ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԸ ԽՈՐ ՍՐՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԸ ԽՈՐ ՍՐՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

Հինգշաբթի, 12 Նոյեմբեր 2020-ի առաւօտեան, Ն. Ս. Ֆրանչիսկոս Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Թեմի Վիճակաւոր եւ Մխիթարեան Միաբանութեան Քահանայապետական Պատուիրակ, Գերպ․ Լեւոն Արք. Զէքիեանը, ընկերակցութեամբ Ս. Ղազարու Մայրավանքի պատասխանատու փոխանորդ՝ Հ. Համազասպ Վրդ․ Քէշիշեանի։

Քահանայապետը, Գերպ․ Զէքիեանին հետ առանձնազրոյցի ընթացքին, մօտէն հետաքրքրուեցաւ Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքին եւ Մխիթարեան Միաբանութեան հարցերով, ինչպէս նաեւ Արցախի պատերազմէն եւ զինադադարէն ետք ստեղծուած իրավիճակով։

Տ․ Լեւոն Արք․ Զէքիեան Քահանայապետին ներկայացուց համայնքին ներկայ քանակութեան, իրաւական եւ հովուական կազմակերպութեան մասին տեղեկութիւններ։ Ան բնութագրեց Միաբանութեան ներկայ վիճակն ու հարցերը եւ անդրադարձաւ Միաբանութեան ընդհանուր թիւին՝ համեմատութեամբ նորընծայ եւ ուխտեալ կոչումներու յուսադրիչ աճին։ Արցախի առնչութեամբ Գերպ․ Զէքիեան շեշտեց յատկապէս այս եւ նման ազգամիջեան հարցերու նկատմամբ իրաւական արդար լուծումի մը կարիքը եւ անդրադարձաւ անտուն մնացած եւ ցրուած արցախցի ժողովուրդին օգնութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի հայ քրիստոնեայ յուշարձաններուն պահպանման հարցերուն։ Սրբազան Քահանայապետը իր խոր սրտակցութիւնը յայտնեց Հայ ժողովուրդին։

Կէս ժամ տեւող ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը իր մասնաւոր օրհնութիւնը շնորհեց Մխիթարեան Միաբանութեան, Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ հօտին, բովանդակ հայութեան եւ յատկապէս Արցախի վշտակիր ժողովուրդին։

Վատիկան Նիուզ