ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴԻ ՊԱՏԳԱՄ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ ՏԷՐ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴԻ ՊԱՏԳԱՄ  Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ  ՏԷՐ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի.  Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

«Մանո՛ւկ մը ծնաւ, որդի՛ մը տրուեցաւ մեզի.
Անոր ուսերուն վրայ դրուեցաւ իշխանութիւնը.
Ան պիտի կոչուի Իշխան խաղաղութեան» (Ես 9, 6):

 

Եսայի մարգարէն, շուրջ Քրիստոսէ 750 տարիներ առաջ, հոգեշունչ բառերով նախատեսեց թէ «մանուկ մը ծնաւ, որդի մը տրուեցաւ մեզի եւ Անոր ուսերուն վրայ դրուեցաւ իշխանութիւնը.Ան պիտի կոչուի իշխան խաղաղութեան»: (Ես. 9, 6):

Պօղոս առաքեալ, Քրիստոսի Ծնունդէն 60 տարի ետք, Գաղատացիներուն ուղղած իր թուղթին մէջ գրեց. «Երբ եկաւ ժամանակներուն լրումը Աստուած առաքեց իր Որդին, որ ծնաւ կնոջմէ, մտաւ օրէնքի տակ, որպէսզի գնէր անոնք որ օրէնքի տակ էին եւ մենք որդեգրութիւն ընդունէինք» (Գաղ. 4, 4) :

Իսկ Մատթէոս Աւետարանիչը նախապէս աւետեց. «Ահա կոյսը պիտի յղանայ, որդի մը պիտի ծնի եւ զայն պիտի կոչեն Էմմանուէլ, որ կը թարգմանուի Աստուած մեզի հետ» (Մտթ.1, 23):

Այսօր որ կը յիշատակենք Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը Բեթղեհէմի քարայրին մէջ, անասուններու մսուրի մը մէջ, Յովհաննէս աւետարանիչը, այսպէս կը նկարագրէ Աստուծոյ Որդւոյն յաւիտենական էութիւնը. «Սկիզբը՝ Բանը կար, եւ Բանը Աստուծոյ քով էր, եւ Բանը Աստուած էր, ամէն ինչ Անով եղած է եւ գոյութիւն ունեցող Բաներէն ոչ մէկը առանց Անոր եղած է: Կեանքը Անոր մէջ էր եւ կեանքը մարդերու լոյսն էր: Լոյսը խաւարին մէջ կը լուսաւորէ, բայց խաւարը չըմբռնեց զայն» (Յովհ.1, 1-5):

Հակառակ իր աստուածային էութեան, իրատես կ’ըլլանք թէ ինչպէ՜ս «Ինք, որ Աստուծոյ կերպարանքով էր, յափշտակութիւն չհամարեց հաւասար ըլլալ Աստուծոյ: Բայց ինքզինքը ունայնացուց, ծառայի աստիճան առնելով, մարդոց նման դառնալով եւ մարդու տեսքով յայտնուելով: Խոնարհեցուց ինքզինքը, հնազանդ դառնալով մինչեւ մահ եւ մինչեւ մահը՝ խաչին» (Փիլ 2, 6-8):

Ժամանակն է որ հարց տանք մենք մեզի, ա՜յսօր. ի՞նչ տեղ կը գրաւէ մեր ներկայ կեանքին մէջ այդ եղելութիւնը որ կը կոչուի Ծնունդը Քրիստոսի: Կը հաւատա՞նք որ Ան ամբողջ Տիեզերքի Արարիչն է, աշխարհի Լոյսը, մարդկութեան Փրկիչը: Լոյսի եւ խաւարի պայքարը աշխարհի սկիզբէն ի վեր գոյութիւն ունի եւ պիտի շարունակուի, որքան ատեն որ կան մարդիկ, որոնք կը նախընտրեն խաւարը լոյսէն:

Քրիստոս եկաւ՝ վանելու համար խաւարը ուր թաղուած էր կորսուած մարդկութիւնը, արմատախիլ ընելու համար ատելութիւնը, տարածելու համար սէրն ու համերաշխութիւնը, որպէսզի խաղաղութիւնն ու երջանկութիւնը դադրին երազ մը, ցնորք մը ըլլալէ:

Կեանքը Անոր մէջ էր եւ կեանքը՝ մարդերուն լոյսն էր, աղբիւր՝ յոյսի եւ երջանկութեան: Յոյսի՝ որովհետեւ գիտենք այսուհետեւ թէ մեր կեանքը անիմաստ ու աննպատակ գոյութիւն մը չէ: Գիտենք թէ մեր մղած առօրեայ պայքարն ու կրած տառապանքները ապարդիւն չեն, որովհետեւ անոնց կը յաջորդէ խաղաղութիւնն ու երջանկութիւնը, ո՜չ միայն անդենականի մէջ՝ այլ մեր ա՜յս երկրաւոր ուղեւորութենէն սկսեալ:

«Աստուած այնքա՜ն սիրեց աշխարհը, այսինքն մարդկութիւնը, որ մինչեւ իսկ իր Միածի՜նը տուաւ աշխարհին՝ որպէսզի ան չկորսուի, այլ ստանայ յաւիտենական կեանքը» (Յովհ. 3, 16):

Աստուած ո՜չ միայն մեզի հե՜տ եղաւ, այլ մեզմէ մի՜ն դարձաւ: Մեր մարդկային բոլո՜ր յատկանիշները առաւ, ներառեալ տկարութիւնն ու նուաստացումը, նախատինքն ու հալածանքը, սկսեալ ծնունդէն ախոռի մը մէջ՝ մինչեւ մահ, եւ ամէնէ՜ն ստորնացուցիչը մահերուն, խա՜չը, որուն վրայ կը գամուէին ոճրագործները: Եւ այդ բոլորը՝ մեզ փրկելու համար մեղքէն ու մահէն:

Յիսուսին Ծնունդը, սիրելի հաւատացեալներ, կը յատկանշուի անով, որ մեզ կը մօտեցնէ Աստուծոյ եւ մարդոց: Տխուր է այն Ծնունդը՝ ուր բացակայ է Աստուծոյ եւ մարդոց սէրը, որ կը մղէ մեզ հաշտութեան եւ խաղաղութեան, զոյգ նախապայմանները՝ հարազատ երջանկութեան:

Մարդիկ կորսնցուցած են նոյնիսկ կեանքին իմաստը, նպատակը: Շատեր չեն գիտեր իսկ թէ ինչո՜ւ աշխարհ եկած են եւ ո՜ւր կ’երթան. կը կասկածին նոյնիսկ թէ անդենական կեանք մը կայ որ պիտի յաջորդէ այս անցաւոր կեանքին. որովհետեւ կ’անգիտանան թէ մարդը կենդանիներէն տարբեր էակ է, ստեղծուած ըլլալով Աստուծոյ պատկերին համեմատ, օժտուած հոգիով մը անմա՜հ, որով կը զանազանուի անասուններէն:

Եւ այդպէս կը ծագին խռովութիւնները, անվերջ պատերազմներն ու անոնց հետեւող աղէտները: Այս տխուր պատկերը ցայտուն կերպով կը պարզուի մեր առջեւ՝ այսօր, Միջին Արեւելքի մէջ, աշխարհի այն մասին մէջ ուր Հին թէ Նոր Ուխտերը մարմին առած են, ուր հնչած է պատգամը սիրոյ եւ խոստումը մարդկային փրկութեան:

Մեր աղօթքը յատուկ կերպով կը բարձրանայ՝ մեր Մայր Հայրենիքի խաղաղութեան ու բարօրութան համար, մանաւանդ այս օրերուս ուր նկատելի փոփոխութիւններ տեղի կ’ունենան հոն, մեծ յոյսեր յարուցանելով մեր ժողովուրդին սրտերուն մէջ: Կ’աղօթենք մեր սիրելի Արցախին համար, որպէսզի յարգուի անոր իրաւունքը ազատ ու անկախ հայրենիք մը կերտելու, կ’աղօթենք Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Միջին Արեւելքի բոլոր երկիրներուն համար, ուր ի զուր յոյսեր կ’արծարծուին որ վերջ պիտի գտնեն աղիտաբեր խռովութիւնները: Կ’աղօթենք վերջապէս համայն աշխարհի խաղաղութեան համար, «Զի լռեսցեն պատերազմունք, դադարեսցին յարձակմունք թշնամեաց, տնկեսցի սէր եւ արդարութիւն ի յերկրի»:

Մեր աղօթքը կը բարձրացնենք դէպի անոր որ «այնքա՜ն սիրեց աշխարհը որ իր Միածին Որդին տուաւ աշխարհին». մեր աղօթքը՝ անոնց համար է որ ձեռք առած են աշխարհի ղեկն ու անոր ճակատագիրը, յատկապէս՝ մեր Մայր Հայրենիքին, Արցախին, մեր սիրելի Լիբանանին ու տառապեալ Սուրիոյ եւ Իրաքի ժողովուրդներուն որ վճռական օրեր կ’ապրին, մինչեւ որ լման խաղաղութիւն վայելեն, մեր բոլոր Հոգեւոր Առաջնորդներուն համար որ սիրոյ ճամբան ցոյց կու տան իրենց յանձնուած հոգիներուն, վերջապէս բոլոր բարի կամքով լի մարդերուն եւ կիներուն որոնք սիրով կ’արձագանգեն Բեթղեհէմի հրեշտակներու երգին. «Փա՜ռք Աստուծոյ երկինքի բարձունքներուն մէջ եւ խաղաղութիւն երկրի վրայ՝ բոլո՜ր բարի կամքով մարդոց»:

Ամէն անգամ որ մենք, քրիստոնեաներս, կը տօնենք Յիսուսի Ծնունդը, շատ բնականօրէն մեր մտքին առջեւ կու գայ ուրախութիւնը, ցնծութիւնը, որ յատուկ է մանաւանդ մանուկներուն, այսինքն ամէն անոնց՝ որ մաքուր են սրտով:

«Ե՜ս եմ աշխարհի լո՜յսը. ով որ ետեւէս գայ՝ խաւարի մէջ պիտի չքալէ, այլ պիտի ընդունի յաւիտենական կեանքը»: «Լոյսը՝ աշխարհ եկաւ, եւ մարդիկ խաւարը աւելի՜ սիրեցին քան լոյսը, որովհետեւ իրենց գործերը չա՜ր էին: Ով որ չար կը գործէ, կ’ատէ լոյսը» :

Սուրբ Ծննդեան այս օրհնաբեր օրերէն օգտուելով, պահ մը սեւեռենք մեր աչքերը մսուրին մէջ մարմնացած Աստուածորդիին, Տիեզերքի Արարիչին, աշխարհի Լոյսին, մարդկութեան Փրկիչին, Խաղաղութան Իշխանին, եւ աղերսենք զայն որ շարժէ՜, ցնցէ՜ խիղճերը անոնց որ մարդկութեան ճակատագիրը ձեռք առած, աշխարհի խաղաղութիւնը վտանգի մէջ կը պահեն, թշուառներու տառապանքը անտեսելով, եւ իրենց փառքն ու շահերը միայն հետապնդելով:

«Փա՜ռք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն» (Ղկ. 2, 14):

Ափսո՜ս, որքա՜ն հեռու է իրականանալէ այսօր խաղաղութիւնը աշխարհի վրայ. կը տեսնենք ատելութիւնը մարդոց, ժողովուրդներու, ազգերու ու պետութիւններու միջեւ, որոնք ոգի ի բռին կը պայքարին իրարու դէմ, ջանալով իրարմէ խլել հարստութիւն կամ ափ մը հող, ի գին հարիւրաւոր, հազարաւոր, հազարաւորներ կեանքերու կորուստին: Արեւելք ու Արեւմուտք, անխտիր, դարձած են բեմ՝ համատարած ու անվերջ խռովութիւններու, որոնցմէ զերծ մնացած չեն մեզ շրջապատող երկիրները, յատկապէս Միջին Արեւելքի տարածքին վրայ: Մեզ կը մտահոգեն այս օրերուն արդար ցասումն ու պոռթկումը անիրաւուած, անապահովութեան մատնուած ժողովուրդին, մանաւանդ երիտասարդութեան, որոնք, ճարահատ, կը մղուին յեղափոխութեան դիմելու կամ երկիրը լքելու: Կրնա՞նք անտարբեր մնալ անոնց բարկութեան դիմաց, յուսալով որ օր առաջ այս երկրին տիրակալները զգաստանան, հրաժարին իրենց փառքի ու յափշտակութեան մոլուցքէն եւ մտահոգուին իրենց ժողովուրդին տառապանքով:

Բոլոր սրտով սուրբ եւ օրհնեալ Ծնունդ ու երջանիկ Նոր Տարի կը մաղթենք ձեզի եւ Տիրոջ աստուածային Օրհնութիւնները կը հրաւիրենք ձեր ընտանիքներուն, ձեր անձերուն եւ ձեր բարի ձեռնարկներուն վրայ:

«Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի: Ի՜մ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի»:

 Ա՜յս է Ծնունդի անանցանելի խոստումը:

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ