ԼԵՀ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈՒՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐՑԱԽԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

ԼԵՀ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈՒՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐՑԱԽԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

2020 թուականի Նոյեմբեր 14-21-ը Լեհաստանէն Հայաստան ժամանեց Լեհաստանի եպիսկոպոսաց համաժողովի Արեւելեան Եկեղեցիներու օգնութեան բաժնի տնօրէն՝ Գերապատիւ Հ. Լեշէք Վրդ. Կրիշան՝ ուղեկցութեամբ Սոչիի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Գերյ. Հ. Ռաֆայէլ Ծ. Վրդ. Կրաւչիկի:

 Ուրբաթ, 20 Նոյեմբեր, 2020 թուական. Երեւանի Զմմառու Աստուածամօր Հայ Կաթողիկէ մատրան մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ ձեռամբ՝ Գերապատիւ Հ. Լեշէք վրդ. Կրիշայի, առընթերակայութեամբ Գերյ. Հ. Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանի եւ Գերյ. Հ. Ռաֆայէլ Ծ. Վրդ. Կրաւչիկի: Սուրբ Պատարագին ներկայ էին Հայաստանի մէջ Լեհաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պր. Պաւել Չեպլակ, Հայաստանի մէջ Լեհաստանի դեսպանատան բաժնի ղեկավար, Լեհաստանի Հանրապետութեան Հիւպատոսութեան եւ Պոլոնիայի հարցերով բաժնի ղեկավար, հիւպատոս, Առաջին խորհրդական՝ Պր. Բարտոշ Եապլոնսկին, ինչպէս նաեւ Երկրորդ քարտուղար, փոխհիւպատոս՝ Պր. Եարոսլաւ Ստրիխարսկին:

 Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն յետոյ Լեհաստանի դեսպանատան ամբողջ անձնակազմը հանդիպում ունեցաւ Արհի. Տէր Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի հետ: Պր. Պավել Չեպլակ իր խօսքին մէջ առողջութիւն եւ երկարակեցութիւն մաղթեց Սրբազան հօր: Սրբազան հայրն ալ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց լեհ ժողովուրդին՝ իրենց ցուցաբերած աջակցութեան համար, մասնաւորապէս Արցախի պատերազմական իրավիճակէն յետոյ, յոյս յայտնելով, որ երկու ազգերու միջեւ յարաբերութիւնները կ’ըլլան շարունակական ի նպաստ հայ եւ լեհ ժողովուրդներու:

 Գերապատիւ Հ. Լեշէք վրդ. Կրիշան այցելութեան նախավերջին օրը քանի մը խօսքով ամփոփեց Հայաստանի մէջ անցուցած իր օրերը: Ի պատասխան այն հարցումին, թէ ո՞րն է իր այցելութեան նպատակը ան պատասխանեց. «Իմ եւ Լեհաստանի Եպիսկոպոսաց գլխաւոր համաժողովի կարեւորագոյն նպատակն է՝ ըլլալ համերաշխ արցախահայերու եւ լեհ ժողովուրդներու հետ: Կը փափաքէի ականատես ըլլալ յետ-պատերազմական իրավիճակին եւ անձամբ հանդիպիլ արցախահայերուն՝ հասկնալու համար իրենց մտահոգութիւններն ու հոգսերը: Զրուցել հայ կաթողիկէ հոգեւորականներուն հետ, որոնք նոյնպէս իրենց աջակցութիւնը կը ցուցաբերեն Հայաստան գտնուող արցախահայերուն: Մեր նպատակն է օժանդակել Արեւելեան եկեղեցիներու մաս կազմող արցախցիներուն»:

Ի պատասխան երկրորդ հարցումին, թէ ինչպիսի՞ն է իր անձնական տպաւորութիւնները, ան պատասխանեց. «Մեծ ցաւ եւ տառապանք կ’ապրիմ, երբ ամէն տեղ կը տեսնեմ նահատակուած զինուորներու անուններով ժապաւէնները: Կը ցաւիմ զոհուած զինուորներուն համար եւ կը ցաւակցիմ իրենց հարազատներուն, ինչպէս նաեւ կորսնցուցած այն տարածքներուն համար, որոնց մասին արցախահայերը մշտապէս կը խօսին հանդիպումներու ընթացքին:

Երկրորդ բանը որ կը զգամ, ատիկա հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եռանդուն ներգրաւածութիւնն է արցախահայերուն անշահախնդիր օգնելու գործին մէջ՝ նոյնիսկ փոքր միջոցներով, բայց մեծ սրտով եւ ուրախութեամբ: Ներգաղթեալները ոչ միայն ընկերային աջակցութիւն, այլեւ ամենակարեւորը՝ հոգեւոր սնունդ կը ստանան հայ կաթողիկէ հոգեւորականներու կողմէ»:

Եւ վերջին հարցումին ի պատասխան, թէ ո՞րն է ձեր յետագայ քայլերը արցախահայերուն աջակցութեան գործին մէջ՝ վարդապետը պատասխանեց. «Ապագային մեր օգնութիւնը կախուած է անոնց յետագայ կեանքէն, քանի որ դեռ եւս չգիտենք, թէ Արցախի մէջ իրավիճակը ի՞նչ զարգացում կրնայ ունենալ:

Ներգաղթեալները պէտք է կարգաւորեն իրենց կեանքը Հայաստանի մէջ եւ փորձեն ապրիլ բնականոն կեանքով, քանի որ վերադարձի ճամբան պղտոր է:

Ամփոփելով խօսքս, կ’ուզեմ ըսել, որ պէտք է գործադրեմ բոլոր հնարաւորութիւններս՝ օգնելու արցախահայերուն եւ խրախուսել Լեհաստան բնակող հայ ժողովուրդը՝ ցուցաբերելու իրենց օգնութիւնը, ինչպէս նաեւ օգտագործել ամէն հնարաւորութիւն՝ ներգրաւելու Լեհաստանի Քարիթասը՝ նեցուկ ըլլալու այս աստուածահաճոյ առաքելութեանը»:

Այնուհետեւ, Հայաստան այցի նախաձեռնութեան եւ յետագայ ընելիքներու մասին խօսեցաւ Սոչիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Գերյ. Հ. Ռաֆայէլ Ծ. Վրդ. Կրաւչիկը. «Պատերազմը սկսելէ ի վեր, ցանկութիւն ունէի ինչ-որ ձեւով օգտակար ըլլալ Հայաստանի եւ Արցախի համար: Կը փորձէի համացանցէն պատերազմի վերաբերեալ տեղեկութիւններ հաւաքել, որպէսզի հասկնայի, թէ ինչպէս կրնամ օգնել արցախահայերուն: Առաջին կարգին կապ հաստատեցի Լեհաստանի Եպիսկոպոսաց Համաժողովի Արեւելեան Եկեղեցիներու օգնութեան բաժնի տնօրէն՝ Հայր Լեշէք Վրդ. Կրիշայի հետ, եւ ներկայացնելով Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տիրող իրավիճակի մասին՝ խնդրեցի իր օգնութիւնը: Հայր Լեշէք մեծ ուրախութեամբ պատրաստակամութիւն յայտնեց կեանքի կոչել իմ այս գաղափարը: Եւ ասիկա եղաւ մեր համատեղ աշխատանքի առաջին քայլը: Միեւնոյն ժամանակ ես, որպէս՝ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդութեան հոգեւորական, որոշեցի գրել ուղերձ՝ ուղղուած Լեհաստանի կաթողիկէ հաւատացեալներուն:

Մի քանի օր անց Հայր Լեշէք զանգահարեց ինձ եւ ըսաւ, որ մենք պէտք է անպայման երթանք Հայաստան: Հակառակ համավարակի այս դժուարին պայմաններուն՝ Աստուծոյ օրհնութեամբ մենք կրցանք ժամանել Հայաստան:

Իմ ցանկութիւնն էր, որ որքան հնարաւոր է, կարողանամ ցոյց տալ եւ ներկայացնել Հայաստանի եւ Արցախի իրավիճակը եւ այդ ընել միմիայն Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանի հետ միասին: Այդ ժամանակ կապ հաստատեցի Արհ. Տէր Ռափայէլ Արքեպս. Մինասեանի հետ եւ ներկայացուցի մեր ծրագիրները:

 Իսկ ինչ կը վերաբերի իմ ապրումներուն, ապա պիտի ըսեմ, որ ես մեծ ցաւ կ’ապրիմ տեսնելով Արցախի եւ Հայաստանի մէջ ապրող մարդոց հոգեվիճակը:

 Ինչպէս նշեց հայր Լէշէք, ես նոյնպէս կը գործադրեմ ամէն հնարաւորութիւն օգնելու եւ սատար կանգնելու հայ ժողովուրդին»:

 Մեր խորին եւ սրտագին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք լեհ հոգեւորականներուն եւ ժողովուրդին՝ իրենց անմիջական օգնութեան եւ աջակցութեան համար:

Գերյ. Հայր ԳԱՌՆԻԿ Ծ. Վրդ. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Փանիկի Սուրբ Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետ,

Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդաց միութեան նախագահ

 

***

Արցախէն տեղահանուած եւ Հայաստան ապաստանած արցախահայ փախստականներուն օգնելու նպատակով Հայաստան այցի ծիրէն ներս, Լեհաստանի կաթողիկէ եպիսկոպոսներու խորհրդաժողովի Արեւելեան Եկեղեցիներու օգնութեան բաժնի պատասխանատու Հայր Լեշէք վրդ. Կրիշան՝ ուղեկցութեամբ Ռոստովի հայ կաթողիկէներու ժողովրդապետ Հ. Ռաֆայէլ վրդ. Կրավչիկի, այցելեցին նաեւ Գիւմրի, զրոյց ունեցան տեղի հայ կաթողիկէ հոգեւորականներու հետ, «Հայկական Կարիտաս» բարեսիրական կազմակերպութեան կեդրոնական գրասենեակին մէջ ծանօթացան արցախահայ տեղահանուածներուն ցուցաբերուող մարդասիրական օգնութեան ծրագիրներուն, արցախահայութեան խնդիրներուն, այցելեցին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ «Աղաջանեան» ճամբար, ուր ապաստանած են քանի մը արցախահայ ընտանիքներ: Հոգեւորականները այցելեցին նաեւ Հայկական Կարիտասի՝ Արտաշատի գրասենեակ, ուր եւս Հայկական Կարիտասը աջակցութիւն կը ցուցաբերէ արցախահայ հարիւրաւոր տեղահանուած ընտանիքներու, որոնք ապաստանած են Արարատի մարզ:

Հայր Լեշէք վրդ. Կրիշա, Հայր Ռաֆայէլ վրդ. Կրավչիկ եւ Հայր Գառնիկ ծ. վրդ. Յովսէփեան միասին մատուցեցին Սուրբ Պատարագներ՝ Արցախի մէջ զոհուած հայ նահատակ զինուորներուն համար՝ Գիւմրիի Սրբոց Նահատակաց Մայր Տաճարին մէջ, Ազատանի եւ Փանիկի եկեղեցիներու մէջ, տեղւոյն վրայ ծանօթացան համայնքներու խնդիրներուն եւ հոգեւոր զարգացման հնարաւորութիւններուն: