ԵՐԿՈՒ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ՄԱՍ ԿԸ ԿԱԶՄԵՆ ՊԱՅՏԸՆԻ ՎԱՐՉԱԿԱԶՄԻՆ

ԵՐԿՈՒ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ՄԱՍ ԿԸ ԿԱԶՄԵՆ ՊԱՅՏԸՆԻ ՎԱՐՉԱԿԱԶՄԻՆ

Հայկ Հաճինազարեան նշանակուած է Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին մէջ Սպիտակ տան շրջանային հաղորդակցութիւններու բաժանմունքի ղեկավար:
Այլ ամերիկահայ մը` Ճեֆ Մարութեան, Պայտընի վարչակազմին պիտի միանայ իբրեւ նախագահի Կլիմայի եւ գիտական գործակալութեան անձնակազմի հարցերով յատուկ օգնական: Մեկնաբանելով նոր նշանակումները` Սպիտակ տունէն նշած են, որ անոնք որակաւորուած, ստուգուած եւ փորձառու մասնագէտներ են, որոնք պատրաստ են առաջին օրն իսկ «արդիւնք տալու»:
Հայկ Հաճինազարեան Արեւմտեան Փենսիլվենիոյ մէջ Պայտընի նախընտրական արշաւի մամլոյ քարտուղարն էր: Պայտընի քարոզարշաւին միանալէ առաջ Հաճինազարեան աշխատած է Քափիթոլ Հիլի մէջ. սկիզբը իբրեւ Ինտիանայէն ծերակուտական Ճօ Տանըլիի մամլոյ քարտուղար, իսկ յետոյ` Ներկայացուցիչներու տան Ներքին անվտանգութեան յանձնախումբի մամլոյ քարտուղարի տեղակալ:


Հաճինազարեան ծնած է Օհայօ նահանգի Քոլումպըս քաղաքին մէջ, լիբանանահայ ներգաղթեալներու ընտանիքի մէջ: Աւարտած է Ինտիանայի համալսարանը եւ Ճորճ Ուաշինկթըն համալսարանի Քաղաքական կառավարման բարձրագոյն դպրոցը:


Ճեֆ Մարութեան Քոլոմպիա գաւառի փոխադրամիջոցներու բաժանմունքի տնօրէնն է եւ կը ծառայէ Պայտըն-Հարիս փոխանցման խումբին Միացեալ Նահանգներու փոխադրամիջոցներու գործակալութեան վերատեսութեան խումբին մէջ:
Նախքան 2017-ին՝ կառավարիչ Մուրիըլ Պաուսըրի նախարարաց խորհուրդին մաս կազմելը, Մարութեան ծառայած է Օպամա-Պայտըն վարչակազմին մէջ եւ պաշտօններ վարած Միացեալ Նահանգներու փոխադրամիջոցներու բաժանմունքին մէջ` իբրեւ Սպիտակ տան կապը, վարչակազմի հարցերով օգնական պետական քարտուղար եւ կենսունակութան աւագ պատասխանատու:
Ան ծնած է Նիւ Ճըրըզի եւ աւարտած Ուաշինկթընի «Ճորճ Ուաշինկթըն» համալսարան։