«FRATELLI TUTTI» Ֆրանչիսկոս Պապին Գ. Կոնդակը հրաւէր մըն է ցոյց տալու որ «Եղբայրներ ենք բոլորս»

«FRATELLI TUTTI» Ֆրանչիսկոս Պապին Գ. Կոնդակը հրաւէր մըն է ցոյց տալու որ «Եղբայրներ ենք բոլորս»

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անցեալ Հոկտեմբեր 3-ին Ասսիզիի մէջ ստորագրեց «FRATELLI TUTTI» (Եղբայրներ ենք բոլորս) խորագրեալ իր երրորդ Շրջաբերական Թուղթը, ուր Ան՝ հիմնուելով Յիսուսի Բարի Սամարացիի առակին վրայ, ցոյց կու տայ եղբայրութեան եւ մերձաւորութեան ընդհանրական ընկերութիւն մը ստեղծելու ճանապարհը՝ դառնալով մերձաւորը անոր որ այդ մերձաւորութեան կարիքը ունի։
Ստորեւ՝ Շրջաբերականի բովանդակութեան ներկայացումը որ կը կատարէ մեր պաշտօնակիցը՝ Ռատիօ Վատիկանի Հայկական Բաժնի տնօրէն Ռոպերթ Աթթարեան։

Եղբայրութիւնն ու ընկերային բարեկամութիւնը Քահանայապետին կողմէ մատնանշուած ուղիներն են կառուցելու համար աւելի լաւ, աւելի արդար եւ խաղաղ աշխարհ մը, բոլորին յանձնառումով. Ժողովուրդ եւ իշխանութիւն։ «Ոչ» պատերազմներուն եւ անտարբերութեան համաշխարհայնացումին։
«Որո՞նք են մեծ իտէալները, ու նաեւ գործնականապէս անցանելի ուղիները անոնց համար, որոնք կը ցանկանան կառուցել աւելի արդար եւ եղբայրական աշխարհ մը, իրենց առօրեայի յարաբերութիւններու ընթացքին, հասարակութեան, քաղաքականութեան, եւ հաստատութիւններուն մէջ։» Այս է հարցումը՝ որուն կ’ուզէ պատասխանել հիմնականօրէն “Fratelli tutti”ն, Ֆրանչիսկոս Պապին նոր շրջաբերականը, զոր Քահանայապետը կ’որակէ «ընկերային շրջաբերական» (6), որուն վերնագիրը քաղուած է Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի «Խրատներէն», ուր ան այդ բառերը կ’օգտագործէ դիմելու «բոլոր եղբայրներուն և քոյրերուն և անոնց առաջարկելու Աւետարանի համը ունեցող կեանք մը» (1):
«Շրջաբերականին նպատակն է խթանել եղբայրութեան եւ ընկերային բարեկամութեան համաշխարհային ձգտում մը»։
«Covid-19 համաճարակը, անսպասելիօրէն ներխուժեց ճիշտ այն ժամանակ երբ ես կը գրէի այս նամակը» – կը նշէ Ֆրանչիսկոս Պապը – Թէեւ համաշխարհային առողջապահական արտակարգ իրավիճակը ցոյց տուաւ, որ «ոչ ոք միայնակ կը փրկուի», և որ իրօք ժամանակը եկած է «երազելու որպէս մէկ մարդկութիւն», որուն մէջ «բոլորս եղբայրներ ենք» (7-8) կը հաստատէ Ան:

Շրջաբերականը կազմուած է ութը գլուխներէ, որոնցմէ առաջինը կը կրէ «Փակուած աշխարհի ստուերներ» վերնագիրը եւ կը կեդրոնանայ ժամանակակից դարաշրջանի բազմաթիւ հայեցակարգերու աղաւաղումներու ու անոնց շահարկումի և խաթարումի վրայ, ինչպէս. ժողովրդավարութիւնը, ազատութիւնն ու արդարութիւնը. եսասիրութիւնը և հասարակաց բարիքի նկատմամբ անտարբերութիւնը, շահոյթի և մնացորդացի մշակոյթի վրայ հիմնուած շուկայական տրամաբանութեան տարածում. գործազրկութիւն, ազգայնամոլութիւն եւ աղքատութիւն. իրաւունքներու անհաւասարութիւններն ու անոնց շեղումները, ինչպիսի են ստրկութիւնը, մարդավաճառութիւնը, կիներու դէմ ոտնձգութիւնները, որոնց բերումով անոնք ստիպուած են դիմել վիժումի եւ «օրկաններու» վաճառքը (10-24):
Այս բոլորը «համաշխարհային հարցեր են, որոնք կը պահանջեն համընդհանուր գործողութիւններ», կը հաստատէ Քահանայապետը, մատը սեւեռելով «պատերու մշակոյթի» մը դէմ, որ կը նպաստէ մաֆիայի տարածմանը, սնուցուած վախով և առանձնութեամբ (27-28):
Այս բազմաթիւ ստուերներուն, Շրջաբերականը կը հակադրէ լուսաւոր օրինակ մը, բարի սամարացիին օրինակը, որուն նուիրուած է երկրորդ գլուխը. «Օտարական մը ճանապարհին վրայ»։
Ասոր մէջ Քահանայապետը կ’ընդգծէ, թէ հիւանդ ընկերութեան մը մէջ որ իր կռնակը կը դարձնէ ցաւին եւ որ «անգրագէտ» է տկարներու եւ խոցելիներու խնամքի մէջ (64-65), բոլորս կանչուած ենք մօտիկ ըլլալու միւսին (81), գերազանցելով նախապաշարումները եւ անձնական շահերը։
Ամէնքս արդարեւ համապատասխանատու ենք ընկերութեան մը կառուցման գործին, որ գիտնայ ներառել, ընդելուցել, ու օգնել տառապողին (77)։
Սէրը կամուրջներ կը կերտէ ու մենք «եղած ենք սիրոյ համար» (88), կ’աւելցնէ Քահանայապետը, յանձնարարելով յատկապէս քրիստոնեաները, Քրիստոսը ճանչնալու ամէն մէկ բացառուածի դիմագծին մէջ (85)։
«Մտածել եւ բաց աշխարհ ստեղծել» երրորդ գլխուն մէջ ՝ Ֆրանչիսկոսը մեզ կը խրախուսէ «դուրս ելլելու մենք մեզմէ» բացուելու մերձաւորին, սիրոյ շարժականութեան հիման վրայ, որ մեզ կը մղէ դէպի «տիեզերական հաղորդութիւն (95)։
Խորքին մէջ մարդկային կեանքի հոգեւոր հասակը որոշուած է սիրով՝ զոր մեզ կը տանի փնտռելու լաւագոյնը ուրիշի կեանքին համար (92-93)։
Զօրակցութեան եւ եղբայրութեան իմաստը ծնունդ կ’առնեն ընտանիքներուն մէջ, ուրեմն պէտք է պաշտպանել եւ յարգել ընտանիքները իրենց «առաջնային և էական կրթական առաքելութեան մէջ» (114).
«Արժանապատուութեամբ ապրելու իրաւունքը կարելի չէ մերժել ոչ ոքի», կը հաստատէ ապա Քահանայապետը, որովհետեւ իրաւունքներն առանց սահմանի են, «ոչ ոք կարող է բացառուած մնալ ՝ անկախ թէ ուր ծնած ըլլայ (121)»:
Այս տեսանկիւնէն Քահանայապետը նաև կոչ կ’ընէ մտածելու «միջազգային յարաբերութիւններու բարոյականութեան մը մասին» (126), որովհետեւ իւրաքանչիւր երկիր կը պատկանի նաեւ օտարականին և կարող չէ կարիքաւորներուն մերժել հողին բարիքները…
Շրջաբերականը յատուկ շեշտադրում կը կատարէ նաև արտաքին պարտքի խնդիրի վրայ. «Չխախտելով այդ պարտքը վճարելու սկզբունքը, յոյս կը յայտնուի, որ այդ մէկը չի խաթարէ աւելի աղքատ երկիրներուն աճն ու կենսունակութիւնը (126):
Գաղթականութեան հարցին հուսկ նուիրուած է յատուկ մէկ մաս՝ շրջաբերականի չորրորդ գլուխը «Սիրտ մը բաց համայն աշխարհին»։ Իրենց յօշոտուած կեանքերով (37), պատերազմներէ, հալածանքներէ, բնական աղէտներէ, մարդավաճառներէ փախչելով, եւ իրենց ծագումի հասարակութիւններէն խլուած, գաղթականները պէտք է ընկալուին, պաշտպանուին, խթանուին եւ ընդելուզուին։
Զանոնք հիւրընկալող երկիրներու մէջ արդար հաւասարակշռութիւնը պիտի ըլլայ ընդմէջ քաղաքացիներու իրաւունքներուն եւ հիւրընկալութեան երաշխաւորումին ու գաղթականներու օգնութեան (38-40)։ Քահանայապետը այս առնչութեամբ «անհրաժեշտ մի քանի պատասխաններ» կ’առաջարկէ, յատկապէս անոնց համար, որոնք կը փախչին մարդկային ծանր տագնապներէն. «Աւելցնել եւ դիւրացնել մուտքի արտօնագիրները, բանալ մարդկայնական միջանցքներ, եւ ապահովել բնակարաններ, անվտանգութիւն եւ հիմնական ծառայութիւններ, աշխատանքի եւ կազմաւորման կարելիութիւններ տրամադրել, խրախուսել ընտանիքներու վերամիաւորումը, պաշտպանել անչափահասները, երաշխաւորել կրօնի ազատութիւն։ Եւ ամէնէն առաջ պահանջը կայ գաղթականներու համար համընդհանուր կառավարումի, որ կարող ըլլայ ձեռնարկել երկարաժամկէտ ծրագիրեր, դուրս գալով մասնակի արտակարգ իրավիճակներէն, յանուն բոլոր ժողովուրդներու հետ զօրակից մէկ զարգացումին (123-132)։
Հինգերորդ գլխուն նիւթն է «Բարորակ քաղաքականութիւնը», այսինքն ան որ կը ներկայացնէ բարեսիրութեան վսեմ ու թանկարժէք ձեւը, որովհետեւ ինքզինք կը դնէ ի ծառայութիւն հասարակաց բարիքն (180) եւ կը հասկնայ ժողովուրդին կարեւորութիւնը, հասկցուած որպէս բաց դասակարգ, տրամադիր երկխօսութեան եւ քննարկումի (160)։
Ասիկա Ֆրանչիսկոսին կողմէ մատնանշուած ժողովրդականութիւնն է, որ կը հակադրուի «ժողովրդաքաշ»ին, որ կ’անտեսէ «ժողովուրդ» հասկացողութեան օրինականութիւնը, ներգրաւելով համաձայնութիւն, որպէսզի զանոնք օգտագործէ սեփական ծառայութեան ի սպաս(159)։
Բարորակ քաղաքականութիւնը ապա այն է, որ կը պաշտպանէ աշխատանքը. «ընկերային կեանքի անփոխարինելի հարթութիւնը», ու կը փնտռէ բոլորին ապահովել անձնական կարողութիւնները զարգացնելու կարելութիւնը (162)։ Հակա-աղքատութեան իսկական ռազմավարութիւնը, չի ձգտիր պարզապէս զսպել աղքատները, այլ զանոնք կը խթանէ զօրակցութեան եւ օժանդակութեան հեռանկարով (187)։ Քաղաքականութեան պարտականութիւնն է նաեւ լուծումներ գտնել, այն բոլոր բաներու համար, որոնք կը սպառնան մարդու հիմնական իրաւունքին, ինչպէս ընկերային բացառումը, մարմնավաճառութիւնը, զէնքի եւ թմրեցուցիչի վաճառքը, սեռային չարաշահումը, ստրկացուցիչ աշխատանքը, ահաբեկչութիւնն ու կազմակերպուած ոճիրը։
Ուժեղ է ապա Հռոմի Պապի կոչը ՝ վերջնականապէս վերացնելու մարդավաճառութիւնը որ, «մարդկութեան ամօթն» է և սովը, որովհետեւ այդ ալ «ոճրային» է, տրուած ըլլալով, որ սնունդը «անքակտելի իրաւունք է» (188-189):
Քաղաքականութիւնը որուն կարիքը կը զգացուի, մարդու արժանապատուութեան վրայ հիմնուած քաղաքականութիւնն է, որ չի հպատակիր տնտեսութեան, որովհետեւ «շուկան մինակը չի կրնար ամէն ինչ լուծել» (168)։ Այս ծիրէն ներս ժողովրդային շարժումները ունին կարեւոր դեր մը։ Պէտք է զանոնք ներգրաւել ընկերութեան կեանքին մէջ ու այսպէսով է, որ կարելի պիտի ըլլայ անցնիլ՝ «աղքատներուն համար քաղաքականութենէ մը, դէպի աղքատներու հետ քաղաքականութիւն (169)»։
Շրջաբերականի մէջ նշուած այլ մաղթանքն մըն է նաեւ՝ ՄԱԿ-ի բարեկարգումը, որ պէտք է գործնականութիւն տայ «ազգերու ընտանիքներուն», աշխատելով ի նպաստ հասարակաց բարիքին, աղքատութեան վերացումին եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան։
Դիմելով միշտ «բանակցութիւններուն եւ իրաւարարական գրասենեակներուն, ՄԱԿ-ը պէտք է խթանէ իրաւունքի ուժը ուժի իրաւունքին վրայ (173 – 175)։
Վեցերորդ գլուխը նուիրուած է «Երկխօսութեան եւ ընկերային բարեկամութեան»։ Կեանքը հանդիպումի արուեստ է, նաեւ աշխարհի արուարձաններուն հետ հանդիպում, որովհետեւ բոլորէն կարելի է բան մը սորվիլ եւ ոչ մէկը անօգուտ է (215)։
Յատկանշական է ապա Քահանայապետի մատնանշումը «բարութեան հրաշքին», սովորութիւն մը՝ զոր պէտք է վերստին գտնել, որովհետեւ ան խաւարին մէջ աստղ մըն է (222-224)։
Եօթներորդ գլուխը ապա նուիրուած է Խաղաղութեան խթանումին ու անոր արժէքին. «Նոր հանդիպումի մը ուղիներ» վերնագիրով, ուր Քահանայապետը կ’ընդգծէ թէ խաղաղութիւնը «նախաձեռնող է» և նպատակ ունի կազմել ընկերութիւն մը հիմնուած ուրիշներու ծառայութեան վրայ եւ հաշտութեան ու փոխադարձ զարգացումի ձգտումին վրայ։
Խաղաղութիւնը «արհեստ» է, որուն մէջ իւրաքանչիւրս պէտք է կատարէ իր մասը, և որուն պարտականութիւնը երբեք վերջ չունի (227-232):
Խաղաղութեան առնչուած է ապա ներումը. Պէտք է սիրել բոլորը, առանց բացառութեան, եւ հարստահարողը սիրելը կը նշանակէ անոր օգնել, որպէսզի փոխուի եւ թոյլ չտալ որ շարունակէ հարստահարել մերձաւորը (241 – 242)
Ներել չի նշանակեր անպատժելիութիւն, այլեւ արդարութիւն եւ յիշողութիւն, որովհետեւ ներել չի նշանակեր մոռնալ, այլ հրաժարիլ չարի եւ ոխի կործանիչ ուժէն։
«Երբեք չի մոռնալ սարսափելի դէպքերը, նման Շոային, Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի ադոմական ռմբակոծումներուն, ցեղային հալածանքներն ու ջարդերը», կը խրախուսէ Քահանայապետը։ Անոնք միշտ պէտք է յիշուին, վառ պահելու համար հաւաքական գիտակցութիւնը։ Կարեւոր է նաեւ յիշել բարին (246 – 252)
Եօթներորդ գլուխի մէկ մասը կը խօսի պատերազմի մասին որ «մշտական սպառնալիք» է, ան կը ներկայացնէ բոլոր իրաւունքներու ժխտումը, քաղաքականութեան եւ մարդկութեան ձախողութիւնը, չարին ուժի դիմաց ամօթալի կերպով անձնատուր ըլլալը։ Ապա՝ քիմիական, ադոմական եւ կենսաբանական զէնքերու պատճառաւ, որոնք կը հարուածեն բազմաթիւ անմեղ քաղաքացիներ, այսօր կարելի չէ մտածել, անցեալի նման, արդար պատերազմի մը կարելիութեան մասին, այլ պէտք է վերահաստատել վճռակամութեամբ «ոչ երբեք պատերազմ»։
Հիւլէական ռումբերու ամբողջական վերացումը «մարդկային եւ բարոյական հրամայական» է, կը գրէ Սրբազան Պապը, առաջարկելով սպառազինութեան գումարներով հիմնել համաշխարհային մէկ հիմնարկ, վերացնելու համար անօթութիւնը (255 – 262)։
Քահանայապետը կը խօսի նաեւ մահապատիժի մասին, զայն նկատելով անընդունելի (263 – 269) ապա կ’ընդգծէ կեանքի սրբութեան յարգանքը (283)։
Ութերորդ եւ վերջին գլուխին մէջ Քահանայապետը շեշտը կը դնէ կրօններու վրայ ու անոնց աշխարհի մէջ եղբայրութեան ի սպաս ծառայութեան վրայ. «Կրօնները ի ծառայութիւն աշխարհի մէջ եղբայրութեան»։
Սրբազան Պապը կը հաստատէ թէ ահաբեկչութիւնը կախեալ չէ կրօնքէն, այլ անոր սխալ մեկնաբանութիւններէն, ինչպէս նաեւ անօթութեան, աղքատութեան, անարդարութեան եւ հարստահարումի քաղաքականութենէն (282 – 283):
Կրօններու միջեւ խաղաղութեան ընթացքը առ այդ կարելի է։ Ասոր համար հարկաւոր է երաշխաւորել կրօնի ազատութիւնը, որ բոլոր հաւատացեալներու համար մարդկային հիմնական իրաւունք մըն է (279)։
Շրջաբերականը ապա կը պարունակէ խորհրդածութիւն մը՝ Եկեղեցւոյ դերակատարութեան մասին։ Ան իր առաքելութիւնը չի սահմաներ մասնաւոր հատուածին եւ հակառակ որ քաղաքականութեամբ չի զբաղիր ան չի հրաժարիր գոյութեան քաղաքական հարթութենէն, ընդհանուր բարիքի ուշադրութենէն և մարդու համապարփակ զարգացման համար մտահոգութենէն՝ համաձայն աւետարանական սկզբունքներուն(276-278):
Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապը յղում կը կատարէ «Աշխարհի խաղաղութեան եւ համակեցութեան ի նպաստ Մարդկային Եղբայրութեան» փաստաթուղթին, որ ինք անձամբ ստորագրած էր 4 Փետրուար 2019-ին, Ապու Տապիի մէջ, Ալ Ազհարի Աւագ Իմամ Ահմատ Ալ Թայիպին հետ միասին. Միջկրօնական երկխօսութեան այդ անկիւնաքարէն Քահանայապետը կը մէջբերէ կոչը՝ որպէսզի մարդկային եղբայրութեան անունով երկխօսութիւնը որդեգրուի որպէս ուղի, միասնական համագործակցութիւնը որպէս վարք եւ իրար ճանաչումը որպէս մեթոտ եւ չափանիշ (285):

ՌՈՊԷՐ ԱԹԹԱՐԵԱՆ

Վատիկան