ՄԱՐՍԷՅԻ «ՍՈՒՐԲ ՍԱՀԱԿ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ՄԵՍՐՈՊ» ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԿԵԴՐՈՆԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ Կ’ԵՆԹԱՐԿՈՒԻ

ՄԱՐՍԷՅԻ «ՍՈՒՐԲ ՍԱՀԱԿ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ՄԵՍՐՈՊ» ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԿԵԴՐՈՆԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ Կ’ԵՆԹԱՐԿՈՒԻ

24 Յունուարի երեկոյեան ժամը 6:40ին, անյայտ անձեր կրակ բացած են Մարսէյի «Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ» մշակոյթի կեդրոնին ուղղութեամբ:
«Հայերն Այսօր»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Աբովեան վարժարանի նախագահ Կարէն Խուրշուտեան ըսած է, թէ անիկա հայկական ամէնէն խորհրդանշական կեդրոններէն մէկն է: Սրահին մէջ շաբաթական դրութեամբ կ’ուսանին առաւել քան 250 մանուկներ:
Սոյն մշակոյթի կեդրոնը հայկական կազմակերպութիւններու համակարգման կեդրոնատեղին է: Արցախեան պատերազմին ընթացքին այնտեղ կը պատրաստուէր Մարսէյէն եւ Ֆրանսայի հարաւէն Հայաստան ուղարկուող մարդասիրական օգնութիւնը:
Մինչ այդ նման դէպքեր տեղի ունեցած էին Պերլինի, Սան Ֆրանսիսքոյի, Փարիզի եւ Տեսինի մէջ, երբ վանտալիզմի ենթարկուեցան Կոմիտասի արձանը եւ Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը: Այս գործողութիւններուն մէջ ներգրաւուած էր «Գորշ գայլեր» թրքական ծայրայեղ ազգայնական խմբաւորումը, որ Ֆրանսայի մէջ լուծարուեցաւ: