Մ.Ա.Կ.Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ՀԱՐՈՒՍՏ ԵՐԿԻՐՆԵՐԸ՝ «ՔՈՐՈՆԱ»Ի ԴԷՄ ՊԱՏՈՒԱՍՏԱՆԻՒԹԻ ՀԱՐՑԻՆ ՄԷՋ «ԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ» ԴՐՍԵՒՈՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Մ.Ա.Կ.Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ՀԱՐՈՒՍՏ ԵՐԿԻՐՆԵՐԸ՝ «ՔՈՐՈՆԱ»Ի ԴԷՄ ՊԱՏՈՒԱՍՏԱՆԻՒԹԻ ՀԱՐՑԻՆ ՄԷՋ «ԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ» ԴՐՍԵՒՈՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի կարծիքով` որոշ զարգացած երկիրներ կ’անտեսեն բնակչութեան պատուաստումներու հարցին մէջ այլ երկիրներու կարիքները: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
Կութիերեսի համաձայն, «Քորոնա» ժահրի համաճարակը բացայայտած է միջազգային համերաշխութեան բացակայութեան խնդիրը:
«Վերջերս մենք տեսանք պատուաստանիւթերու հետ առնչուած ազգայնականութեան այս դրսեւորումը, երբ որոշ հարուստ երկիրներ իրենց բնակչութեան համար պատուաստանիւթեր գնելու կը մրցէին` առանց հաշուի առնելու աղքատ երկիրներու նման կարելիութիւնները», շեշտած է ան:
Ըստ Կութիերեսի, համաճարակը առանձնայատուկ ազդեցութիւն ունեցած է աղքատներու եւ անօթեւաններու վրայ: 88 միլիոն մարդ յայտնուած է աղքատութեան մէջ, իսկ 270 միլիոնն ալ սննդամթերքի պակասի սպառնալիքի տակ է:
«Համաճարակը բացայայտեց մեր աշխարհի տկար կողմերը: Զանոնք ջնջելու համար անհրաժեշտ է նուազեցնել անհաւասարութիւնն ու անարդարութիւնը, ինչպէս նաեւ ամրապնդել փոխադարձ աջակցութեան եւ վստահութեան կապերը», ըսած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը: