ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԻՆ «ՄԽԻԹԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՔԱՋԱԼԵՐԱՆՔԻ» ՍՐՏԱՇԱՐԺ ՈՒՂԵՐՁԸ ՀԱՄԱՅՆ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԻՆ «ՄԽԻԹԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՔԱՋԱԼԵՐԱՆՔԻ» ՍՐՏԱՇԱՐԺ ՈՒՂԵՐՁԸ ՀԱՄԱՅՆ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

Սուրբ Ծննդեան տօնի նախօրեակին Լիբանանի Կաթողիկէ Պատրիարքներու եւ Եպիսկոպոսներու Ժողովի նախագահ՝ Մարոնիներու Պատրիարք Կարդինալ Պշարա Պութրոս Ռաիին հասցէագրուած եւ համայն Լիբանանցի ժողովուրդին ուղղուած ուղերձով մը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ցոյց կու տայ իր կարեկցանքը լիբանանցիներու կրած տառապանքներուն եւ «մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի, Խաղաղութեան Իշխանի, Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով, կը փոխանցէ քաջալերանքի եւ մխիթարական խօսքեր»։ Ստորեւ ուղերձը՝ որ Սուրբ Աթոռը հրապարակած է արաբերէն, ֆրանսերէն, իտալերէն, սպաներէն եւ անգլերէն լեզուներով:

 

Ձեր երջանկութեանն ու ձեր միջոցով բոլոր լիբանանցիներուն ՝ առանց համայնքի կամ կրօնական պատկանելութեան խտրութեան, կ’ուզեմ մի քանի մխիթարական եւ խրախուսական խօսք ուղղել մեր Տէր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի, Խաղաղութեան իշխանի Ծննդեան տօնին առթիւ:
Լիբանանի սիրելի որդիներ եւ դուստրեր,
Մեծ է իմ ցաւս`տեսնելով տառապանքն ու անձկութիւնը, որոնք կը խեղդեն Մայրիներու Երկրի նախաձեռնութեան ոգին ու աշխուժութիւնը: Աւելին, ցաւալի է տեսնել, խաղաղութեամբ ապրելու յոյսերու կորուստը ու շարունակել պատմութեան եւ աշխարհին համար մնալ ազատութեան պատգամ եւ բարի համակեցութեան վկայութիւն եւ, ես, ամբողջ սրտով կը բաժնեմ ե՛ւ ձեր ուրախութիւնները, ե՛ւ ձեր ցաւերը, եւ հոգւոյս խորքին մէջ կը զգամ ծանրութիւնը այն ամեն բանի որ կորսնցնելու վրայ էք, մանաւանդ, երբ կը մտածեմ բազմաթիւ երիտասարդներու մասին, որոնց աւելի լաւ ապագայի մը յոյսը կը խլուի:
Բայց այս Սուրբ Ծննդեան օրը «ժողովուրդը, որ կը քալէր մթութեան մէջ, տեսաւ մեծ լոյս մը որ կը բարձրանար» (Ես 9: 1), այն լոյսը՝ որ կը փարատէ վախերը եւ որ բոլորի մօտ կը յարուցանէ այն համոզումը, որ Նախախնամութիւնը երբեք պիտի չի լքէ Լիբանանը եւ գիտէ բարիի այլակերպել նոյնիսկ այս սուգը։
Սուրբ Գրութիւններուն մէջ Լիբանանը շատ յաճախ կը յիշատակուի, բայց ամէն բանէ առաջ կը ցոլացնէ սաղմոսերգուին կողմէ մեզի փոխանցուած պատկերը. «Արդարը արմաւենիի պէս պիտի աճի եւ պիտի աճի Լիբանանի Մայրիի մը նման (Սղ. 91:13):
Աստուածաշունչին մէջ, Մայրիի վեհութիւնը զօրութեան, կայունութեան, պաշտպանութեան խորհրդանիշ է: Մայրին խորհրդանիշն է արդարին, որ արմատաւորուած Տիրոջ մէջ, կը Էմմանուէլըփոխանցէ գեղեցկութիւնն ու բարեկեցութիւն, եւ որ նոյնիսկ ծերութեան ժամանակ, կը բարձրանայ եւ առատ պտուղ կու տայ:
Այս օրերուն Էմմանուէլը, Աստուած-մեր-հետը կը դառնայ մեր հարեւանը, ան կը քայլէ մեր կողքին: Վստահ եղէք անոր ներկայութեան, անոր հաւատարմութեան:
Մայրիին պէս ՝ միասին ապրելու ձեր արմատներու խորերէն քաղեցէք՝ վերստին դառնալու համար միասնական ժողովուրդ՝ փոթորիկին դիմադրող Մայրիին նման՝ գիտցէք օգտուիլ այս պահու անկանխատեսելի իրավիճակներէն `վերագտնելու համար ձեր ինքնութիւնը,այն որ կը կայանայ յարգանքի, համակեցութեան եւ բազմակարծութեան բոյրը ամբողջ աշխարհին տանելու մէջ, ինքնութիւնը ժողովուրդի մը որ չի հրաժարիր երազէն անոնց որոնք հաւատացին գեղեցիկ եւ բարգաւաճ երկրի մը երազին։
Այս տեսանկիւնէն, ես կը դիմեմ քաղաքական պատասխանատուներուն եւ կրօնական առաջնորդներուն ՝ փոխ առնելով Էլիաս Հուայէք Պատրիարքին հովուական նամակէն. «Դո՛ւք ՝ միապետներ, դուք պատասխանատուներ, դո՛ւք երկրի դատաւորներ, դո՛ւք երեսփոխաններ որ կ’ապրիք ժողովուրդի հաշւոյն […] դո՛ւք բոլորդ, պաշտօնապէս պարտաւոր էք աշխուժօրէն շարունակել ձեր ջանքերը ՝ յօգուտ հանրային շահի: Ձեր ժամանակը ձեզի չի պատկանիր, ձեր աշխատանքը ոչ թէ ձեզի համար է, այլ Պետութեան եւ հայրենիքին որ կը ներկայացնէք:
Վերջապէս, սէրը հանդէպ լիբանանցի սիրելի ժողովուրդը, որուն մտադիր եմ այցելել անմիջապէս որ հնարաւոր ըլլայ,, միանալով նախորդներուս եւ Առաքելական Աթոռի մշտական հոգատար ուշադրութեան, կը մղեն զիս անգամ մը եւս դիմելու Միջազգային հանրութեանը: Օգնե՛նք Լիբանանին որպէսզի զերծ մնայ շրջանային հակամարտութիւններէն եւ լարուածութիւններէն: Օգնե՛նք անոր որպէսզի դուրս գայ ծանրակշիռ ճգնաժամէն եւ վերականգնուի:
Սիրելի որդիներ եւ դուստրեր, գիշերուան խաւարին մէջ վեր բարձրացուցէք ձեր հայեացքը, թող Բեթղեհէմի աստղը որպէս առաջնորդ եւ քաջալերանք ծառայէ ձեզի Աստուծոյ տրամաբանութեան մէջ մտնելու համար, որպէսզի չկորսնցնէք ճանապարհը եւ յոյսը։

Վատիկան, 24 Դեկտեմբեր, 2020