ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՄԱՐ Ն. Ս. ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉԵՐԸ

ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՄԱՐ Ն. Ս. ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉԵՐԸ

Տ. ՅՈՎՍԷՓ ԳԱԼՍՏԵԱՆ

——————————-

«Ճշմարիտ կրօնական արժէքներ դաւանելը բոլորովին անհամատեղելի է սեփական տեսակէտդ բռնութեան միջոցով ուրիշներուն պարտադրելու փորձի հետ՝ օգտագործելով Աստծու սուրբ անունը՝ որպէս զէնք»:

 

Համառօտ Վերլուծութիւն

Կիրակի՝ Նոյեմբեր 1-ին Հրեշտակ Տեառն աղօթքը ըսելէ յետոյ Ն. Ս. Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը դարձեալ անդրադարձաւ արցախեան պատերազմին: Ան ըսաւ հետեւեալը.

«Չմոռնա՛նք այն ինչ կը պատահի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ուր իրար կը յաջորդեն զինուած բախումները՝ դիւրաբեկ հրադադարներով, զոհերու թիւի ողբերգական աճով, քաղաքացիական բնակավայրերու, ենթակառուցուածքներու եւ աղօթավայրերու կործանմամբ եւ քաղաքացիական բնակչութեան աւելի ու աւելի զանգուածային ներգրաւմամբ: Ասիկա ողբերգութիւն է: Կ’ուզեմ վերստին ի սրտէ դիմել հակամարտութեան պատասխանատու կողմերուն, որպէսզի հնարաւորինս շուտ միջամտեն՝ կանխելու անմեղ արեան հեղումը: Թող անոնք չմտածեն բռնութեան միջոցով հակամարտութիւնը լուծելու մասին, այլ նուիրուին անկեղծ բանակցութիւններու՝ միջազգային հանրութեան աջակցութեամբ: Ես կը յայտնեմ իմ մտերմութիւնը բոլոր տառապեալներուն եւ կը խնդրեմ բոլորէն՝ դիմելու սուրբերու բարեխօսութեան՝ այդ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան համար աղօթքով», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը:

Յիշեցնեմ, որ արցախեան պատերազմի ընթացքին ասիկա Նորին Սրբութեան երկրորդ ելոյթն էր եւ աղօթքը՝ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման եւ խաղաղութեան համար: Առաջին անգամ Ան խօսած էր պատերազմի երկրորդ օրը՝ Սեպտեմբեր 28-ին: Ան կոչ ուղղած էր լուծում գտնելու «ոչ թէ բռնութեան եւ զէնքի միջոցով, այլ՝ երկխօսութեան եւ բանակցութիւններու» եւ խնդրած էր աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներէն՝ իր հետ միասին աղօթել կովկասեան տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման համար: Երկրորդ անգամ Քահանայապետը արցախեան գոյամարտին անդրադարձաւ Հոկտեմբեր 11-ին՝ այդպէս ալ չկայացած հրադադարի յայտարարումէն անմիջապէս յետոյ՝ ըսելով.

«Ես բարձր գնահատեցի, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ համաձայնուած մարդասիրական նկատառումներու համար հրադադարը՝ խաղաղութեան էական համաձայնութեան յանգելու նպատակով: Հակառակ անոր, որ ապացուցուեցաւ, թէ զինադադարը կը մնայ չափազանց փխրուն, ես կը խրախուսեմ դարձեալ դիմել ատոր, եւ կ’արտայայտեմ մասնակցութիւնս մարդկային կորուստներու ցաւին, կրած տառապանքներուն, ինչպէս նաեւ՝ տուներու եւ աղօթատեղիներու կործանման համար: Ես կ’աղօթեմ եւ կը խնդրեմ աղօթել զոհերու եւ բոլոր անոնց համար, որոնց կեանքը վտանգի մէջ է»:

Հռոմի Սրբազան Քահանայապետը՝ որպէս Քրիստոսի Ընդհանրական՝ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդ, որպէս Վէմ Եկեղեցւոյ, ըստ տէրունական հաստատութեան, որպէս Սուրբ Պետրոս առաքեալի յաջորդ, ունի առաքելութիւն՝ աղօթելու եւ աշխատելու ամբողջ աշխարհի մէջ եւ բոլոր ազգերու միջեւ խաղաղութեան, երկխօսութեան եւ եղբայրական յարաբերութիւններու հաստատման համար: Ան մշտապէս համարձակ կերպով կը խօսի ընդդէմ բռնութեան, պատերազմներու, մարդու իրաւունքներու ոտնահարման, շահագործման, ահաբեկչութեան, զէնք արտադրող եւ վաճառող, պատերազմ սանձազերծող խումբ մը հարուստներու տմարդի վարքագիծին դէմ, կը շեշտէ հայրենի հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներու, ազգային ինքնութեան պահպանութեան սկզբունքները, որոնք հիմնուած են Սուրբ Գիրքի եւ Սրբազան Աւանդութեան վրայ: Քահանայապետը ունի աստուածադիր առաքելութիւն՝ հոգ տանելու երկրի վրայ ապրող իւրաքանչիւր մարդ արարածի մասին՝ անկախ կրօնէն եւ ազգութենէն, արդար կամ ամբարիշտ նկարագրէն, սէր գործադրելու եւ քարոզելու իւրաքանչիւրի՛ հանդէպ՝ ըստ Տիրոջ պատուիրաններուն եւ Աւետարանի տրամաբանութեան:

2016-ին կովկասեան տարածաշրջան կատարած իր այցելութիւնը Նորին Սրբութիւնը սկսաւ Հայաստանէն, ուր ծաւալուն կերպով խօսեցաւ խաղաղութեան մասին եւ աւարտեց Ազրպէյճանի մէջ, ուր, իր խօսքը ուղղելով Իլհամ Ալիեւին եւ Ազրպէյճանի քաղաքական, կրօնական ղեկավարութեանը, ըսաւ հետեւեալը. «Ճշմարիտ կրօնական արժէքներ դաւանելը բոլորովին անհամատեղելի է սեփական տեսակէտդ բռնութեան միջոցով ուրիշներուն պարտադրելու փորձին հետ՝ օգտագործելով Աստծու սուրբ անունը՝ որպէս զէնք»:

Վստահ եմ, որ Իլհամ Ալիեւը եւ Ազրպէյճանի քաղաքական վերնախաւը ոչինչ քաղեցին մեծ խաղաղասէրի այդ ելոյթէն եւ ակնարկներէն, ինչպէս այսօր ալ կը շարունակեն չլսելու տալ ոչ միայն Նորին Սրբութեան խաղաղասիրական կոչերը, այլեւ իրենց սեփական ժողովուրդի ողբալի աղաղակը: Ցաւօք, Սրբազան Քահանայապետի կոչերուն անհաղորդ կը մնան նաեւ աշխարհի աւելի մեծ խաղցողները, որոնք կը հետեւին միայն իրենց պատեհական շահերուն եւ հաշուարկներուն: Պետրոսի յաջորդի ձայնը կը մնայ որպէս «ձայն բարբառոյ յանապատի», զոր ոչ ոք կ’ուզէ լսել, քանի որ ճշմարտութիւնը միշտ դառն է կեղծիքի մէջ ապրողներուն համար:

Սրբազան Քահանայապետի կովկասեան տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն կառուցելու յոյսը կապուած է հայ երիտասարդութեան հետ. միայն անոնք կրնան հասկնալ նոյնիսկ թշնամիին ներելու աւետարանական վսեմ եւ աստուածադիր սկզբունքը: 2016-ի Յունիս 26-ին, Երեւանի հրապարակին վրայ, Ն. Ս. Ֆրանչիսկոս հայ երիտասարդներուն յիշեցուց Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի տողերը.

«…Կ’ուզեմ յիշել Քրիստոսի խաղաղութեան մեծ վկան եւ գործիչը՝ սուրբ Գրիգոր Նարեկացին, որուն Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակեցի: Ան կրնար յայտարարուիլ նաեւ «Խաղաղութեան Վարդապետ»: Ան այսպէս գրած է այդ արտասովոր Գիրքին մէջ, զոր կը սիրեմ անուանել որպէս «հայ ժողովուրդի հոգեւոր սահմանադրութիւն». «Յիշէ՛, [Տէր,…] անոնց, որոնք մարդկային ցեղին մէջ մեր թշնամիներն են, սակայն անոնց բարիքին համար. անոնց մէջ իրագործէ ներում եւ ողորմութիւն […] Մի՛ վերացներ անոնց, որոնք ինձ կը խածնեն. կերպարանափոխէ՛: Արմատախիլ ըրէ՛ աշխարհիկ ախտաւոր ընթացքը եւ տնկէ բարին իմ եւ անոնց մէջ» («Մատեան Ողբերգութեան», 83, 1-2): Նարեկացին … դարձաւ «ամբողջ աշխարհի աղօթամատոյցը» (Նոյն, 28,2): Անոր այսպիսի ընդհանրական զօրակցութիւնը մարդկութեան հետ՝ քրիստոնէական մեծ պատգամ է խաղաղութեան, ներդաշնակ ճիչ, որ բոլորին համար ողորմութիւն կը հայցէ: Տարբեր երկիրներու մէջ ներկայ հայերը, որոնց եղբայրաբար կը գրկեմ այստեղէն, այս հաղորդութեան իղձին թող ըլլան պատգամաբերներ: Ողջ աշխարհը ձեր այս քարոզչութեան կարիքն ունի, ձեր ներկայութեան կարիքն ունի, ձեր ամենաջինջ վկայութեան կարիքն ունի: Խաղաղութիւն բոլորին»:

Հետեւաբար, լաւ ըմբռնելով Ընդհանրական Եկեղեցւոյ առաջնորդի առաքելութիւնն ու դերը՝ մարդկային հասարակութեան եւ փրկագործութեան աստուածային տնօրինութեան մէջ, վստահ ենք, որ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ իր զաւակի կորուստը սգացող իւրաքանչիւր մօր արտասուքը նաեւ անո՛ր արտասուքն է՝ որպէս հոգեւոր հօր եւ Քրիստոսի առաքելութեան շարունակողի, իւրաքանչիւր արկ, որ կը պայթի Արցախի մէջ, կը պայթի նաեւ անո՛ր սրտին մէջ, իւրաքանչիւր հայի փափաքը՝ յաղթանակի, արցախցիի կեանքի անվտանգութեան պաշտպանութեան եւ խաղաղութեան հաստատման նախ եւ առաջ անո՛ր փափաքն է:

Լայնախոհ եւ անկեղծ աղօթքով միանա՛նք Քահանայապետի աղօթքներուն: