ՃՕ ՊԱՅՏԸՆ` ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ 46-ՐԴ ՆԱԽԱԳԱՀ

ՃՕ ՊԱՅՏԸՆ` ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ 46-ՐԴ ՆԱԽԱԳԱՀ

20 Յունուար 2021, Հինգշաբթի, ամերիկացիներուն հետ համայն աշխարհ՝ ամէն մարդ իր ակնկալութիւններու տեսանկիւնէն եւ իրեն յատուկ տրամադրուածութեամբ պատկերասփիւռին միջոցաւ հետեւեցաւ Միացեալ Նահանգներու 46-րդ նախագահի երդման արարողութեան եւ լսեց անոր ճառը՝ իր յանձնառութիւններու, ծրագիրներու, ընելիքներու եւ չընելիքներու մասին՝ «Աստուծոյ օգնութեամբ» ըսաւ ան։ Աստուծոյ օգնութիւնը կախեալ է անշուշտ իր ընելիքներէն։ Այս օգնութեան արժանի ճանապարհը ցոյց կու տայ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ նորընտիր նախագահին յղած իր շնորհաւորագրին մէջ։ Մաղթելով որ «իր ղեկավարութեան տակ ամերիկացի ժողովուրդը շարունակէ ուժ քաղել քաղաքական, բարոյական եւ կրօնական բարձր արժէքներէն, որոնք ներշնչեցին ազգը անոր հիմնադրութեան օրէն սկսեալ», Պապը կ’ակնարկէ մարդկային ընտանիքին ապրած ծանր ճգնաժամին, որ կը պահանջէ հեռատես եւ միասնական պատասխաններ եւ կը վստահեցնէ որ ինք կ’աղօթէ որպէսզի նախագահին որոշումները «առաջնորդուին իսկական արդարութեամբ եւ ազատութեամբ ընկերութիւն մը կերտելու, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր անձի, եւ յատկապէս աղքատներու, անապահովներու եւ ձայն չունեցողներու արժանապատուութեան եւ իրաւունքներու անթերի յարգանքը երաշխաւորելու մտահոգութենէն»։
Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահին երդման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ուաշինկթընի Քափիթոլ Հիլի շէնքին մէջ։ Ճօ Պայտըն դարձաւ ԱՄՆ-ի 46-րդ նախագահը, ինչպէս նաեւ Ճոն Քենըտիէն ետք երկրորդ նախագահը, որ կաթողիկէ է:
Քամալա Հարիս իր կարգին երդուելով դարձաւ Միացեալ Նահանգներու առաջին կին եւ ոչ սպիտակամորթ փոխնախագահը: Ան հնդիկ է։
Երդման արարողութեան ներկայ էին նախկին նախագահներ Պարաք Օպաման, Ճորճ Ու.Պուշը եւ Պիլ Քլինթընը: Մինչ նախկին նախագահ Ճիմի Քարթըր առողջական պատճառներով չկրցաւ ներկայ գտնուիլ արարողութեան, Տանըլտ Թրամփ մերժեց ներկայ գտնուիլ իր յաջորդի երդման արարողութեան` այդպիսով դառնալով 1869-էն ի վեր առաջին նախագահը, որ ներկայ չգտնուեցաւ իր յաջորդին երդման արարողութեան:
78 տարեկան Պայտըն իր խօսքին սկսաւ յայտարարելով, որ «ասիկա ժողովրդավարութեան օրն է, եւ մենք անոր յաղթանակը կը նշենք»` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ «այս վտանգի ձմրան մէջ շատ բան ունին ընելիք, շատ բան դարմանելիք»: Ան յայտնեց, որ երկիրը պէտք է դիմակայէ սպիտակամորթ ցեղապաշտութիւնը եւ ներքին ահաբեկչութիւնը:
«Ես բոլոր ամերիկացիներուն նախագահը պիտի ըլլամ: Բուռն կերպով պիտի պայքարիմ թէ՛ ալ անոնց համար, որոնք ինծի չզօրակցեցան, թէ՛ անոնց համար, որ զօրակցեցան»:
«Պիտի վերականգնենք մեր դաշինքները եւ աշխարհին հետ անգամ մը եւս գործենք», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահը` աւելցնելով. «Ամերիկան փորձութենէն աւելի ուժեղ դուրս եկաւ, եւ աշխարհի վրայ մեր դաշինքները պիտի վերականգնենք»:
Ճօ Պայտըն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հանդիպած է 2016-ին Վատիկանի մէջ, իսկ 13 Նոյեմբեր 2020-ին անոնց միջեւ տեղի ունեցած է հեռաձայնային խօսակցութիւն մը։