ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ Ա.Մ.Ն. ԴԵՍՊԱՆԻ ԱՅՑԸ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ Ա.Մ.Ն. ԴԵՍՊԱՆԻ ԱՅՑԸ  ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Երեքշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2020-ի առաւօտեան ժամը 11։00ին տօնական օրերուն առթիւ շնորհաւորական պաշտօնական այցով Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարան ժամանեց Լիբանանի մէջ ԱՄՆ դեսպան տիկին Տորոթի Շէա, ընկերակցութեամբ դեսպանատան եկեղեցական հարցերու քարտուղարի։ Պատրիարքարանի ընդունելութեան դահլիճին մէջ դեսպանուհին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս պատրիարքին հետ քննարկեց Լիբանանի իրավիճակը, պատահած աղիտալի եղելութիւններու հետեւանքները, տնտեսական ծանր պայմաններու ստեղծած կացութիւնը եւ դիմագրաւած դժուարութիւնները։ Ներկայութեամբ Հայ Կաթողիկէ պատրիարքութեան Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեանի, Զալքայի Սբ. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի, Սբ. Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Տ. Ռաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեանի եւ փոխ ժողովրդապետ Տ. Կարապետ քհնյ. Թադէոսեանի, դեսպանուհին հետաքրքրուեցաւ նաեւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ գործունէութեամբ եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց Հայ Կաթողիկէ կղերի աստուածահաճոյ եւ նուիրեալ աշխատանքներուն եւ ձեռնարկներուն։