ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ԵՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ

ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ԵՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ

Հովանաւորութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, Կիրակի, 22 Նոյեմբեր 2020-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Արցախի Նահատակաց եւ Հերոսներու յիշատակի օրուան առթիւ՝ Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց Լեւոնեան Ք. Հայ կաթողիկէ վարժարանի Մեծաւոր՝ Գերյ. Նարեկ ծ. վ. Նաամոյեան։

Յաւուր պատշաճի, քարոզի ընթացքին մեծաւոր վարդապետը նշեց. «Մենք՝ հայերս Ս. Յարութեան զաւակներն ենք։ Այո՛ պատերազմական կորուստի ենթարկուեցանք, սակայն մենք ենք ու կը մնանք ընդմիշտ յաղթականներ ի Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոս։ Փառք եւ պատիւ մեր անմահ Նահատակաց»։

Սուրբ Պատարագի աւարտին, հոգեւոր դասն ու հաւատացեալները ուղղուեցան վարժարանիս հրապարակը, ուր Խաչքարին շուրջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն ու մոմավառութիւն նահատակներու հոգիներուն համար։

Օրուան հոգեպարար արարողութիւններուն մասնակցեցան՝ Երեւանի Սրբոց Հրեշտակապետաց Միացեալ Հոգեւոր ճեմարանի փոխ տեսուչ՝ Գեր. Պետրոս վրդ. Մարաշլեան, Ս. Աթոռի մօտ, Հ. Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիար Կարէն Նազարեան, Անարատ Յղութեան Առաքինազարդ հայ քոյրերը գլխաւորութեամբ՝ միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորուհի՝ Առաքինափայլ Մայր Արուսեակ Սաճոնեանի, եւ բազմաթիւ Հռոմաբնակ հաւատացեալներ։

ՓԱՌՔ ԵՒ ՊԱՏԻՒ ՄԵՐ ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒՆ։ ԱՂԱՉԵՍՑՈՒՔ ԶՓՐԿԻՉՆ ՄԵՐ ՔՐԻՍՏՈՍ ԶԻ ԶՆՈՍԱ ԸՆԴ ԱՐԴԱՐՍՆ ԴԱՍԵՍՑԷ։

 Լեւոնեան Ք. Հայ Կաթողիկէ վարժարան