Ի՞ՆՉ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿՐՆԱՆՔ ՈՒՆԵՆԱԼ 2021-Ի ՀԱՄԱՐ

Ի՞ՆՉ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ  ԿՐՆԱՆՔ ՈՒՆԵՆԱԼ 2021-Ի ՀԱՄԱՐ

ԶԱՒԷՆ Տ. ՏԻԳՐԱՆԵԱՆ

——————————

Տարեվերջի այս օրերուն, այս հարցադրումը կը հնչէ ընդհանրապէս՝ ամէն քաղաքացիի մտքին մէջ, որպէսզի այդ ակնկալութիւններու լոյսին տակ քննարկէ իր վիճակը, որոշէ իր դիրքը եւ ընտրէ միջոցառումներ, որոնք կրնան օգնել իրեն ընտելանալու տիրող պայմաններուն, շրջանցելու անխուսափելի դժուարութիւնները, ապահովելու գէթ նուազագոյնը գոյատեւելու համար, մանաւանդ երբ Նոր Տարուան սեմին կը գտնուինք։ Սակայն այս հարցումին պատասխան մը փնտռողը մեծ դժուարութեան առջեւ պիտի գտնուի, յատկապէս Լիբանանի պարագային, ուր Քորոնա համաճարակին ստեղծած միջազգային տագնապի հետեւանքներու կողքին, անկումները ահաւոր են տնտեսական, ընկերային, կենսոլորտային, կրթական, պետական ծառայութիւններու, ենթակառուցային եւ բազմաթիւ այլ մարզերէ ներս։ Այսուհանդերձ, ասիկա չի նշանակեր թէ վիճակը շրջանցելու հնարաւորութիւններ չկան, հակառակ անոր որ ներկայիս լիբանանեան հանրութիւնը հսկայ «ապառաժի» մը առջեւ է եւ տակաւին չյայտնուեցան իսկական ուժերը, որոնք ժողովուրդին ճանապարհէն պիտի վերացնեն այդ ապառաժը։ Համայն աշխարհ բազմաթիւ անգամներ յորդորեց ու կը շարունակէ յորդորել իշխանութեան «բարեկարգումներու» ձեռնարկել, ներդրումներ քաջալերելու իսկական քայլերու դիմել, պետական «փտածութիւնը» վերացնել, պետական հիմնարկները մասնագիտական գործունէութեան հաստատութիւններու վերածել… ։ Այս քայլերն են որ պիտի վերացնեն այդ «ապառաժ»ը եւ ճամբայ հարթեն լաւատես ակնկալութիւններու, բայց այժմու իշխանութիւնները կը շարունակեն անտեսել այդ խորհուրդները։

2020-ը կ’աւարտի, իւրաքանչիւրս կը յուսայ որ յառաջիկայ տարին նորութիւն մը կը բերէ եւ մեզ դուրս կը բերէ նկուղէն որուն մէջ խրած ենք, հակառակ անոր որ անկէ դուրս գալու հնարաւորութիւններ չեն յայտնուիր տակաւին։ Տոլարին վերիվայրումը ժողովուրդի ուշադրութեան գլխաւոր առարկաներէն մէկն է եւ դեռ երկար ժամանակ պիտի մնայ։, որովհետեւ մարդիկ անոր մէջ կը տեսնեն կացութեան ցուցանիշ մը եւ հարց կու տան թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ տոլարին գինը եկող տարի։ Նախատեսութիւնները բազմաթիւ են, ընդհանրապէս յոռետես, եւ կը տարուբերին բարձրէն տրամաբանականի միջեւ եւ զարմանալի է որ թիւերը կը հրապարակեն ճանչցուած հիմնարկները։ Օրինակ՝ Bank Of America նախատեսեց 46.500 լիբ. ոսկի, ամերիկեան «Independent» թերթը 17.500 լիբ. ոսկի յայտարարեց։ Այլ դրամատնային հաստատութիւններ կը սպասեն սեւ շուկայի գին 14.500, իսկ դրամատնային գործառնութիւններուն՝ 8000 լիբ. ոսկի։ Անձնապէս այս թիւերը անտրամաբանական կը գտնեմ, հակառակ որ անբացատրելի պատճառներով հաւանական է որ իրականանան։ Բայց պիտի փորձեմ աւելի գործնական գետնի վրայ, տոլարի հաւանական գին գտնել։ Նախ անընդունելի է որ նոյն շուկային վրայ մէկէ աւելի գիներ գոյութիւն ունենան եւ քաղաքացին իր ապրուստը 1500 լ.ո.ի հիման վրայ վաստկի, ու 8250 լիբ. ոսկիի վրայ ծախսէ։ Ենթադրելով, որ անպայմանօրէն տոլարի մէկ սակ պիտի որոշուի, բնական է հարց տալ թէ ի՞նչ կրնայ ըլլալ այդ մէկ գինը։ Տոլարի գինին որոշումը կախեալ է շուկայի վրայ կանխիկ տոլարի պահանջարկէն եւ ծախսելու քանակէն․ հետեւաբար որքան տոլար պահանջուի եւ փոխարէն ծախող չգտնուի, գինը պիտի բարձրանայ կամ հակառակը։ Ուստի եթէ պահանջարկը շարունակուի այժմու դրութեամբ, սակը պիտի մնայ 8500-ի շուրջ կամ քիչ մը աւելի, եթէ անվստահութեան եւ ընդվզումի մթնոլորտը շարունակուի իշխանութեան անտարբերութեան հանդէպ, իսկ եթէ կառավարութիւն կազմուի եւ սկսին բանակցութիւնները Միջազգային Արժոյթի հիմնադրամին հետ՝ օժանդակութիւն ստա-նալու համար, կ’ակնկալուի թէ 2-էն մինչեւ 5 միլիառ տոլարի փոխանցում կատարուի․այս պարագային տոլարին գինը կը հաւասարակշռուի 4-էն 6 հազարի միջեւ եւ աւելի նուազ, եթէ ՍԵՏՐի համագումարի նման միջազգային հաւաք իրականանայ Լիբանանի օժանդակութեան համար, անշուշտ բարեկարգումներու գործադրութենէն ետք։

Ինչպէս կը յայտնուի, լաւատես ակնկալութիւնները պայմանաւորուած են եւ իրականանալու հաւանականութիւն չունին այս օրերուն եւ այնքան ատեն որ տիրող վիճակը, քաղաքական քանդիչ պայքարները, փտածութիւնն ու անձնական շահագործումները կը շարունակուին, ինչ որ երկիրը կ’առաջնորդէ աւելի ծանր նահանջի։ Դժբախտաբար, կարելիութիւն չստեղծուեցաւ մինչեւ օրս խաղաղ եւ շինիչ միջոցառումներով կործանարար վիճակէն անցում կատարելու դէպի բարգաւաճում, եւ ժողովուրդը տոլարի սակով մտահոգ պահելու փոխանակ, թափ տալու աշխատանքային եւ ներդրումային նախաձեռնութիւններու եւ յուսադրիչ ակնկալութիւններու մթնոլորտ ստեղծելու՝ տնտեսական եւ ընկերային բազմաթիւ մարզերէ ներս։

Անկարելի բան չկայ, ճիշդ է, դժուար ճանապարհ է, սակայն ընդհանուր նահանջը արգելակելու, իրավիճակը բարելաւուած տեսնելու ձգտումը եւ յոյսը կորսուած չեն, ապահովելու համար ապագայ սերունդներու բարգաւաճ կեցութիւնը այս գեղեցիկ հայրենիքին մէջ։ Կը բաւէ որ բարին յաղթէ չարին, միասնականութիւն եւ իսկական համերաշխութիւն տիրէ։