ԼԻԲԱՆԱՆ՝ ԱՌԱՆՑ ՆԱՒԱՊԵՏԻ ՓՈԹՈՐԻԿԻ ԲՌՆՈՒԱԾ ՆԱՒ ՄԸ՝ ՈՐ Կ’ԸՆԿՂՄԻ․․․

ԼԻԲԱՆԱՆ՝ ԱՌԱՆՑ ՆԱՒԱՊԵՏԻ ՓՈԹՈՐԻԿԻ ԲՌՆՈՒԱԾ ՆԱՒ ՄԸ՝ ՈՐ Կ’ԸՆԿՂՄԻ․․․

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ


 

Քաղաքական քաոսային վիճակ, տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային սուր տագնապ, անտանելի սղաճ, յարաճուն զրկանք ու թշուառութիւն, անապահովութիւն, չորս դին աւեր ու աւերակ, սարսափի մթնոլորտ, աղէտահար եւ շփոթած մարդիկ ՝ Պէյրութի նաւահանգիստին ահաւոր պայթումին հետեւանքով, այս բոլորէն առաջ եւ ետք՝ COVID 19 սարսափազդու համաճարակ՝ իր արգելափակումի, տառապալի ու մահացու հետեւանքներով, եւ ի լրումն այս դժբախտութիւններուն՝ պետական իշխանութեան կատարեալ բացակայութիւն եւ անտիրութեան զգացում։ Այս ողբերգական պայմաններուն եւ հոգեմաշ մթնոլորտին ներքեւ է որ լիբանանցիք (անշուշտ նաեւ լիբանանահայութիւնը) դիմաւորեցին 2021-ը, տարի մը նոր՝ բայց անսովոր, նոր՝ բայց ոչ յուսաբեր, նո՛ր՝ բայց ոչ նորատեսիլ, նո՛ր՝ բայց ոչ նորօր, եւ այսպէս՝ այնքան ատեն որ այս տխուր իրականութիւնը հիմնովին շրջող հրաշքանման զարգացում մը չյայտնուի։
Գերբնական կամքի եւ հաւատքի տէր ըլլալու է այսպիսի մռայլ ու անհեռանկար իրականութեան մը դիմաց չյուսաթափուելու եւ չկորսնցնելու համար ամէն վստահութիւն հանդէպ երկրին զոր այնքան սիրած ես, չկորսնցնել հաւատք եւ յոյս ապագային հանդէպ, չկորսնցնել ամէն ինքնավստահութիւն։ Անգամ մը եւս լիբանանցիները կը գտնուին այդպիսի կամք ցուցաբերելու, դաժան հանգամանքներուն դիմաց անգամ, իրենց համայնքային եւ կրօնական բաղկացուցիչներով հանդերձ դժուարութիւնները արժանապատուութեամբ յաղթահարելու, այս չքնաղ հայրենիքին հանդէպ իրենց սէրն ու հաւատարմութիւնը ցուցաբերելու եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած խաղաղ համակեցութեամբ կերտուած կեանքին ամրօրէն կառչած մնալու մարտահրաւէրին առջեւ։
Այսպիսի կամք ցուցաբերելու եւ չյուսահատելու կոչ մըն է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ուղերձը ուղղուած անխտի՛ր բոլոր լիբանանցիներուն՝ առանց դաւանական կամ համայնքային խտրութեան, հրաւէր մըն է վերադառնալու իրենց երբեմնի երանաւէտ վարքին, մշտադալար եւ հաստաբուն Մայրիներուն նման իրենց ուժը քաղելու զիրենք միաւորող կենարար արմատներէն, միասնականութեան եւ եղբայրական համակեցութեան յանձնառութենէն, վերահաստատելու պատմութեան եւ համայն աշխարհին համար ազատութեան պատգամ մը եւ խաղաղ համակեցութեան վկայութիւն մը ըլլալու իրենց կոչումը։
Բայց, այսօր, յայտնապէս, ոչ երբեմնի ոգեշնչող յիշատակները, ո՛չ Պապին խրախուսական եւ քաջալերական խօսքերը եւ ոչ ալ Մայրիներու գեղեցկութեան, երկրի բնութեան չնաշխարհիկ սքանչելիութեան, իր կենսոլորտին մաքրութեան եւ համերաշխ կենսակերպի քաղցրութեան հրապոյրը կրնան լիբանանցիներուն վերադարձնել այն կենսունակ տրամադրութիւնը, նախանձելի առաւելութիւնները եւ իւրայատկութիւնները որոնք զիրենք կապած էին միջերկրականեան այս չքնաղ երկրին, որ իրաւամբ ճանչցուած էր որպէս «Միջին Արեւելքի Զուիցերիա»ն։
Ի՞նչ պատահեցաւ որ տնտեսապէս բարգաւաճ, խղճի, խօսքի, հաւատքի եւ կամքի ազատութեան եւ համերաշխ համակեցութեան օրինակ ընդունուած այս երկիրը այս աստիճան աղքատութեան, աղիտալի եւ քաոսային վիճակի մատնուի, մեկուսացուի իր մօտաւոր եւ հեռաւոր շրջապատէն, դառնայ առանց նաւապետի փոթորիկի բռնուած նաւ մը՝ որ ամէն օր քիչ մը աւելի ընկղմելու վրայ է։
Հեշտ չէ միանշանակ երեւոյթի մը մէջ ամփոփել բարդ իրավիճակը, որուն պատճառները կ’ընդգրկեն յայտնի եւ անյայտ բազմաթիւ եւ բազմերես դերակատարներ ու ազդակներ։
Այսուհանդերձ, առանց յաւակնելու կատարել իրավիճակին եւ անոր պատճառներուն առարկայական եւ ամբողջական վերլուծումը, որ յաճախ նաեւ հակասական է, ակներեւ է որ նախ տարածաշրջանը եւ շրջապատը՝ իրենց խնդիրներով եւ հակամարտութիւններով իրենց անխուսափելի անդրադարձը ունեցած են եւ կ’ունենան Լիբանանի մէջ։ Բացայայտ է անոնց պատասխանատուութիւնը։
Ապա, ներկայ իրավիճակին ուրիշ եւ ոչ նուազ կարեւոր մէկ պատճառը դաւանանքայնութեան քաղաքականացումն է, դաւանանքին շահագործումը եւ ծառայեցումը հատուածական եւ անձնական շահերու՝ ի հեճուկս պետական շահերուն, տարբեր զանգուածներու ուղղուածութիւնը գերադասելու հատուածական շահերը քան Հայրենիքին, որ դարձած է տարբեր համայնքներու զաւակներու բնակավայր։ Հատուածական նկատումներով առաջնորդուող կողմերու հետեւորդներ, համայնքային շահեր պաշտպանելու պատրուակով՝ «քաղաքական կարկանդակէն» առաւելագոյն բաժին մը խլելու իրենց ղեկավարներու պատուէրով, կը խուսափին իրենց քաղաքացիական պարտաւորութիւններէն՝ ապաւինելով այս վերջիններու հովանաւորչութեան։
Եւ վերջապէս, կասկած չկայ որ վերեւի պատճառներուն յայտնութիւնը եւ խորացումը հետեւանքն է քաղաքական դասի անտարբերութեան եւ փտածութեան, որուն դէմ ոտքի ելաւ եւ ապստամբութեան դրօշ պարզեց ժողովուրդին մինչ այդ լուռ զանգուածը՝ քաղաքական դասի հեռացման պահանջով։
Այսօր, այս իրողութիւններու հետեւանքը չէ՞ վարչապետ մը նշանակելու եւ կառավարութիւն մը կազմելու անկարելիութիւնը, մինչ երկիրը ներկայ աղիտալի վիճակէն դուրս բերելու եւ ժողովուրդին տառապալի վիճակը եթէ ոչ փարատելու գոնէ մեղմացնելու համար պահանջուած բարեկարգումներու ազդանշանը տուող կառավարութեան մը գոյութիւնը աւելի քան երբեք հրամայական է։ Կառավարութիւն մը՝ բաղկացած «լաւագոյն անձնաւորութիւններէ եւ ոչ միայն անոնցմէ որոնք հաւատարիմ են կուսակցութեան մը կամ ենթակայ պետի մը» ինչպէս կ’ըսէ Կարդինալ Պշարա Ռաի Պատրիարքը։ Ասիկա Լիբանանի վերականգնումին օգնելու միջազգային խոստումներու գործադրութեան միակ պայմանն է, զոր քաղաքական դասը հանդիսաւորապէս յարգել խոստացած էր Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէր Մաքրոնին անցեալ Սեպտեմբերի մէկին անոր Լիբանան կատարած առաջին այցելութեան ընթացքին։ Յայտնապէս, դարձեալ հատուածական եւ անձնական շահեր ցայսօր արգելք կ’ըլլան այդ խոստումի գործադրութեան։ Եւ ըստ երեւոյթին, պիտի շարունակեն արգելք ըլլալ կառավարութեան մը կազմութեան։
Յուսանք եւ աղօթենք որ «լիբանանեան հրաշքով»՝ քաղաքական դասի բաղկացուցիչներուն կողմէ անձամբ՝ Ֆրանսայի նախագահին խոստացուած եւ Ռաի Պատրիարքին ակնկալած կառավարութիւն մը կազմելու համար նախարարներու փնտռտուքը աւելի երկար չտեւէ եւ անգամ մը եւս ժողովուրդին համբերութեան բաժակը չյորդի եւ ան դարձեալ խելագարած ամբոխ չդառնայ։

20 / 01 / 2021