ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԴԻՄԱՆԿԱՐԸ

ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԴԻՄԱՆԿԱՐԸ

Վարդգէս Սուրէնեանցի ամենայայտնի իւղաներկ կտաւներէն մէկը` «Խրիմ­եան Հայ­րիկ Կաթողիկոսի դիմանկարը» կը պատկերէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Մկրտիչ Խրիմ­եանը այն պահուն, երբ ան կը ստանայ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ գոյքը բռնա­գրա­ւելու վե­րա­բերեալ Ռուսաստանի Ցար Նիքոլայ II-ի տխրահռչակ հրովարտակը (1903 թուականի Յու­նիս 12): Փաս­­տացի ասիկա կը նշանակէր հայկական դպրոցներու անյապաղ փակում ռուսա­կան կայսրութեան տարածքին: Լաւ ծանօթ ըլլալով անոր բովանդակութեան, Վեհափառը իր ոտքե­րուն առջեւ կը նետէ չբացուած նամակը, որուն բովանդակութեան մասին պատմած էր ին­քը` նա­­մակաբերը` նոյն այդ օրէնքի նախաձեռնողներէն մէկը, իր հայատեացութեամբ յայտնի Երե­ւանի նահանգապետ, իշխան Միխայիլ Նակաշիձէն: Կեղծ ցաւակցու­թեամբ դիմելով կաթողիկոսին, իշխանը ըսած է.
– Վեհափա՛ռ, ստիպուած եմ կատարելու օրէնքը, այլապէս ի՞նչ պատասխան պէտք է տամ Աստուծոյ եւ երեք զաւակներուս առջեւ:
Հարցումին հարցումով կը պատասխանէ Խրիմեան.
– Իսկ ես ի՞նչ պատասխան պէտք է տամ իմ երեք միլիոն զաւակներուն առջեւ, պա­րոն նահանգապետ:
Այդ տեսարանի ականատեսները յետագային կը գրեն իրենց յուշերուն մէջ, որ երբ Նա­կա­շիձէն դուրս եկաւ վեհարանէն` Ցարի հրամանը անմիջապէս կատարելու պատ­րաստակա­մու­թեամբ, Վեհափառը ձեռքերը դէպի երկինք բարձրացուց եւ արտասանեց ժամանակին մեծ հնչե­ղութիւն ստացած իր յայտնի նզովքը ռուսական միապետութեան. «Թող կործանի՛ այս աստուա­ծընդդէմ ու բանտածուար կայսրութիւնը»: Ինչպէս յետա­գա­յին պարզ դարձաւ` այդ խօսքերը մարգարէական էին:
1903-ին ընդունուած այդ հակահայկական օրէնքը նպատակ ունէր Հայոց եկեղեցին, դպրոց­­ներն ու մշակութային օճախները զրկել նիւթական օժանդակութենէ եւ արագա­ցնել հայ ժողո­վուրդի ձուլումը` սպիտակ ջարդի համար պարարտ հող նախապատրաստելով: Վեհափառին կոչով հայութիւնը դուրս եկաւ պայքարի: Այսրկովկասի հայաբնակ շրջաններուն մէջ տեղի ու­նեցան ցոյցեր ու զինուած բախումներ: 1903-ի Հոկտեմբեր 10-ին, Թիֆլիսի մէջ, հնչակեանները կազմակերպեցին օրէնքի գլխաւոր նախաձեռնող Կովկասի կառավարչապետ Գոլիցինի մա­հա­­փորձը։ Իսկ արդէն 1905-ի Փետրուարին վերոյիշեալ Նակաշիձէի նախաձեռնութեամբ կազմա­կեր­պուեցաւ հայերու ջարդ կովկասեան թաթարներու` այսինքն` ազրպէյճանցիներու ձեռամբ:
Այս արիւ­նալի բա­խումներէն քանի մը ամիս անց` 1905-ի Մայիսին, Պաքուի կեդրոնական հրապա­րա­կին վրայ 21-ամեայ հայ երիտասարդ Դրօն (Դրաստամատ Կանայեան) կը ռմբա­հարէ իշխան Միխայիլ Նակաշիձէի կառքը, այդպիսով լուծելով անմեղ նահատակներու վրէժը:
1905 Օգոստոս 1-ին Նիկոլայ II Ցարը կը ստորագրէ հրամանագիր, ըստ որուն` Հայ Առա­քելական եկեղեցւոյ կը վերադարձուէր իր գոյքը եւ կրկին կը թոյլատրուէր վերաբանալ հայ­կա­կան դպրոցները Ռուսական կայսրութեան տարածքին:

Ն.Է.Ն.