Եկեղեցւոյ 2018 թուականի վիճակագրական տարեգիրքի հրապարակումը հնարաւորութիւն կու տայ ուսումնասիրելու կաթողիկէներուն ներկայութիւնը աշխարհի մէջ անցնող վերջին հինգ տարիներուն։
Մոլորակային մակարդակով մկրտուած կաթողիկէներուն թիւը 2013-2018 թուականներուն բարձրացած է 1,254 միլիոնէն շուրջ 1,329 միլիոնի ՝ 6% աճով։ Համեմատելով այս տուեալները աշխարհի բնակչութեան հետ, որ նոյն ժամանակահատուածին 7,094-ին հասած է 7,4950 միլիառի, կը նկատուի որ կաթողիկէներուն յարաբերական ներկայութիւնը աճած է շուրջ 17,68% – 17,73%:
Քննարկուած ժամանակահատուածին մէջ աշխարհագրական վերլուծութիւնը ցոյց կու տայ Ափրիկէի մէջ կաթողիկէներուն թիւի զգալի աճը, շուրջ 18 առ հարիւր, համեմատութեամբ բնակչութեան թիւին, որ 15 առ հարիւր է ։ Այս մէկը ի յայտ կը դնէ Ափրիկէի մէջ հովուական ծառայութիւններուն արդիւնաւէտութիւնը։
Նոյնիսկ Ամերիկեան ցամաքամասին մէջ տեղի ունեցած է կաթողիկէներու թիւի աճ, համեմատութեամբ բնակչութեան թուաքանակին 4,6% – 4,4%։ Ասիոյ մէջ նաեւ աճած է կաթողիկէներու թիւը բնակչութեան թիւին համեմատութեամբ (7,6% – 4,4%ի դիմաց)։
Մինչ Եւրոպայի մէջ արձանագրուած է 0,4% անկում , համեմատութեամբ բնակչութեան 0.2% փոքր աճին։
Միւս կողմէ Ովկիանոսեան շրջանի երկիրներուն մէջ աճած է կաթողիկէներուն թիւը համեմատութեամբ բնակչութեան թիւի աճին (9,6% ՝ 8,1%-ի դիմաց)։
ՎԱԶԳԷՆ ԱԲԱՐԴԵԱՆ