ՕՐԷՆՔԸ ԿԱ՞Յ ԹԷ ՉԿԱՅ…

ՕՐԷՆՔԸ ԿԱ՞Յ ԹԷ ՉԿԱՅ…

Բարեկամս ուզեց իմանալ թէ՝ Լիբանանի մէջ ապօրէն հարստացման մասին օրէնք գոյութիւն ունի՞. եթէ այո, ինչո՞ւ երբեք չենք լսած անոր գործադրութեան մասին հակառակ անոր որ տարիէ մը ի վեր ապօրէն հարստացման ամբաստանութիւններ կը լսենք ամէն օր աջէն ու ձախէն։ Եթէ ոչ՝ ինչո՞ւ չեն մշակեր. արդեօք մտածելով որ կարիքը չկայ, որովհետեւ լիբանանցիները ապօրէն հարստացման խնդիր չունին, եւ անոնց սիրտն ու խիղճը յաւերժական Մայրիին վրայ իջած ձիւնին պէս սպիտակ եւ Ժըիթայի ջուրերուն պէս ջինջ են…։
Չեմ գիտեր։ Չեմ ալ ուզեր գիտնալ, այս գեղեցիկ երկրին հանդէպ սէրս եւ անոր ապագային հանդէպ հաւատքս չկորսնցնելու համար…։

ՀԱՅՈՐԴԻ