ԱՇԽԱՐՀԻ ՎՐԱՅ՝ 340 ՄԻԼԻՈՆ ՀԱԼԱԾՈՒԱԾ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ

ԱՇԽԱՐՀԻ ՎՐԱՅ՝ 340 ՄԻԼԻՈՆ ՀԱԼԱԾՈՒԱԾ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ

«Բաց Դռներ» (Open Doors) հալածուած ու հարստահարուած քրիստոնեաներուն ի նպաստ գործող մարդասիրական միսիոներական կազմակերպութիւնը, անցեալ 13 Յունուարին Իտալիոյ խորհրդարանին մէջ ներկայացուցած է Քրիստոնեաներու դէմ հալածանքին մասին 2020 տարուան տարեկան տեղեկագիրը, որով կը հաստատուի թէ 2020 տարուան ընթացքին իրենց հաւատքին համար սպաննուած քրիստոնեաներուն թիւը հասած է 4761-ի, մինչ աւելիով կը վատթարանայ «կրօնական ազատութեան» կացութիւնը։
«Աշխարհի վրայ 340 միլիոնէ աւելի քրիստոնեաներ հալածուած են, ու անոնցմէ շատեր թիրախ են հարստահարումներու։ Հալածանքներ՝ որոնք ծայրայեղ կը համարուին 50 երկիրներու մէջ»։ Ասիկա է «Բաց Դռներ» կազմակերպութեան ներկայացուցած համապատկերը, ուր նշուած է նաեւ թէ համաճարակը որոշ երկիրներու մէջ աւելի վատթարացուցած է քրիստոնեաներուն իրավիճակը ու անոնց դէմ մղուած հալածանքներն ու կրօնական ազատութեան ուղղութեամբ սահմանափակումները։
Տեղեկագիրին մէջ նշուած է նաեւ թէ սպաննուած քրիստոնեաներու թիւը աճած է ու վերջին տարուան ընթացքին կատարուած հետազօտութենէն ի յայտ կու գայ թէ սպաննուած են 4761 քրիստոնեաներ (միջին հաշիւով օրական 13 անձ), 60 առ հարիւր աճով։ Նիճերիոյ մէջ արձանագրուած է սպանութիւններու ամենաբարձր թիւը։
Անարդար կերպով ձերբակալուած եւ կալանաւորուած քրիստոնեաներուն թիւը հասած է 4277-ի մինչ առեւանգուած քրիստոնեաներու թիւն է 1710։ Բարեբախտաբար նուազած է Եկեղեցիներու ու քրիստոնէական կառոյցներու դէմ յարձակումներուն թիւը 2019 տարուան 9488էն անցած է 4488 պարագայի։ Ծայրայեղ հալածանքներով երկիրներու շարքին առաջին տեղը կը գրաւէ Հիւսիսային Քորէան։ Անոր կը յաջորդեն Աֆղանիստանը, Սոմալիան, Լիպիան եւ Փաքիստանը։
Բաց Դռներ միջազգային կազմակերպութիւնը «քրիստոնեայ միսիոներական գործակալութիւն մըն է որ նեցուկ կը կանգնի իրենց հաւատքին համար հալածուած քրիստոնեաներուն։ Ան կը գործէ 60 երկիրներուն մէջ ուր կ’արձանագրուին քրիստոնեաներու դէմ ծանր հալածանքներ եւ հարստահարումներ։