Լուսանկարի մը պատմութիւնը. ԳՈՒՍԱՆ ՋԻՎԱՆԻՆ ԵՒ ՁԱԽՈՐԴ ՕՐԵՐԸ

Լուսանկարի մը պատմութիւնը. ԳՈՒՍԱՆ ՋԻՎԱՆԻՆ ԵՒ ՁԱԽՈՐԴ ՕՐԵՐԸ

1879թ. աւարտած էր ռուս-թրքական պատերազմը: Կարս նահանգը անցած էր Ռուսաստանի տիրապետութեան տակ: Անի քաղաքը տեսնելը այլեւս հնարաւոր էր: Այդ տարիներուն ալեքսանդրապոլցիք սովորութիւն ունէին հիւրերուն Անի տանիլ` զբօսանքի: Հերթական խնճոյքի առիթն էր բանաստեղծ Ռափայէլ Պատկանեանի այցը Կիւմրի: Հրաւիրուած էին քաղաքի մտաւորական եւ հոգեւոր այրերը, որոնց շարքին` Ջիվանին: Քաղաքի դեռ կանգուն շինութիւններու հմայքը գերած էր բոլորը: Անոնք կ’որոշեն գիշերել Անիի մէջ: Յաջորդ օրը կը սկսի խնճոյքը` ի պատիւ բանաստեղծի: Գուսանը անոր խօսքերով երգեր կ’երգէր եւ կը ճոխացնէր խնճոյքը: Բայց մասնակիցները կը խնդրեն Ջիվանիէն նոր երգ մը երգել: Ան կ’առանձնանայ Սբ. Առաքելոց վանքի աւերակներու մէջ, յոյզերը բառ կը դառնան, բառերը` երգ.
«Ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ’երթան,
Վհատելու չէ, վերջ կ’ունենան, կու գան ու կ’երթան:
….Փորձանք, հալածանք եւ նեղութիւն ազգերու գլխից,
Ինչպէս ճանապարհի քարաւան կու գան ու կ’երթան… »
Բոլորը կը յուզուին, կը հիանան. Պատկանեան կը համբուրէ երգիչի ճակատը ու կ’ըսէ.
– Դուն իմ «Թող փչէ քամին» նսեմացուցիր:
Այդ երկու օրերու ականատեսներէն էր նաեւ լուսանկարիչ Յովհաննէս Քիւրքչեանը: Ան քար առ քար կը լուսանկարէր եւ կ’արձանագրէր Անիի փառահեղ անցեալի նշխարները: Վերոյիշեալ օրը նոյնպէս կը յաւերժանայ Քիւրքչեանի ֆոթոխցիկի շնորհիւ:

Ն.Է.Ն.

Աղբիւր՝ Գրականութեան եւ արուեստի թանգարան /Museum of Literature and Art/

 

Խմբանկար` Ռափայէլ Պատկանեան (առաջին շարք, կանգնած, ձախէն` վեցերորդը), գուսան Ջիվանի (նստած` ջութակով) եւ խումբ մը մտաւորականներ