես։ Բայց քանի որ հարցուցիր ըսեմ. ես իմ աշխատանքէս դժգոհ եմ, որովհետեւ միշտ կը խորհէի թէ աւելին կրնամ ընել եւ նկատելով որ այսքանը միայն կրցած եմ ընել, ինքզինքս երբեմն ծեծել կ’ուզեմ, ես ինծի հարց տալով որ «ինչո՞ւ այսքան քիչ ըրիր», որովհետեւ այս ժողովուրդին համար ինչ ալ ընենք քիչ է։
Հ. Շատ բարի, յաւելեալ ի՞նչ բան պիտի ուզէիր ըրած ըլլալ եւ սակայն մինչեւ այսօր տակաւին չկրցար ընել։
Պ. Կ’ուզէի, բայց երբեք չփորձեցի, վէպ մը գրած ըլլալ, որպէսզի կարենամ ներկայացնել ամբողջ սփիւռքահայ կեանքը, ոչ միայն մէկ գաղութի կեանքը, որովհետեւ վերյիշելով Շահնուրի «նահանջը առանց երգի» գիրքը, միշտ կը մտածեմ որ Շահնուրը ժամանակին ըսած է որ մեր ժողովուրդը նախապէս գաղթական էր, իսկ գաղթականը կը փնտռէր իր հայրենիը։ Հիմա սփիւռք ենք, եւ սփիւռքը իր հայրենիքը չի փնտռեր։ Վկայութիւն՝ բոլոր անոնք որոնք տակաւին սփիւռքի մէջ կ’ապրին եւ որոնց թիւը աւելցաւ հայրենիքէն հազարաւոր արտագաղթողներու խումբով։ Ես միշտ մտածած եմ դարման մը գտնել այս արտագաղթին կապակցութեամբ, գտնել սպեղանի մը, բայց միշտ մտածած եմ որ եզրակացութիւնս մէկ է. Հողին կապուիլ, դէպի հողը երթալը եւ ոչ թէ հիւծելով մաշիլը արտասահմանի մէջ։ Իրականութեան մէջ, սփիւռք բառը խարտոց կը նշանակէ։ Սփիւռքը կրնայ մեզ խարտոցել միայն։ Սակայն, ոսկին՝ եթէ նոյնիսկ խարտոցուի, ոսկի կը մնայ, բայց այդ ոսկին պէտք է օգտագործուի Հայաստանի մէջ, որովհետեւ որքան զօրանայ հայրենիքը, այդքան կը գոյատեւէ մեր ժողովուրդը եւ մեր լինելութեան համար վստահութիւն կը ներշնչէ հայրենիքին զօրացումը։ Բոլորս ալ կը յայտնենք այս տեսակէտները, բայց, ինծմէ սկսեալ՝ շատերը, որոնք հայրենասիրութեան լաւագոյն օրինակները կրնան ըլլալ, կը մնան սփիւռքի մէջ, չեն ներգաղթեր Հայաստան։ Ցաւալի երեւոյթ մըն է ասիկա եւ ես շատ բարձր կը գնահատեմ բոլոր անոնք՝ որոնք Հայաստանի դժուարին պայմաններուն տակ ալ կը ներգաղթեն ու կը դառնան քաղաքացիները այդ երկրին։ Ասոնցմէ մէկը եղբայրս է, միւսը՝ աղջիկս է, ընտանիքէս ուրիշ մը՝ քոյրերէս մէկն է։ Մեր ընտանիքին անդամները արդէն կիսով մը Հայաստանի քաղաքացիներ են եւ հոն կ’ապրին։
Հ. Ի՞նչ կ’ըսես հակապատկերի մասին։ Այսինքն, Հայաստանէն կ’արտագաղթեն ոչ միայն հասարակ (կը ներես «հասարակ» բառին համար) ժողովուրդը, այլեւ մտաւորական ու գիտնական դասակարգը։
Պ. Դժբախտաբար այդպէս է։ Անգամ մը խօսակցութեան նստած էի ակադեմիկոս Գուրզադեանին հետ, որ՝ ինչպէս գիտէք, յայտնի աստղաֆիզիկոս մըն է եւ տիեզերանաւ պատրաստեց Հայաստանի մէջ։ Ան ըսաւ թէ մտաւորականը այն է որ Հայաստան կ’ապրի, քար կը ծամէ եւ հայրենիքը չի լքեր։ Այդպիսիներուն թիւը բացառիկ է, որովհետեւ Գուրզադեանը՝ ի՛նքը անձնապէս, իր ծնողները, որոնք՝ տէր եւ տիկին, սեբաստացի են, Պաղտատ ծնած է եւ իր երկու տարեկան եղած ժամանակ, հայրն ու մայրը կ’որոշեն Հայաստան երթալ։ Դրամ չունին եւ կինը յղի է։ Հակառակ ասոր, Պաղտատէն մինչեւ Թաւրիզ քալելով կ’երթան։ Թաւրիզի մէջ յայտնի կ’ըլլայ որ այս մարդիկը քալելով եկած են եւ Հայաստան կ’երթան։ Ասիկա կը պատահի 1924-ին, երբ Հայաստանը՝ դեռ նոր խորհրդային իշխանութեան անցած, միայն քար ունէր ծամելու համար։ Արաքս գետին վրայով կ’անցնին, կը մտնեն Հայաստան, ուր կը սկսի չարչարանալից կեանքը այս սեբաստացիներուն։ Երկրորդ զաւակը կը մեռնի։ Երեխայ Գուրզադեանը կը տոկայ։ Կը մեծնայ, կ’աւարտէ Երեւանի Համալսարանը, փոլիթեքնիքը, ապա կ’աւարտէ Լենինկրատի Համալսարանը, աստղաֆիզիկոս կը դառնայ, 25 տարի Վիքթոր Համբարձումեանին հետ կ’աշխատի։ բայց վերջին տարին, գիտական գետնի վրայ տարակարծիք կ’ըլլան որոշ հարցերու մէջ եւ ի՛նք՝ առանձին կը ստեղծէ իր գիտական խումբը, բայց որպէս մարդ անոնք իրարու կը մնան բարեկամ։ Այս նշանակալից կէտը կ’ուզեմ շեշտած ըլլալ, որովհետեւ յաճախ, ձմրան օրերուն, Գուրզադեանը փորձի հագուստներ չի հագնիր։ Տղաս, Գրիգոր – կ’ըսէ Համբարձումեան – փորձի հագուստ հագիր, կը հիւանդանաս, մեղք ես, դուն մեզի պէտք ես։ Ըսել ուզածս այն է որ բարեկամութիւնը կը մնայ բարեկամութիւն, հակառակ անոր որ անոնք տարակարծիք կ’ըլլան գիտական հարցերու շուրջ։ Այսպիսի մարդիկն են որ կը բարձրացնեն մեր հայրենիքին վարկը։ Պատկերացուցէք որ ինչպիսի զոհողութիւն կը պահանջէ քալելով Հայաստան երթալը։ Հիմա որ օդանաւային բոլոր դիւրութիւնները կան, Հայաստան գացողներուն եւ մանաւանդ վերջնականապէս հոն հաստատուելու համար գացողներուն թիւը քիչ է։
Հ. Ժամանակէ մը ի վեր շատ կը խօսուի հայերէն լուզուի եւ հայերէնագիտութեան նահանջի մասին Սփիւռքի եւ նաեւ Հայաստանի մէջ։ Ոսկեղնիկը աղճատուած է ամէնուրեք։ Ի՞նչ է կարծիքդ այս մասին։ Ի՞նչ է ասոր պատճառը։ Ի՞նչ է դարմանը։
Պ. Դժուար հարց մըն է, բայց պիտի փորձեմ պատասխանել։ Սփիւռքի մէջ, հայերէն լեզուի, մասնաւորաբար արեւմտահայերէնի ետքայլը՝ ես բնական երեւոյթ մը կը նկատեմ, որովհետեւ մենք 95 տարի մը դիմացանք։ Ճիշդ է որ Սուրիոյ կամ Լիբանանի մէջ մեր գաղութներու ներկայութիւնը միայն ջարդերու հետ կապուած չէ։ Մենք 2000 տարի առաջ ալ այս հողերուն վրայ հայեր ունեցած ենք։ Հոս, Հալէպի մէջ մենք ունինք եկեղեցի մը, Քառասուն Մանկանց, որ մօտաւորապէս 550 տարի առաջ կառուցուած եկեղեցի մըն է։ Բայց մեր լեզուն պահելու իմաստով, այնպէս եղաւ որ մեր ապրած երկիրներուն պետական լեզուները անհրաժեշտութիւն դարձան մեր առօրեայ կեանքին մէջ եւ պետականօրէն ալ։ Ահա թէ ինչու նոր սերունդը այսօր ընդհանրապէս աւելի գիտէ իր ապրած երկրի պետական լեզուն քան իր մայրենի լեզուն։ Որովհետեւ տեղական լեզուներուն հետզհետէ լրջանալը եւ մեր տուներէն ներս մտնելը՝ մամուլով, հեռուստացոյցով եւ հաղորդակցութեան բոլոր միջոցներով, ոչ միայն դանդաղեցուց մեր լեզուին ընկալումը, այլ յետընթաց մը սկսաւ։ Օրինակի համար, հոս սկսան արաբերէն մտածել, Փարիզի մէջ ֆրանսերէն կը մտածեն։ Մարսէյի մէջ, ես ֆրանսահայի մը տունը գացի։ Վանեցի էր։ Կատաղի հայ մըն էր։ Թորանեան – ըսաւ – ինչ լաւ է որ դուն գացեր Երեւանի մէջ ուսաներ ես։ Երանի թէ իմ տղաս ալ Երեւանի մէջ ուսանէր։ Տղան միջամտելով ըսաւ. qu’est ce que tu as dit? Moi Je suis francais…(Ի՞նչ ըսիր. ես ֆրանսացի եմ)։ Եւ ան շարունակեց (միշտ ֆրանսերէնով). Եթէ զիս հայ պիտի ծնէիր, Վանի մէջ ծնէիր։ Այն ժամանակ ես հայ կ’ըլլայի։ Ես հիմա Մարսէյ ծնած եմ եւ ֆրանսացի եմ։ Հայրը, յայտնապէս դառնացած, ըսաւ. Տղա՛ս, թուրքը մեզի զարկաւ, դո՞ւն ալ մեզի կը զարնես…։ Մարդը լացաւ։ Ըսել կ’ուզեմ մէջտեղ եկած է սերունդ մը, որուն պատկանողները համարձակութիւնը ունին ըսելու թէ իրենք ֆրանսացի են։ Այսուհանդերձ, պէտք է ընդունիլ որ «հա՛յ եմ» ըսողներուն թիւը քիչ չէ ֆրանսայի մէջ, ուր կէս միլիոնէ աւելի գաղութ մը ունինք։ Ֆրանսերէն խօսելով հանդերձ իրենք զիրենք հայ զգացողներուն թիւը քիչ չէ։ Բայց պարագայական դէպքերն են որ կը նշանաւորեն այդ երեւոյթը։ Օրինակի համար, զանազան գաղութներու մէջ, Ապրիլ 24-ի առիթով կը հաւաքուին, ցոյցի կ’ելլեն՝ կը հաւաքուին, հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ պատահարները զօրակոչի կ’ենթարկեն զիրենք։ Թէեւ ամէն գաղութի մէջ չէ որ կարելի է նման հաւաքներ եւ ցոյցեր կազմակերպել։ Ամէն գաղութի մէջ այդ կարելիութիւնները չկան։ Եւ այս պայմաններուն տակ, եթէ լեզուն Հայրենիքի մէջ ալ ետ քայլ կ’ընէ, ես կը փորձեմ չհաւատալ այդ բանին, բայց երբեմն կը տեսնեմ որ նոյնիսկ պետական մարդիկ երբ հեռուստացոյցով ելոյթ կ’ունենան կը զգամ թէ մաքրամաքուր չէ իրենց օգտագործած լեզուն։ Յաճախ փողոցի հայերէնն է որ կը խօսին, մինչդեռ մեր դասախօսներէն մէկը, Ռաֆայէլ Իշխանեանը, Երեւանի պետական համալսարանին մէջ մեզի կ’ըսէր. Մայրաքաղաքային հայերէնով պէտք է խօսիլ։ Ուրեմն, լեզուի պաշտպաններ եղած են եւ կան այսօր Հայաստանի մէջ։ Եթէ Ռաֆայէլ Իշխանեանը հանգուցեալ եղաւ, կան իր աշակերտները, իր խորհրդակիցները, որոնք պետական համալսարանին մէջ ամէն ճիգ կը գործադրեն որպէսզի մեր լեզուն բարձր մակարդակի վրայ մնայ։ Ես կը հաւատամ որ երբ հողը զօրանայ, ան ամէնաբուժիչ դեղը կը դառնայ եւ՛ հայկաբանութեան, ե՛ւ մայրենի լեզուի զարգացման եւ ամէն մարզի մէջ։ Որովհետեւ, հիմա Հայրենիքի մէջ կան երեւոյթներ, որոնց կրնանք համաձայն չըլլալ, բայց ես կը հաւատամ մէկ բանի որ այդ հողը բուժիչ յատկութիւն ունի, մինչեւ իսկ խենդը խելացիի վերածելու յատկութիւնը ունի։ Ես կը հաւատամ հողին զօրութենականութեան, որովհետեւ եթէ այսօր տգեղութիւններ կան, եւ կա՛ն, բայց հողը պիտի մաքրագործէ զանոնք, ոչ թէ զէնքը պիտի մաքրագործէ զանոնք, այլ ժամանակը եւ հողը, որովհետեւ, Հայաստանի առջեւ՝ բոլոր ճանապարհները, որոնք մեր ժողովուրդը կրնան ետ տանիլ, փակ են։ Բաց է միայն մէկ ճանապարհ՝ յառաջդիմութեան ճանապարհը։
Հ. Գիտեմ թէ այցելած ես Սփիւռքի համարեա բոլոր գաղթօճախները։ Քու կարծիքովդ ի՞նչ է անոնց ապագան։
Պ. Ես գտնուած եմ ֆրանսա, Իտալիա, Պելճիքա։ Շատ զարմանալի բան մը պիտի պատմեմ, որ իրողութիւն է։ Ֆրանսա եղած միջոցիս, 1984-ին, երբ Դանիէլ Վարուժանը 100 տարեկան պիտի ըլլար, մեր երեք կուսակցութիւններու թերթերը հրատարակած էին յայտարարութիւն մը, ուր կ’ըսուէր թէ Կանտ քաղաք պիտի երթանք Դանիէլ Վարուժանի 100 ամեակին առիթով։ Այս յայտարարութիւնը այդ թերթերուն մէջ լոյս տեսած էր երեք ամիս։ Հակառակ ասոր, միայն 19 հոգիներ դիմած էին երթալու համար, ես եղայ քսաներորդը։ Ուրեմն գացի դեսպանատուն, ուր ըսին թէ պարոն դուք սուրիացի էք, մենք ձեզի վիզա չենք կրնար տալ։ Ըսի մազերուս նայեցէք՝ սպիտակ են, թոռներ ունիմ, ԱՍԱԼԱ-ի անդամ չեմ։ Ըսի թէ մեր մեծ բանաստեղծի 100 ամեակին առիթով պիտի երթանք Կանտ քաղաքը, նկատելով որ ան աւարտած է Կանտի համալսարանը, ինչ որ պատիւ կը բերէ Պելճիքային եւ հայերուն։ Այս նպատակով միայն մէկ օր պիտի երթամ ու ետ պիտի գամ։ Լաւ ըսին եւ վիզան տուին։ Գացինք 20 հոգիով։ Շրջան մը, Եւրոպայի մէջ նախկին հայ ուսանողներ յաջողցուցած են Դանիէլ Վարուժանի մէկ բարձրաքանդակը կանգնեցնել։ Անոր շուրջ ես պզտիկ ելոյթ մը ունեցայ եւ ըսի. «Նայեցէք Դանիէլ Վարուժանի երեսին. ան դեղնած է»։ Գոնէ հարիւր հոգի գայինք հարիւր ամեակին առիթով։ Կէս միլիոննոց գաղութէն 20 հոգին ի՞նչ էր…։ Առաջ, երբ Ապրիլ 24-ը կը նշէինք, մեծագոյն սրահները կը լեցնէինք հազարներով։ Հազարները պակսեցան, իջան 500-ի եւ 500-ը իջաւ 250-ի եւ կ’երեւի օր մըն ալ տուներու մէջ պիտի նշենք Ապրիլ 24-ը։ Կը յիշեմ այս տեսակ կարծիք մը արտայայտած էր Փարիզի «Յառաջ»ը, որ հիմա դժբախտաբար փակուեցաւ եւ «Նոր Յառաջ»ը սկսաւ լոյս տեսնել եւ չեմ գիտեր թէ որքանով ան պիտի կարենաց լեցնել «Յառաջ»ին ձգած բացը։
Վերադառնալով գաղութներուն, ես գտնուած եմ Յունաստան, ուր Բարեգործականը զիս հրաւիրած էր Աթէնքի մէջ խօսելու մի զարմանաք՝ Մայիս 28-ի մասին, Մայիս 28-ին։ Սրահին մէջ, շատ մը մելքոնեանցիներ կային։ Բոլորը իրարու հետ յունարէն կը խօսէին։ Իրենց դիւրինին կու գար։ Պոլսոյ մէջ, մեր մտաւորականներն անգամ իրարու հետ թուրքերէն կը խօսին։ 1996-ին, Պոլսոյ մէջ ես ներկայ եղայ «Սայաթ Նովա» երգչախումբի մէկ փորձին։ Ղեկավարը հայ տղայ մըն էր։ Բոլոր երգողները հայ էին։ Եւ խմբավարը ըսաւ «պիր, իքի, իւչ» ու բոլորը սկսան երգել։ Եղբայր, մէկ, երկու, երեք չէ՞ր կրնար ըսել։ Երբ ըսի թէ Սփիւռքը խարտոց մըն է, ասիկա ճշմարիտ խօսք մըն է։ Ան չի կրնար մեզ բնաջնջել այսօր կամ վաղը, բայց կը շարունակէ խարտոցել։ Ես գտնուած եմ Արժանթին, Ուրուկուէյ, Պրազիլ, Գանատա, Միացեալ Նահանգներու արեւելքէն մինչեւ արեւմուտքը, Ռումանիա, Պուլկարիա։ Սոֆիայի մէջ պատահեցաւ հետեւեալ դէպքը։ Օր մը, մարդ մը մայթին վրայ նստած կու լար։ Իր մէկ բարեկամը անցած պահուն նկատեց զինք եւ հարցուց թէ ինչո՞ւ կու լար։ «Եղբայր – ըսաւ – տղաս նշանուեցաւ»։ «Լաւ, ուրեմն ատոր համար պէտք է ուրախանաս» ըսաւ բարեկամը։ «Բայց պուլկարուհիի հետ նշանուեցաւ…» պատասխանեց ան արցունքոտ աչքերով։ Ըսել կ’ուզեմ, ձուլումը հետզհետէ նոր թափ կը ստանայ եւ վերէն վար գլորող ձիւնագունդի կը նմանի, ինչպէս կ’ըսեն։ Այս երեւոյթը բոլոր երկիրներուն յատուկ է եւ ի մէջ այլոց սկսաւ յատուկ դառնալ նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն մէջ։ Ասոր առաջքը առնելու համար, խիստ լարում պէտք է։ Դժուար է, բայց անկարելի չէ։ Հայ լեզուն պահելը անկարելի չէ։ Օրինակներով խօսելու համար, ես կրնամ ըսել որ Փարիզի մէջ, երբ ծանօթացայ Կարպիս Ջրբաշեանին, որուն բարեկամութիւնը կը վայելեմ մինչեւ այսօր, իր տան մէջ հանդիպեցայ նաեւ իր երեք զաւակներուն, որոնց ներկայացուց զիս իբրեւ իրենց քեռին եւ ապա անոնց հարց տուաւ թէ ի՞նչ պատուէր տուած է իրենց։ Ըսին թէ Պապան չուզեր տան մէջ լսել oui կամ non բառերը եւ իրենց պատուիրած է խօսիլ միայն հայերէն։ Եւ այսպիսի դաստիարակութեամբ մեծցած իր աղջիկը, իր տան մէջ սորված հայերէնով յօդուածներ գրեց «Յառաջ»ին մէջ։ Տղան Պէյրութ եկաւ եւ հայ աղջկայ մը հետ նշանուեցաւ ու ամուսնացաւ։ Ջրբաշեանները, քոյր եւ եղբայր, երեքական զաւակ ունէին եւ վեցն ալ հայերէնով մեծցան, հայերու հետ ամուսնացան եւ պահեցին իրեց մայրենի լեզուն՝ հայերէնը։ Օրինակ մըն ալ կրնամ տալ Ամերիկայէն։ Ուրեմն, Երեւանի մէջ, Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանին մէջ վարպետին նկարները կը դիտէի, երբ նկատեցի նկարներուն առջեւէն տողանցող ցորենագոյն դէմքով, պեխաւոր, 30-նոց երիտասարդի մը ներկայութիւնը։Կարծես հին ծանօթներ ըլլայինք, մօտեցայ իրեն եւ «բարեւ երիտասարդ, կը հաւնի՞ս վարպետին գործերը» ըսի։ «Անշուշտ կը հաւնիմ։ Ինչպէս թէ չհաւնիմ» պատասխանեց։ «Կ’երեւի դուք Դամասկոսէն կամ «Պէյրութէն էք եւ ես ձեզ չճանչցայ, որովհետեւ ես Հալէպէն եմ» ըսի։ «Ոչ։ Ո՛չ Պէյրութէն եւ ոչ ալ Դամասկոսէն եմ» պատասխանեց։ «Բայց, եղբայր, ինծի պէս հայերէն կը խօսիս։ Կ’երեւի Գահիրէէն ես» ըսի։ «Ներողութիւն պարոն – ըսաւ – ինչո՞ւ զիս անպայման արաբական երկրի մը քաղաքացի կը կարծէք։ Ես Նիւ Եորք ծնած հայ մըն եմ»։ «Իսկ այս հայերէնը քեզի ո՞վ սորվեցուց» հարցումիս, ան պատասխանեց «Մա՛յրս,պարոն»։ Երբ հիացական շեշտով մը ըսի թէ «երանի հոս ըլլար, որպէսզի ձեռքը համբուրէի», «հոն է, ինքն ալ նկարները կը դիտէ» ըսելով ցոյց տուաւ մայրը, որուն մօտ գացի անմիջապէս եւ խնդրեցի որ ձեռքը համբուրելու շնորհը ընէ ինծի։ «ինչո՞ւ այդ պատիւը կ’ընէք ինծի» հարցուց զարմանքով։ «Որովհետեւ ձեր տղուն հոյակապ հայերէն սորվեցուցած էք» բացատրեցի։ «Բայց ես միայն իմ հայ մօր պարտականութիւնս կատարած եմ, ուրիշ ոչինչ» պատասխանեց ան։ Չորս հինգ տարի ետք, Նիւ Եորք գացած էի եւ Սուրբ Վարդան Եկեղեցւոյ մէջ Վեհանոյշ Թեքեանին նուիրուած երեկոյթի մը ներկայ գտնուեցայ։ Երեկոյթի վերջաւորութեան երիտասարդ մը մօտեցաւ ինծի, գիրկը երկու տարեկան պզտիկ մը, եւ հարցուց թէ զինք յիշեցի՞։ Յիշեցի։ Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանին մէջ տեսածս երիտասարդն էր։ «Հայաստան գացի – ըսաւ – հայ աղջկայ հետ ամուսնացայ, որպէսզի տան մէջ հայախօս ըլլանք։ Եւ ահա տղաս, երկու տարեկան է եւ հայերէն կը խօսի»։ Այս օրինակները կը փաստեն որ խնդիրը անկարելի չէ, բայց մարդիկ զայն անկարելի կը նկատեն եւ չեն փորձէր։ Ես բարեկամ չեմ «ծագումով հայ եմ» արտայայտութեան։ Կա՛մ հայ ես, կամ հայ չես։«Ծագումով Հայ»ը ո՞րն է։ Անգամ մը երբ մէկու մը հարցուցի թէ ինքզինք հայ կը զգա՞յ։ Վայրկեան մը մտածեմ – ըսաւ։ «Ես պատասխանս առի» ըսի։ Պէտք է ընդունիլ որ Սփիւռքի պայմաններուն տակ, մեր լեզուն եւ մեր ինքնութիւնը պահելը դժուարին աշխատանք է, բայց անկարելի չէ։ Կրնամ բազմաթիւ ուրիշ օրինակներ ալ տալ։ Անշուշտ պիտի ըսէք որ ասոնք պատահական երեւոյթներ են եւ օրէնքը չեն հաստատեր, բայց մենք պէտք է լծուինք այդ աշխատանքին։ Ինչպէս ուրիշ ժողովուրդ մը, երկու հազար տարի դուրս մնալով պահեց իր ինքնութիւնը եւ երկրին տիրացաւ։ Մենք ինչո՞ւ պիտի չկարենանք։ Հիմա շատ կը խօսուի համայնացումի մասին։ Ճիշդ է որ ան մեր տունը կրնայ քանդել արագօրէն։ Կ’երեւի թէ աշխարհի վրայ կան որոշ կազմակերպութիւններ որոնք կ’ուզեն ապաքաղաքական կողմնորոշումով առաջնորդել ամբողջ երիտասարդութիւնը, որպէսզի ան միայն սեռային հարցերու մասին մտածէ եւ քաղաքականօրէն, ազգայնականօրէն ոչ մէկ մտածում իրենց գրգիռ տայ։ Այս բոլորին դէմ պէտք ունինք կազմակերպեալ աշխատանք տանելու։
Հ. Դուն ալ ինծի պէս կը պատկանիս հակաթուրք տրամադրութիւններով աճած սփիւռքահայ սերունդին։ Այդպէս դաստիարակեցին մեզ։ Կը հաւատա՞ս որ թուրքը հայուն անկեղծ բարեկամ կրնայ ըլլալ։Կարելի՞ է վստահիլ Թուրքիոյ եւ հաշտուիլ անոր հետ։
Պ. Ասիկա շատ կարեւոր հարց մըն է անշուշտ։ Մեր սերունդը մեծցաւ մեր մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն պատմութիւններովը։ Օրինակի համար, գաղթի ճամբուն վրայ, թուրք ժանտարմա մը իսլամացնել փորձած է իմ Գոհարիկ մեծ մայրիկս, զոր Գոհարի փոխարէն Ժուհար կը կոչէին։ Մեծ մայրիկս քաջութիւնը ունեցած է ընդդիմանալու առաջարկին, եւ ժանտարմային հարցուցած է. «Ո՞վ է ձեր տան մեծը»։ Այս վերջինը զարմացական շեշտով մը « մեր տան պետը ես եմ» պատասխանած է։ «Իսկ մեր տան պետն ալ ամուսինս է, որ օսմանեան բանակի զինուոր է հիմա, այս վայրկեանիս։ Թող ինքը գայ եւ որպէս մեր տան պետը եթէ ինծի «իսլամ եղիր» ըսէ՝ կ’ըլլամ։ Քու ըսելովդ չեմ ըլլար»։ «Մի՛ ըլլար, արդէն շուտով պիտի մեռնիս» ըսելով ժանտարման հեռացած է։ Մեծ մայրս չմեռաւ եւ այս պատմութիւնը ինծի փոխանցեց։ Այս պատմութիւնը գրուած է նաեւ վկայութեամբը Երուանդ Պապայեանի հօր՝ Տէր Ներսէս Քհնյ. Պապայեանին, որուն գիրքը թարգմանուած է նաեւ անգլերէնի։ Մեծ մօրս չիսլամանալը հոն արձանագրուած է հայերէնով եւ անգլերէնով։
Ըսել կ’ուզեմ, մենք մեծցանք այդ ոգիով, ոչ թէ որպէսզի մենք թուրքը սպաննենք։ Թուրքէն վրէժ լուծելու միջոցներէն մէկը հայ դպրոց ստեղծելն է, ինչ որ ըրին շատեր Սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ, եւ ոչ թէ հայ դպրոց փակելը։ Այդ դէպքերը մեզ մարդասպանութեան չմղեցին, այլ մեզ մղած են մեր ինքնութիւնը պահելու զօրեղ աշխատանքին։
Մեր մեծագոյն ֆետայապետը, զօր. Անդրանիկը, որուն պաշտամունքը ունիմ ես, ըսած է թուրքին չհաւատալ այսօր, վաղը, յաւիտեան։ Եթէ քաղաքականօրէն մտածեմ, յաւիտեան բառը հաշիւիս չի գար, որովհետեւ ի վերջոյ մենք պէտք է գիտնանք նաեւ քաղաքականութիւն վարել, ինչպէս թուրքը ընել գիտէ։ Բոլորս ալ կ’ըսենք թէ թուրքը քաղաքագէտ ժողովուրդ է, այսինքն քաղաքագէտներ ունեցած է միշտ։ Ինչո՞ւ մենք ալ չունենանք քաղաքագէտներ։ Վերջերս Հայստանի մէջ հիմնուեցաւ քաղաքագէտներ պատրաստող դպրոց մը, ինչ որ ուրախալի երեւոյթ է։ Ունեցած ենք մեծ քաղաքագէտներ, որոնք դժբախտաբար ուրիշներու ծառացած են։ Մեր դիւրաբորբոք ըլլալը յաճախ մեզի մեծ վնաս պատճառած է։ Թուրքերէն խօսիլը անհրաժեշտութեան վերածուած է եւ թուրքին հետ քաղաքականօրէն վարպետօրէն վարուելու վիճակին պէտք է հասնինք մենք։ Ոչ թէ մերկանանք եւ յանձնուինք, կամ ոչ թէ ի վնաս մեր ժողովուրդին բաներ ստորագրենք, այլ պէտք է ընենք այնպէս որ բովանդակ շահը մեր ժողովուրդին համար ըլլայ։
Հ. Նկատած եմ որ ինծի պէս հայկական միասնականութեան ջատագովն ես։ Ի՞նչ կը հասկնաս միասնականութիւն ըսելով։
Պ. Անգամ մը Պէյրութի մէջ, մի՛ զարմանաք՝ Հ.Ե.Ը.ի եւ Թէքէեանի կողմէ միասնաբար կազմակերպուած հաւաքոյթի մը ընթացքին ինծմէ խնդրուեցաւ երկու խօսք ըսել։ Երբ բեմ բարձրացայ, առաջին շարքերուն վրայ նստած երիտասարդէ մը խնդրեցի քովս գալ։ Երիտասարդը, երբ՝ քիչ մը զարմացած, քիչ մըն ալ ամչնալով մօտս եկաւ եւ կողքիս կեցաւ, ձեռքս տարածեցի գլխուն վրայ եւ ըսի. Կարգ մը մարդիկ կ’ըսեն՝ միասնական ըլլանք մեր թեւին տակ։ Թեւին տակ կենալով միասնականութիւն չըլլար։ Ուսս երիտասարդի ուսին տալով գոչեցի. Այսպէ՛ս, ուսը ուսին տալով կ’ըլլայ միասնականութիւնը եւ ոչ թէ մէկը միւսի ձեռքին տակ։ Ահա մեր 95 տարիներու, յետ եղեռնեան շրջանի մեր բոլոր անհամաձայնութիւններուն դարմանը միասնականութիւնն է, բայց ոչ թէ մէկ կազմակերպութեան թեւին տակ, այլ ուս ուսի։ Այդ է միասնականութիւնը եւ մենք պէտք է ատոր հասնինք։ Ուրիշ միջոց չունինք։ Ես յաճախ խօսակցութիւններ ունեցած եմ զանազան կուսակցութիւններու պատկանող մարդոց հետ։ Հարց տուած եմ. Ի՞նչ է դաշնակցականներուն դերը գաղութին մէջ։ Պատասխան. Գաղութը հայ պահել։ Ի՞նչ է հնչակեաններուն դերը. Գաղութը հայ պահել։ Ռամկավարներու՞ն դերը. Հայ պահել։ Աւետարանականներուն, կաթողիկէներուն կամ առաքելականներուն դե՞րը՝ հայ պահել։ Ուրեմն, բոլորիս նպատակը մէ՛կ է։ Հետեւաբար, հայապահպանութեան նպատակին շուրջ, որ սկսած է դժուարանալ, պէտք է զօրակոչի ենթարկենք մեր ուժերը, համագործակցինք իրարու հետ եւ ոչ թէ իրարու հանդէպ ցեխարձակումներով զբաղուինք։ Ճիշդ այս պատճառով ալ ես ցեխարձակումներուն դէմ եմ։ Այս իմաստով, իմ առօրեայ փոքր ճիգերովս աշխատած եմ միասնականութեան համար, կը շարունակեմ աշխատիլ մինչեւ հիմա ալ եւ այդպէս ալ պիտի շարունակեմ ապրիլ առանց խտրութիւն դնելու աջի եւ ձախի միջեւ։ Թող իմ ժողովուրդս շարունակէ ապրիլ միայն։
Հ. Որքան որ նկատած եմ, նկարագրով լաւատես մարդ ես, «լաւատես՝ զզուելի ըլլալու աստիճան» ինչպէս ինծի ըսած ես առիթով մը։ Հայկական իրականութեան մէջ ամէնէն աւելի ո՞ր երեւոյթներն են որ այդ լաւատեսութիւնը ներշնչած են քեզի։ Իսկ այդ իրականութեան մէջ վերջին երկու տասնամեակին պարզուած կարգ մը խայտաբղէտ երեւոյթներ եւ արձանագրուած զարգացումներ բան մը փոխա՞ծ են այդ լաւատեսութենէդ։
Պ. Ես խոստովանութեան կարգով ըսեմ որ հաւատքս երբեք չէ խախտած, մինչ ոմանք կ’ըսեն որ պէտք է իրատես ըլլալ, այլ ոչ՝ լաւատես։ Կ’ըսեն որ երեւոյթները պէտք է քննենք գիտականօրէն, քննենք քաղաքականօրէն եւ ապարդիւն յոյսերով չօրօրենք մեր ժողովուրդը։ Մեր ժողովուրդը ապրած է հազարամեակներէ ի վեր, հազարամեակներէ ի վեր ջարդի ենթարկուած ենք, սակայն միշտ վերապրած ենք։ Այս սպիտակ ջարդը եւ մեծ պետութիւններն անգամ սարսափեցնող համաշխարհայնացումը կամ ճգնաժամերն ալ պիտի չկարենան մեզ ոչնչացնել։ Այս է որ ինծի յոյս կը ներշնչէ։ Մեր մեծ առաջնորդներուն, մեր ֆետայիներուն, մեր մեծ նուիրեալներուն ու գիտնականներուն անունները մեզ կը միացնեն ու զօրակոչի կ’ենթարկեն։ Մենք մեր ուժերը պէտք է զօրակոչի ենթարկենք։ Պէտք է ըսել որ տնտեսական գետնի վրայ Հայաստան փայլուն երես մը չի ներկայացներ, որովհետեւ գիտենք որ հարուստներուն թիւը շատ քիչ է, իսկ աղքատներուն թիւը՝ շատ-շատ։ Այս պայմաններուն տակ անշուշտ տարբեր չէր կրնար ըլլալ։ Հոն ալ ուժերու լարումի հարց կայ։ Եթէ նոյնիսկ Սփիւռքը իր ամբողջ ուժականութիւնը՝ potentialը ուղղէ դէպի Հայաստան, նորէն կարելի չէ շրջել իրականութիւնը, որովհետեւ Հայաստանը՝ ի՛նք պէտք է արտադրող երկիր ըլլայ։ Չեմ լսեր որ ոեւէ մէկը գործարան մը կը հաստատէ Հայաստանի մէջ։ Միայն եկեղեցի կը կառուցանեն։ Եկեղեցիներու կառուցումին մեծ ուժ կը տրուի։ Ի վերջոյ, եթէ միայն եկեղեցիներու կառուցումը մեզ պիտի փրկէ՝ բոլորս ալ եկեղեցական դառնանք, քարոզիչներ դառնանք։ Տնտեսութիւնն է որ կ’որոշէ մարդուն եւ երկրին վիճակը, մեր ժողովուրդի լինելութեան համար տնտեսութիւն է որ գրաւական պիտի տայ։ Հայաստան, իր անկախութենէն ի վեր, այդ գծով շատ քիչ բան ըրած է։ Չեմ ըսեր թէ բնաւ բան մը չէ ըրած, անշուշտ որոշ համաձայնութիւններ ու ծրագիրներ կան։ Սփիւռքէն շատեր, իմ ընկերներէս ալ շատեր, գացին եկեղեցի մը վերանորոգելու։ Եթէ այդքան դրամ ունէին, մէկ-երկու միլիոն տոլար, ինչո՞ւ գործ մը չհաստատեցին։ Եթէ իրենց նման տասը հոգի միանան եւ իրենց ստեղծած դրամագլուխով գործ մը հաստատեն՝ բազմաթիւ մարդոց համար աշխատատեղիներ կը ստեղծուին։ Այս մասին, ժամանակին, խօսած եմ նոյնիսկ Ալեք Մանուկեանին Պրազիլիոյ մէջ։ Իրեն հարց տուած եմ որ ինչո՞ւ չի մտածեր ծորակներու մեծ գործարան մը հաստատել նաեւ Հայաստանի մէջ եւ 500 հոգիներու գործ հայթայթել, որպէսզի այդ մարդիկը ամէն օր աղօթեն իրեն համար։ Թանգարան կառուցելը անշուշտ շատ կարեւոր է։ Թանգարանը մեր մշակոյթային արժէքները պահպանող ու ցոյց տուող հաստատութիւն է։ Բայց մենք պէտք է մտածենք նաեւ եկամտաբեր հաստատութիւններ ստեղծելու մասին։ Մեր արտահանումներով է որ մարդիկ պիտի հետաքրքրուին։ Միայն գոնիաքով կարելի չէ աշխարհը լիացնել։ Հայաստանի տնտեսապէս հզօրացումը կրնայ յարգանք պարտադրել օտար պետութիւններուն։ Մեզ նկատի կ’առնեն մեր տնտեսական ուժին չափով։ Հիմա՝ նկատի կ’առնեն աղքատի չափով։ Իրենց տուածը հիմա հազիւ կարկտան կ’ըլլայ։ Երկիրը պէտք է լայն շունչ առնէ տնտեսապէս։ Մեր ղեկավարութիւնը պէտք է իր ճիգերը լարէ եւ այս մասին ոչ միայն մտածէ, այլ գործէ՛, որովհետեւ մտածելը քիչ է։
Հ. Քանի որ մեր այս զրոյցը կը զուգադիպի Լիբանանի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան մը կողմէ դէպի Տէր Զօր ուխտագնացութեան մը նախօրէին եւ վաղը այդ ուխտաւորները կանգնած պիտի ըլլան Տէր Զօրի Նահատակաց Մատուռին դիմաց, ի՞նչ կ’ուզէիր ըսել անոնց։
Պ. Ես պիտի ուզէի անձամբ մասնակցած ըլլալ այդ երթին, որովհետեւ այդ երթը մեզ հաղորդակցութեան մէջ կը դնէ մեր նահատակներուն հետ։ Հայ կաթողիկէ համայնքին այս երթը ինծի կը յիշեցնէ իմ մէկ տեսակցութիւնս երջանկայիշատակ Հոգեւոր Տիրոջ՝ Կարդինալ Աղաճանեանին հետ Հռոմի մէջ։ Ես ու տիկինս խնդրած էինք Իր Աջը առնել եւ այս նպատակով մեզի տրամադրուած էր տասը վայրկեան։ Սակայն մեր հանդիպումը տեւեց աւելի քան երկու ժամ։ Հոգեւոր Տիրոջմէ հրաժեշտ առնելէ առաջ, Իրեն ըսի որ նկատի ունենալով Իր ոչ-քաղաքական մարդու հանգամանքը, շնորհակալ պիտի ըլլամ եթէ իմ ոչ-քաղաքական մէկ հարցումիս պատասխանէ եւ հարցուցի. Ի՞նչ պէտք է ընենք որպէսզի մեր ժողովուրդը գոյատեւէ։ Ըսաւ՝ քանի որ ինծի ոչ-քաղաքական հարցում մը տուիք, ձեզի ոչ-քաղաքական պատասխան մը պիտի տամ. Եթէ հետեւինք մեր նախահայրերուն ուղիներուն՝ պիտի գոյատեւե՛նք։
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ
«Դէմ Առ Դէմ» գիրքէն