ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԸ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏՈՒԿ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակի հանդիպումները Երեւանի մէջ

Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպանութիւնը կը տեղեկացնէ որ Դեկտեմբեր 8-ին Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդունած է Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակ, Ժոզէ Աւելինու Պեթանքուր Արքեպիսկոպոսը, որուն նստավայրը Թիֆլիս է։

Զրուցակիցները անդրադարձած են Հայաստանի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ յարաբերութիւններուն, պատմական կապերու, մշակութային ու հոգեւոր ժառանգութեան ընդհանրութեան վրայ հիմնուած համագործակցութեան խորացմանը: Առաքելական նուիրակը նշած է, որ Հայաստան կը գտնուի որպէս Սրբազան Քահանայապետի ներկայացուցիչ եւ երկրի բարեկամ ու իր ցաւակցութիւնները յայտնած է պատերազմի ընթացքին կրած մարդկային կորուստներուն կապակցութեամբ։ Ան աւելեցուցած է, որ Ն․Ս․ Ֆրանչիսկոս, որ առանձնայատուկ յարաբերութիւններ ունի Հայաստանի եւ հայերու հետ, պատերազմի առաջին իսկ օրերուն կարեւորած է խաղաղութիւն հաստատելու անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին նաեւ մտքեր փոխանակուած են պատերազմէն յետոյ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակի, մասնաւորապէս՝ հայ հոգեւոր, պատմական եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան, մարդասիրական շարք մը խնդիրներու շուրջ: Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչը պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու այդ ժառանգութեան պահպանման:

Նախագահ Սարգսեան եւ Արքեպիսկոպոս Ժոզէ Աւելինու Պեթանքուր անդրադարձած են նաեւ ռազմագերիներու եւ պատանդներու վերադարձի հարցին: Հանրապետութեան նախագահը ողջուած է այդ ուղղութեամբ գործադրուող ցանկացած ջանք եւ նշած է, որ միջազգային գործընկերներու առջեւ բազմիցս բարձրացուցած է մարդու իրաւունքի անվերապահ պահպանման, գերութեան մէջ գտնուող հայ զինուորներու եւ քաղաքացիական անձերու անյապաղ վերադարձի խնդիրը: Ան ընդգծած է, որ պիտի շարունակէ այդ ուղղութեամբ ջանքեր գործադրել եւ օգտագործել իր բոլոր հնարաւորութիւնները:

Նոյն օրն Արք․ Ժոզե Պեթանքուր ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ աշխատանքային հանդիպում ունեցած է նաեւ նախարարի տեղակալ Աւետ Ադոնցի հետ։