ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ ՄԱՍԻՆ ԲԱՆԱՁԵՒԻ ՆԱԽԱԳԻԾԸ

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ ՄԱՍԻՆ  ԲԱՆԱՁԵՒԻ ՆԱԽԱԳԻԾԸ

Ֆրանսայի Ծերակոյտը 305 թեր, 1 դէմ եւ 30 ձեռնպահ քուէներով որդեգրեց Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչնալու անհրաժեշտութեան մասին բանաձեւի նախագիծը: Ֆրանսացի ծերակուտականները Ծերակոյտի նախագահի յայտարարութիւնը ընդունեցին յոտնկայս ծափահարութիւններով:

Ծերակոյտը բանաձեւով կառավարութեան կոչ կ’ուղղէ ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը եւ այդ ճանաչումը բանակցութիւններու գործիք դարձնելու կայուն խաղաղութեան հաստատման համար:

Բանաձեւը ինքնին իրաւական ուժ չունի, անիկա խորհրդատուական բնոյթի փաստաթուղթ է: Արցախի ճանաչման վերջին խօսքը կը պատկանի Ֆրանսայի կառավարութեան:

Բանաձեւը Ծերակոյտի քննարկման ներկայացուած էր 18 նոյեմբերին Ծերակոյտի խմբակցութիւններու անդամ հինգ ծերակուտականներու՝ Պրիւնօ Ռեթայլոնի (հանրապետականներու ղեկավար), Փաթրիք Քանների, Էրվէ Մարսելի (Կեդրոնի միութիւն խումբի ղեկավար), ինչպէս նաեւ Էլիան Ասասիի եւ Կիոմ Կոթարի կողմէ: