«ԵԹԷ ԱՍՏՈՒԱԾ ՍԷՐ ՉԷ՝ ՔԱՆ զԱյն ՉԻՔ ՈՔ ՀԷԳ» – Հ. Ղեւոնդ Ալիշան (1820 – 1901)

«ԵԹԷ ԱՍՏՈՒԱԾ ՍԷՐ ՉԷ՝  ՔԱՆ զԱյն ՉԻՔ ՈՔ ՀԷԳ» – Հ. Ղեւոնդ Ալիշան (1820 – 1901)

ՎԱՐԴԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

—————————–

Հ. Ղեւոնդ Ալիշանի գրական անդաստանը բիւրազան երկասիրութիւններու սեւեռակէտն է եղած, ընդհանրապէս:

Անբաւարար պիտի ըլլար, սակայն, եւ նոյնիսկ թերի, մտապարփակել Ալիշանը սոսկ իբրեւ բանաստեղծ ու հնախօս պատմագէտ, ու զանցառել անոր մէջ հոգեւորականը. անտեսել, որ Հ. Ալիշան կրօնաւոր մըն է նախ եւ առաջ, մշտնջենաւոր ուխտերով իր կեանքը նուիրած Աստուծոյ, եւ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած՝ քսան տարեկանին:

Իր վանական ապրումներուն հաղորդ միանձները կը վկայեն, թէ այդ գրական տ  նշողումին համընթաց, դե’ռ աւելի առինքնող է եղած ու հոգեգրաւ կրօնաւորական կեանքը Ալիշանի, որ հրեշտակ մը ինչպէս Քերովբէ անուն, վերթեւելով Վոսփորի ափերէն՝ ժամանած էր Վենետիկ, նոյնանալու Մխիթարի հոգեպատկերին հետ, եւ Ս. Ղազարի մենաստանին մէջ սրբակերտելու իր քայլերը՝ մինչեւ ինքնաբիւրեղացումը իր քահանայական անյեղլի կոչումին:

Նուիրաբերումի ու խոնարհութեան հոգին պիտի ըլլայ գերազանց յայտարարը իր կրօնաւորական սքեմին, որ պիտի արտացոլայ ամբողջ հմայքը այն գաղտնիքին, որով գիտցաւ ընդառաջել միշտ Աստուծոյ կամքին՝ անստուեր ներդաշնակութեամբ:

Պիտի ընդառաջէ ու իր առանձնասենեակին լռութեան մէջ պիտի լսէ ամէն օր դրախտային ոտնաձայնը Աստուծոյ (Գիրք Ծննդոց 3,8), յիշելու յարաժամ իր հէգ անձին բացարձակ խեղճութիւնը ու գիտակցելու երկրաւոր կեանքի դատարկութեան։

Ու վանականը խոնարհ, իր աղօթական լռին պահերուն, պիտի զգայ մարդկային սրտի եւ հոգիի անձկութիւնները ու խոկայ հետագային. «Ստէպ ստէպ ծոցիս մէջ սիրտս կը հառաչէ, կը խռովի ու կը խաղաղի, կը դողայ ու կը սիրէ» (Խորհրդածութիւնք Ընդ Եղեւնեաւ, 1874):

Մտատանջ յոյզեր, որոնք կը պատկերագրեն մարդկեղէն դիմագիծը Ալիշանի. հոգեւորականը՝ անբաժան մարդէն:

 Ահա՛ սիրտ մը, որ կը հառաչէ, բայց նաեւ կը սիրէ ու կը նկրտի ո՛չ միայն բեկանել այդ դատարկութիւնը՝ անյարիր իր միանձնական կեանքի աղօթանուէր տեսլականին հետ, այլեւ՝ վերուղղել իր հայեացքը հունաւորէն դէպի անհունը, եւ թոյլ տալ, որ Աստուծոյ Սէրը կլանէ իր հոգին, հասնելու սիրոյ այն ոլորտը, ուր միայն թոթովել կարելի է Աստուծոյ հետ ու աղօթել՝ առանց բարբառի, որպէսզի վերանայ «մարդը» ու մնայ սոսկ «կրօնաւորը»։

 Մարդ թէ կրօնաւոր, բայց միշտ յափշտակուած աստուածային սիրով, Ալիշան պիտի ըսէ ինքնիրեն համար. «Իբրեւ զնամակ մի կնքեալ կայ սիրտ իմ. ի լուծանել կնքոյն քանի՜ զարմանալիք յայտնեսցին»:

Խորհրդական իմաստ մը կը բովանդակէ սոյն պատկերումը, որ տարիները չկարողացան վերծանել, ուր սակայն կը մնայ ցարդ տապանակուած՝ հոգեյատակը այս մաքրակենցաղ կրօնաւորին, որ կը տոչորի յար եւ նման « սրտով խոնարհ» (Մատթէոս 11,29) Քրիստոսի ուսուցումին, ու յար եւ նման Մխիթարի ազդարարութեան. «Կրօնաւորի մը համար գովեստ մը չէ’, եթէ ըսուի, թէ արագընթաց է… կամ՝ գիտուն. այլ՝ երբ ըսուի, թէ խոնարհ է եւ կամ՝ հնազանդ…» (Խրատք Մխիթարայ. հատոր Բ. մասն բ.) :

Եւ ճիշտ հո՛ս, գիտունէն անդին, կա՛յ յայտնապէս Մխիթարի փնտռած կրօնաւորը խոնարհ, որու անունին՝ այլ վանական մը բանաստեղծ կապեց այս նարօտը գեղեցիկ, թէ Ալիշան՝ դարձուց «Սրբութիւնը կապայ» ( Հ. Վահան Յովհաննէսեան, Հոգիներու Հանգրուան, էջ 40 Վենետիկ-Ս. Ղազար, 1970):

Մինաս Չերազ (1852-1929), արեւմտահայ հրապարակագրութեան մէջ բազմակողմանի դէմք, զուգահեռ մը կատարած է «Պէշիկթաշլեան եւ Ալիշան» վերադիրով, ուր կրօնաւորական սքեմը նկատած է իբրեւ սեւ պատանք մը, որ բանաստեղծին խանդը կը ծայրատէ։

Անպատշաճ հայեցակէտ, Մինաս Չերազի նման անձնաւորութեան մը կողմէ, որ գրականագէտ Հ. Մեսրոպ Ճանաշեան բնութագրած է իբրեւ «ցրուած ոյժ» ( Պատմութիւն Արդի Հայ Գրականութեան, հատոր Ա. էջ 350, Վենետիկ-Ս. Ղազար 1953)    ։

Երբեք։ Ո՛չ մէկ ատեն Հ. Ալիշան հառաչած է իբրեւ իր կոչումէն տժգոհ մէկը. իր հանճարը երբեք կաշկանդուած չմնաց աշխարհազբօս հակումներու ցանցին մէջ։

Մարդկային իմացականութեան ալուցքները թափանցելով հանդերձ, եւ ի հեճուկս իր քերթողական ու հնապատմական հեղինակութիւններուն, Ալիշան համոզուած էր, թէ ոչինչ գիտէր. ու մտաբերելով Մխիթար Աբբահօր խօսքերը, կը կրկնէր անձանձիր. «Իմ վախճան ոչ է հողմավար մարդկային համբաւ, այլ միայն՝ փառք Տեառն իմոյ Աստուծոյ»:

Այդ համբաւը, սակայն, կ’անդրանցնի կամարները Ս. Ղազարի մենաստանին եւ նոյնիսկ սահմանները Վենետիկի՝ անդամ ընտրուելով կամ հռչակուելով եւրոպական երեւելի կաճառներու, մինչեւ «Պատուոյ Լէգէոնը» ֆրանսական ճեմարանին (1886):

Երբ 1897-ին կ’ընտրուի նաեւ անդամ Ենայի Փիլիսոփայական Ճեմարանին, Քելզէր հայագէտը կ’արտորայ իրեն հաղորդելու այդ լուրը՝ ընդհուպ:

Ալիշան կը մերժէ տեսնել ու իր սենեակէն ներս ընդունիլ՝ թաւշապատ գլանի մէջ զետեղուած հաւաստագիրը:

Այդուհանդերձ, կը մասնակցի այս առիթով կազմակերպուած թէյասեղանին, ու կը հաղորդէ ներկայ վանականներուն, թէ համալսարանին պատասխանած է Աւետարանի խօսքերով. « Զի՞նչ ելէք տեսանել յանապատին. եղէ՞գն շարժուն ի հողմոյ» (Մատթէոս. 11,7):

Ալիշան ընտրած էր իր ուղին: Կատարելութեան ճիշտ այդ ուղին, որ նոյնինքն Արարիչը, ի յաւիտենից, գծած էր ու պատգամած Հին Կտակարանին մէջ. «Սո՛ւրբ եղէք, որովհետեւ ես՝ ձեր Տէր Աստուածը՝ սուրբ եմ» (Ղեւտական 19, 2):

«Սրբութիւնը կապայ» գրած էր բանաստեղծ վանականը…

 Ալիշանի կեանքը՝ յիրաւի՝ եղաւ հանապազօրեայ շատրուանումը Մխիթար Աբբահօր արփացեալ հոգիին, նոյնանալով ամէն օր յաւերժակենդան տեսիլքին հետ Սեւանայ Տիրամօր:

Երգեց միշտ երկնային ու անմահական սէրը. փարեցաւ անոր լուսաբաղձ տենչանքով, ու կրցաւ ըսել այնքան իմաստազեղ՝ ինչպէս եւ որքան յանդուգն սա խօսքերը.

«Եթէ Աստուած Սէր չէ՝ քան զԱյն չիք ոք հէգ»:

 

Ալիշանի վերջին օրերը _ 1901

ԲԱՄԲ ՈՐՈՏԱՆ

Բա՛մբ, որոտան բարձուստ բամբիւնք

յԱյրարատեան դաշտն ի վայր,

Արի արանց արիւնք՝

յեռանդ առատանան ի հրազայր,

Հրաւէր հայրենեաց հըռչակի նդհանուր,

Հոգիք Հայկազանց բորբոքին ի հուր,

Որք երկնաւորին պսակին էք կարօտ,

Որք երկնաւորին փառաց երկնայորդ։

Հապ’օ՜ն արի արանց մանկունք,

Հայրենավրէժքըդ Հայկազունք,

Հապ’օ՜ն ի զէ՛ն գունդագունդ

Յեռեալ ի պար թունդ ի թունդ,

Ի զէ՛ն, ի վրէ՛ժ, օ՜ն անդր յառաջ,

Ի զէ՛ն, ի վրէ՛ժ, մի՛ ձախ մի՛ յաջ,

 

Հ. ՂԵՒՈՆԴ ԱԼԻՇԱՆ