Պապական նուիրակը Կիւմրիի Սրբոց Նահատակաց տաճարին մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագին. «ԵՍ ՁԵԶ ՀԵՏ ԵՄ՝ ՈՐՊԷՍ ՀԱՅԵՐՈՒ ՄԵԾ ԲԱՐԵԿԱՄ»

Պապական նուիրակը Կիւմրիի Սրբոց Նահատակաց տաճարին մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագին.  «ԵՍ ՁԵԶ ՀԵՏ ԵՄ՝ ՈՐՊԷՍ ՀԱՅԵՐՈՒ ՄԵԾ ԲԱՐԵԿԱՄ»

2020 Դեկտեմբեր 6-ին Գիւմրիի Սրբոց Նահատակաց կաթողիկէ մայր տաճարին մէջ կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագին հաւատացեալներուն իր բարձր ներկայութեամբ բերկրանք պարգեւեց Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ պապական նուիրակ Արքեպիսկոպոս Արհ. Տ. Ժոզէ Աւելինօ Պեթանքուր՝ նուիրակութեան խորհրդական Հ. Ճուզեփէ Լատերցայի հետ միասին: Սուրբ Պատարագին ներկայ էր նաեւ ֆրանսական «Œuvre d’Orient» բարեսիրական կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Վենսան Քայոլ: Հիւրերը եկած էին իրենց հոգատարութիւնն ու սէրը արտայայտելու հայ ժողովուրդին հանդէպ, որ այսքան տառապեցաւ Արցախեան պատերազմի հետեւանքով:

Սուրբ Պատարագը մատուցեց Գիւմրիի հայ կաթողիկէներու ժողովրդապետ Արժ. Տ. Գրիգոր աւագ քհնյ. Մկրտչեան: Սուրբ Զոհի խորհրդակատարութեանը ներկայ էին նաեւ Գերհ. Հ. Գառնիկ ծ. վրդ. Յովսէփեան, Գերպ. Հ. Եղիա վրդ. Դերձակեան, Արժ. Տ. Նարեկ քհնյ. Թադեւոսեան, «Հայկական Կարիտաս» բարեսիրական կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Գագիկ Տարասեան, «Աղաջանեան» ճամբարին մէջ ապաստանած արցախահայ ընտանիքները, հաւատացեալներ՝ տարբեր հայ կաթողիկէ համայնքներէն:

Տ. Գրիգոր իր քարոզի սկիզբը իր ուրախութիւնը յայտնեց պապական նուիրակի եւ միւս հիւրերու ներկայութեան առթիւ եւ խօսեցաւ օրուան աւետարանական հատուածի ուղերձի մասին՝ կարեւորելով եղբայրասիրութիւնը, փոխ-օգնութիւնը եւ աստուածային շնորհներու ճիշտ օգտագործումը՝ հոգեւոր կեանքին մէջ պտղաբերելու համար։

Սուրբ Պատարագի աւարտին Տ. Գրիգոր հրաւիրեց պապական նուիրակ Արքեպիսկոպոս Արհ. Տ. Ժոզէ Աւելինօ Պեթթանքուրը իր հայրական խօսքը ուղղելու ներկաներուն: Սրբազան Հայը ըսաւ հետեւեալը.

«Կ’ողջունեմ բոլորդ, որ եկած էք զանազան գիւղերէն, յատկապէս, բոլոր երիտասարդներուն։ Ինծի համար մեծ ուրախութիւն է, որ այսօր ձեզի հետ եմ եւ ձեզ կը տեսնեմ։ Իմ խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնեմ Տ. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեանին։ Սրբոց Նահատակաց մայր տաճարին մէջ բազմիցս հանդիպած եմ Սրբազան Հօր՝ Տ. Ռաֆայէլ Մինասեանին եւ անոր միասին ապրած ենք եկեղեցական շատ գեղեցիկ օրեր։

Շատ ուրախ եմ, որ այսօր ձեզի հետ եմ, քանզի մեր օրը սկսանք աղօթքով։ Ինչպէս Տէր Գրիգորը նշեց, աղօթքը միշտ պիտի ուղղուի Աստուծոյ թէ՛ լաւ, թէ՛ վատ օրերուն։ Ես եկած եմ ձեզ մօտ՝ իբրեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ներկայացուցիչ եւ դեսպան՝ Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ։ Ես ձեզի հետ եմ՝ որպէս հայերու մեծ բարեկամ։ Մշտապէս կը հետեւիմ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իրավիճակին եւ կ’աղօթեմ Հայաստանի եւ Արցախի համար։

Շատ ուրախ եմ այսօր՝ այստեղ բազմաթիւ երիտասարդներ տեսնելու համար։ Երիտասարդները Եկեղեցւոյ յոյսն են։ Մենք շատ լաւ գիտենք, որ այս օրհասական պահուն Հայաստան ապրեցաւ երկու պատերազմ՝ անտեսանելի համաճարակ COVID-19-ը եւ Արցախեան պատերազմը։ Իսկապէս, շատ ծանր ու դժուարին օրեր են բոլորիս համար։ Կ’ուզեմ գիտնաք, որ Սրբազան Քահանայապետը մօտ է ձեզի։ Ան առաջիններէն էր, որ աղօթեց Արցախի խաղաղութեան համար։ Արցախեան պատերազմի 44 օրերու ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը չորս անգամ աղօթեց աշխարհի եւ Արցախի խաղաղութեան համար։ Եւ ոչ միայն Ֆրանչիսկոս Պապը, այլ նաեւ աշխարհի բոլոր եպիսկոպոսներն ու հոգեւոր դասը աղօթեցին աշխարհի խաղաղութեան համար։ Եւրոպական բոլոր լրատուամիջոցները լուրեր տարածեցին այս պատերազմի ընթացքին պատուհասած այն ցաւի մասին, որ ապրեցան հայերը եւ կ’ապրին մինչեւ այսօր։ Շատ մարդասիրական կազմակերպութիւններ կ’աշխատին եւ կը փափաքին օգտակար ըլլալ Հայաստանին եւ Արցախին։ Եւ այս մարդասիրական կազմակերպութիւններու կենդանի տիպարը մենք ունինք այսօր այստեղ՝ յանձինս պարոն Վենսանին։ Ան եկած է Ֆրանսայէն՝ ըսելու համար, որ ամբողջ Կաթողիկէ Եկեղեցին կը ցաւի ձեզի հետ միասին եւ միշտ կ’աղօթէ ձեզի համար։ Ես յստակօրէն կը գիտակցիմ եւ ձեզի հետ միասին կ’ըսեմ, որ կորսնցուցած ենք մեր երեխաները, մեր զինուորները, կորսնցուցած ենք հողերը, բայց մեր յոյսը միշտ պէտք է ըլլայ Աստուած։ Սակայն շատ կարեւոր կէտ մը կայ՝ այն, որ Հայաստանի եւ Արցախի ապագան մե՛նք պէտք է կերտենք, այն մե՛ր ձեռքերուն մէջ է, սակայն այն պէտք է ըլլայ միասնական՝ մեր երիտասարդներուն հետ միասին»։

Այս խօսքերէն յետոյ Սրբազան Հայրը եւ պրն. Վենսան Քայոլ կարճատեւ զրոյց ունեցան Սուրբ Պատարագին ներկայ արցախահայ ընտանիքներուն հետ: Սրբազան Հօր խօսքերը արցախահայերուն հետեւեալն էին.

«Շատ տխուր եմ, քանզի կը գիտակցիմ ներկայիս իրավիճակը, սակայն ուրախ եմ այն բանի համար, որ ձեզ հետ միասին աղօթեցինք Սուրբ Պատարագի ընթացքին։ Կրնամ ըսել մէկ բան, որ մեր սրտերը ձեզ հետ են։ Բոլոր հոգեւորականները ձեր մասին կը մտածեն եւ միշտ կ’աղօթեն, ինչպէս նաեւ՝ Œuvre d’Orient կազմակերպութիւնը, որուն ներկայացուցիչը հիմա այստեղ է։

Առաջին իսկ օրուընէ կը հետեւիմ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կատարուող իրադարձութիւններուն։ Կը ցաւիմ ձեզի համար, մասնաւորապէս, զոհուած զինուորներու եւ կորսուած տարածքներու համար։

Դուք պէտք է ըլլաք համբերատար, որովհետեւ աշխարհ արդէն իսկ փոխուած է։

Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ այն հոգեւորականներուն, որոնք իրենց սրտերը բացած են ձեզի համար։ Համբերատար եւ հանգիստ եղէ՛ք ամէն ինչի մէջ, որովհետեւ համբերութեան պարագային միայն կրնանք ձեռք ձեռքի տալով յառաջ երթալ եւ կառուցել լաւ ապագայ։ Աղօթեցէ՛ք»։

Պապական նուիրակը արցախահայերուն նուիրեց Ն.Ս. Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կողմէ օրհնուած Վարդարանի աղօթահամրիչներ՝ ի նշան աղօթական միութեան եւ օրհնութեան:

Տ. ՅՈՎՍԷՓ ԳԱԼՍՏԵԱՆ

ՆԱՅԻՐԱ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ