ՔԱՋՆ ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՄԻԿՈՆԵԱՆ

ՔԱՋՆ ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՄԻԿՈՆԵԱՆ

Հայ ժողովուրդին համար անցեալ դարու 60-ական թուականներէն սրբութիւն դարձած է նկար մը, որ կը պատկերէ Վարդան Մամիկոնեանը: Այս դիմապատկերը ամէն հայ, ուր որ ալ գտնուի, կը ճանչնայ: Բայց, աւաղ, ատիկա ոչ մէկ կապ ունի ո՛չ Վարդանի, ո՛չ անոր դարաշրջանի եւ ժամանակի սպարապետի կերպարին հետ: Պատմութեան մէջ կան եւ եղած են այդպիսի սխալներ, որոնք ժամանակի կողմէ սրբագործուած են: Այդ սխալները ուղղելը` կը նշանակէ ամենամեծ սխալը գործել` խլելով ժողովուրդի սիրտէն այն մտապատկերը, որուն ան դարերով կապուած է եւ կը հաւատայ: Հետեւաբար, պատահական չէ որ հիմք ընդունելով այս անյայտ նկարիչի նկարը, Գրիգոր Խանճեան ստեղծած է «Վարդանանք» հանրայայտ եւ եզակի պատկերագորգը (գոբելեն), Յովհաննէս Խաչատրեանը՝ Մատենադարանի շէնքի սրահի «Աւարայրի ճակատամարտը» խճապատկեր որմնանկարը, Երուանդ Քոչարը՝ վեհաշուք արձանը` կանգնեցուած Երեւանի օղակաձեւ զբօսայգիին մէջ, եւ այլ գեղանկարիչներ, քանդակագործներ եւս ստեղծած են անոր պատկերով ստեղծագործութիւններ։ Երուանդ Քոչար անձամբ խոստովանած է որ ինք գիտնալով հանդերձ Վարդան Մամիկոնեանի պատմական կերպարին չհամապատասխանող այդ պատկերացումը, գիտակցաբար պահպանած է թէ՛ սաղաւարտը, թէ՛ զգեստաւորումը` չուզելով խաթարել ժողովուրդին մէջ ամրացած Վարդանի կերպարը:

Այս նկարի ստեղծման հակիրճ պատմութիւնը իր ժամանակին տուած է նշանաւոր մանկավարժ, գրական-թատերական գործիչ Սեդրակ Մանդինեանը (1844–1915) իր «Վարդան Զօրավարի պատկերը» վերտառութեամբ յօդուածին մէջ, ուր կը նշէ, որ «գրչագիրներու մէջ Վարդանի պատկերը քիչ կը պատահի, այնտեղ ան կը նկատուի միշտ չալմայով, սոսկական ոչ զինուորական հագուստով, չոքած կամ ծալապատիկ նստած, կարծես թէ կ’աղօթէ»: Ի հարկէ, ձեռագիր մատեաններու մէջ եղած մանրանկարներու հիման վրայ անիմաստ էր նշուած տեսքով նկարել մեծ զօրավարը: Ի մտի ունենալով այս բոլորը` Սան Փեթերսպուրկ բնակող գրականագէտ, պատմաբան, ազգային-պահպանողական անուանի գործիչ Կարապետ Եզեան 1850-ականներու վերջերուն Մոսկուա ժամանած ֆրանսացի նկարիչի մը կը նկարագրէ Վարդան Մամիկոնեանի գործունէութեան մասին եւ կը խնդրէ անկէ` ստեղծել սպարապետի իտէալական դիմանկարը: Անյայտ մնացած է ֆրանսացի նկարիչին ինքնութիւնը, այդ մասին լռած է նաեւ Ս. Մանդինեանը: Ֆրանսացի նկարիչը ուսումնասիրելէ ետք հայկական դիմագիծերը եւ այդ նպատակով հիմք ընդունելով Նիկողայոս Ալադադեանի եւ Սան Փեթերսպուրկի համալսարանի ուսանող, յետագային` հասարակական գործիչ եւ «Հիւսիսափայլ» ամսագրի աշխատակից Մարտիրոս Սիմոնեանի լուսանկարները, կը ստեղծէ Վարդան զօրավարի պատկերը` «զինուոր հռոմէական տարազով, որպէս իտէալական Վարդան, որ ձեռքին ունի ոչ թէ մերկացած սուր, այլ պատեանով դաշոյն մը, որպէս խորհրդանշան հաւատով զինուորութեան»: Նկարիչը այս դիմանկարը կը յանձնէ Կ. Եզեանին, որ նորաստեղծ պատկերը կը բազմացնէ եւ կ’ուղարկէ թեմակալ առաջնորդներուն, որպէսզի անոնք տարածեն ժողովուրդին:
Իր կարգին, Երուանդ Քոչար կը պնդէ որ 1880-ականներուն Ս. Փեթերսպուրկ բնակող հայ նշանաւոր գրականագէտ, պատմաբան Կարապետ Եզեան մտահոգուած ըլլալով, որ հայ ժողովուրդը չունի իր շատ արժանի գործիչներու լուսանկարները` միջոցներ կը գտնէ եւ կը տրամադրէ այդ գործիչներու դիմապատկերները ստեղծելու եւ զանոնք տարածելու համար: Ըլլալով հայրենասէր ու ազգանուէր մարդ` ան չէր կրնար հանդուրժել այն, որ ֆրանսացիները ունէին Նափոլէոնի դիմանկարը, իտալացիները` Կարիպալտիինը, իսկ հայերը չունին յատկապէս ազգային հերոս Վարդան Մամիկոնեանի պատկերը: Զօրավարի երեւակայական դիմապատկերը մտքի մէջ` գեղեցիկ օր մը Եզեան Ս. Փեթերսպուրկի հայկական եկեղեցւոյ մէջ կը նկատէ գեղեցիկ, խաժակն, գանգուր մազերով եւ փոքրիկ մօրուքով երիտասարդ մը` հայկական առնական դիմագիծերով: Հետաքրքրութենէ մղուած ան կը մօտենայ եւ կը հարցնէ անոր ինքնութիւնը: Կը պարզուի, որ ան ղարաբաղցի ուսանող է: Եզեան անոր դիմագիծերուն մէջ կը տեսնէ հայ հին իշխաններու ու հերոսներու մարմնաւորումը եւ կը խնդրէ անկէ՝ իր հետ երթալ գեղանկարիչ Ստեփան Ներսիսեանի մօտ, որ մինչ այդ արդէն նկարած էր Մեսրոպ Մաշտոցի հանրայայտ դիմանկարներէն մէկը։
Ղարաբաղցի երիտասարդի եւ գեղանկարիչի ծանօթացման որպէս արդիւնք ծնունդ կ’առնէ թիկնոցը կուրծքին սեղմած Վարդան Մամիկոնեանի` սաղաւարտով ծանօթ դիմապատկերը: Նկարելէ առաջ նկարիչը սպարապետի հագուստի համար կը դիմէ թանգարանի մը աշխատակիցներուն, որոնք բնորդին հագնելու համար տարազ կը տրամադրեն, սակայն հայ զօրավարի սաղաւարտի փոխարէն սխալմամբ շարքային հռոմէացի լէգէոնականի սաղաւարտ կու տան: Սխալը կը յայտնաբերուի, երբ դիմանկարը արդէն պատրաստ է: Ստեփան Ներսիսեան կը ստիպուիփետուրներ աւելցնել անոր վրայ` զայն աւելի համապատասխանեցնելով զօրավարի սաղաւարտին, որ կայ պատմութեան մէջ: Ապա Քոչար կը հարցադրէ, ըսելով. «Բայց ինչո՞ւ Վարդան Մամիկոնեանը հռոմէական սաղաւարտ պիտի ունենար: Չէ՞ որ ան պարսից զօրավար էր եւ հայոց սպարապետ, ուրեմն ան պէտք է ունենար կա՛մ հայոց, կա՛մ պարսից զօրավարի համազգեստ»:

Ն.Է.Ն.