ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ՊԷԹԹԷՆԳՈՒՐԻ ԱՅՑԸ ՓԱՆԻԿ

ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿ  ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ՊԷԹԹԷՆԳՈՒՐԻ ԱՅՑԸ ՓԱՆԻԿ

Կիրակի, 6 Դեկտեմբեր 2020-ի յետմիջօրէին, Պապական նուիրակ Գերապայծառ Խօսէ Պէթթէնգուրթ եւ իր քարտուղարը՝ գերյ. Լաթերցա այցելած են Փանիկ գիւղի Ս. Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի։ Անոնք աղօթք բարձրացուցած են առ Աստուած վասն խաղաղութեան հայոց աշխարհի։ Ապա հանդիպում ունեցած են տեղի ժողովրդապետութեան երիտասարդաց եւ տիկնանց միութեան անդամներուն հետ։ Այս առթիւ արտասանած իր սրտին խօսքին մէջ Գերապայծառ Պէթթէնգուրթ ըսած է. «Այսօր ես եկած եմ ոչ միայն ներկայացնելու Նորին Սրբութիւն Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոսը, այլ՝ եկած եմ որպէս բարեկամ կիսելու ձեր հետ ձեր ցաւերը զոր ապրեցաք Արցախեան երկրորդ պատերազմի արհաւիրքի այս ընթացքին։ Վստահ եղէ՛ք, դուք Սրբազան Քահանայապետին եւ աշխարհի բոլոր եպիսկոպոսներուն ինչպէս եւ մեր բոլորիս աղօթքներուն մէջ էք։ Ճիշդ է, որ դուք երկու պատերազմ մղեցիք՝ Քորոնաժահրի դէմ եւ Արցախի հակամարտութիւնները, բայց երբեք յուսաթափ մի՛ ըլլաք եւ մնացէ՛ք համբերատար։ Դո՛ւք էք Եկեղեցւոյ եւ անոր ապագայի յոյսը»։

Հանդիպումին ներկայ եղած է նաեւ Ֆրանսայի «Oeuvre d’Orient» բարեսիրական հաստատութեան ներկայացուցիչ՝ Vincent Cayol։ Հանդիպումին յաջորդած է Լսարանի շէնքէն ներս տեղի ունեցող տօնավաճառի այցելութիւնը, ինչպէս նաեւ առիթը օգտագործելով տեղւոյն ժողովրդապետ՝ գերյ. Հ. Գառնիկ ծ.վրդ. Յովսէփեան հակիրճ բացատրութիւններ տուած է ժողովրդապետութենէն ներս գործող գրասենեակներուն մասին։ Նուիրակը վկայ դարձած է տարուած աշխատանքներուն՝ այցելելով Արհի. Ներսէս Արք. Տէր Ներսէսեանի անուան գրադարանը, Հացի թանգարանը եւ նորակառոյց Կարդինալ Աղաճանեանի անուան սրահը։ Աւարտին, տեղի ունեցած է կոկիկ հիւրասիրութիւն մը։